ՀՀԿ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորուի Հանրապետութեան նախորդ՝ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, շաբաթավերջին հանդէս եկաւ երկու յայտարարութիւններով, որոնցմէ մին կը վերաբերի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի Արցախէն վաղաժամ հեռացման։ ՀՀԿ-ի գերագոյն մարմնի յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ բռնագրաւեալ Արցախի տարածքէն խաղաղապահ զօրախումբի դուրս-բերման գործընթացը մտահոգիչ ու անհանգստացուցիչ է, նաեւ բազմաթիւ հարցեր յառաջ կը բերէ։

Յայտարարութեան մէջ կրկնուած են Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէագրուած խիստ քննադատութիւնները, որոնց առընթեր ընդգծուած է, որ անոնք Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը որեւէ ձեւով չեն կրնար ազատ կասեցնել Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ստանձնուած սեփական պատասխանատուութենէն։ 

Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Մոսկուա յաճախ կը խօսի 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնը կեանքի կոչելու անհրաժեշտութեան մասին։ «Այսօր Ռուսաստանի Դաշնակցութեան կողմէ իրականացուած քայլերով յիշեալ պայմանաւորուածութիւններու վերջնական տապալումը խնդրայարոյց է ու խիստ մտահոգիչ՝ անկախ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութիւններու որդեգրած կեցուածքէն», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան միւս յայտարարութեան մէջ ալ անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման վերաբերեալ վերջին պայմանաւորուածութիւններուն։ «Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ուժի սպառնալիքի ներքեւ կը շարունակեն իրենց անձնտուական քաղաքականութիւնը, որ հարցականի տակ կը դնէ մեր երկրի անվտանգութիւնը եւ բուն գոյութիւնը», նշուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան յայտարարութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024