ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Արմէն Մելքոնեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Ան քաղաքիս մէջ մասնակցեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տարածաշրջանային ժողովին։ Կեցութեան ընթացքին Արմէն Մելքոնեան առիթէն օգտուելով փափաքած էր շնչել Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մթնոլորտը՝ քանի սա ամբողջ սփիւռքի միակ հայկական առողջապահութեան՝ համապատասխան մակարդակով կառոյցն է։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Արմէն Մելքոնեանը։ Հոգաբարձութեան գլխաւոր դէմքերէն կառոյցի մասին բազմակողմանի տեղեկութիւններ ստանալէ վերջ Արմէն Մելքոնեան շրջայց մըն ալ կատարեց հիւանդանոցէն ներս, ուր ականատես եղաւ հաստատութեան մէջ մատուցուած ծառայութիւններու բարձր որակին եւ ընդհանրապէս մասնագիտական մակարդակին։
Մելքոնեան հիւանդանոցի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է նաեւ հաւանական համագործակցութեան հեռանկարները։ (Լուսանկարը՝ հիւանդանոցէն)