ԱՌԱՆՑ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ յայտարարեց, որ իր երկիրը առանց վերապահումներու կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։

Երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Իրակլի Քոպախիծէն, որ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Բացի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն, Քոպախիծէ օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին կողմէ։ Երկու վարչապետները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Քոպախիծէ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Մինչ այդ, երկու վարչապետները այցելեցին Երեւանի մէջ Վրաստանի նոր դեսպանատունը։

Իրակլի Քոպախիծէ Երեւանի մէջ յայտարարեց. «Մեր շահերէն կը բխի ունենալ ամուր գործակցութիւն հնարաւոր բոլոր ոլորտներուն մէջ»։ Արդարեւ, երկու վարչապետներու երէկուան յայտարարութիւններէն յստակօրէն յայտնի դարձաւ, որ Երեւան եւ Թիֆլիզ հետամուտ են տարածաշրջանէն ներս լիարժէք խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան բազմաոլորտ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այս ամբողջին մէջ Քոպախիծէ անդրադարձաւ նաեւ այն ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագրին, որու ստորագրումը կը նախատեսուի երկու երկիրներուն միջեւ։ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան սատարած է ու կը սատարէ Եւրոմիութեան անդամակցելու ուղղեալ Վրաստանի ձգտումներուն։ Իր կարգին, Քոպախիծէն ալ շեշտեց, որ Թիֆլիզ կը յուսայ, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի։ Այս կապակցութեամբ Փաշինեանն ալ վերահաստատեց, որ Վրաստան գործօն քայլերով կը փորձէ նպաստել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Երկու վարչապետները քննարկած են նաեւ սահմանազատման գործընթացի աշխուժացման հնարաւորութիւնները։ Իրակլի Քոպախիծէի Երեւանի յայտարարութիւններուն մէջ առանձնացաւ այն բանաձեւումը, ըստ որու Վրաստան առանց վերապահումներու կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան։

Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը պէտք է Վրաստանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան ապագայ նիւթերէն մին դառնայ։

Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտնեց, որ անընդունելի կը համարուին Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներուն կողմէ Հայաստանի ուղղեալ սպառնալիքները։ Թոյվօ Քլաարի այս յայտարարութիւնը զուգադիպեցաւ՝ յառաջիկայ ապրիլի 5-ին, Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եռակողմանի ժամադրութեան սեմին։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2024