Երեքշաբթի 29, Ապրիլ 2025
ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի Անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եէնս Փլէօթների հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Հայաստան-Գերմանիա եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր։ Երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային անվտանգութեան հարցերուն, որոնց շուրջ ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։
Երեքշաբթի, Մարտ 22, 2022