ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններով ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին։ Փաշինեան եւ Փութին կանգ առին նաեւ Երեւանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ուղղուած դիմումին վրայ, որ կը վերաբերի Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու կազմակերպման։
Երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն եւ Ուքրայնայէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։
Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին նախատեսուած է Փաշինեանի պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Մոսկուա՝ Փութինի հետ երէկուան զրոյցին ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս նիւթին։
Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։ Ան կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովի եւ ԱՊՀ-ի տնտեսական խորհուրդի ժողովներուն։