ԴԱՌՆԱԿՍԿԻԾ ԿՈՐՈՒՍՏ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ երէց սերունդի երախտաշատ ազգային գործիչներէն Գառնիկ Եագուպեան, որ անցեալ տասնամեակներուն իր անմնացորդ գործունէութիւնով անջնջելի հետք մը թողած է ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս։ Ան եղած է համայն հայութեան շահերը ընդհանրական մօտեցումով պատկերացնելու եւ պաշտպանելու ճանապարհին մատուցուած ծառայութիւններու ախոյեան մը։ Գառնիկ Եագուպեան երկար տարիներ եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ։

Գառնիկ Եագուպեանի դառնակսկիծ մահուան բերումով ՀԲԸՄ հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուած է, որ այս կորուստը ծանր է ո՛չ միայն Եագուպեան ընտանիքին, հանգուցեալի բարեկամներուն եւ գործակիցներուն համար, այլեւ՝ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան տեսակէտէ։ Հայ ազգի համար մատուցած երախտաշատ ծառայութիւններուն դրոշմը կարելի է տեսնել Սուրիոյ, Լիբանանի, Գանատայի եւ Հայաստանի մէջ։

Գառնիկ Եագուպեան աւարտած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, մասնագիտութեամբ շինարարութեան ճարտարագէտ էր։ Շառաւիղն էր յայտնի ընտանիքի մը, որ համբաւ ձեռք բերած է ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան նկատմամբ խոր հաւատարմութեամբ ու զօրակցութեամբ։ Նորոգ հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեանի եւ կողակցին՝ Անահիտի, ինչպէս նաեւ իր եղբօր՝ Լեւոն Եագուպեանի եւ ընտանիքին համար ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը միշտ եղած է հոգեհարազատ։ Գառնիկ Եագուպեան երիտասարդ հասակով ներգրաւուած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան եւ տասնամեակներու տեւողութեան ստանձնած՝ զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ Հուսկ, ան արժանացած է միութեան պատուոյ հոգաբարձուի աստիճանին։

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան խոր ցաւով անդրադարձած է Գառնիկ Եագուպեանի մահուան։ Իր խօսքով՝ Գառնիկ Եագուպեան մաս կազմած է խոհուն ու հեռատես առաջնորդներու այն փաղանգին, որու անդամները բարձրագոյն դիրքերու հասնելով իրենց արհեստավարժ կեանքէն ներս՝ յարգանք վայելած են արդիւնաբերութեան ոլորտի առաջնորդներու եւ պետական շրջանակներու կողմէ։ Խորհրդածելով  Գառնիկ Եագուպեանի հետ տարիներու սերտ համագործակցութեան եւ ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւններուն մասին՝ Պերճ Սեդրակեան նշած է, որ հանգուցեալին բացակայութիւնը զգալի պիտի դառնայ ՀԲԸՄ-ի լայն շրջանակներէ ներս եւ ընդհանրապէս հայաշխարհի մէջ։ Պերճ Սեդրակեան եւ կողակիցը՝ Վերա Սեդրակեան կը սգան Գառնիկ Եագուպեանի կորուստը, որովհետեւ միշտ բարձր գնահատած են իրենց բարեկամութիւնը Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեան ամոլին հետ։ ՀԲԸՄ-ի նախագահը ընդգծած է, որ 92 տարեկան հասակին երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առած Գառնիկ Եագուպեան բազմապատիկ տարողութեամբ իրականացուցած է մարդկային իր ներդումի բաժինը այս աշխարհին վրայ։ Պերճ Սեդրակեանի խօսքով՝ Գառնիկ Եագուպեանի կողմէ ցուցաբերուած ազգի ու հաւատքի նկատմամբ անխախտ նուիրումի բարերար ազդեցութեան առարկայ դարձած են բազմաթիւներ։

Նորոգ հանգուցեալ Գառնիկ Եագուպեան արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ մրցանակներու, նաեւ շքանշաններու՝ կրօնական կամ ազգային, պետական ղեկավարներու բարձր գնահատանքին առարկայ դառնալով։ Հանգուցեալը գերագոյն զգայնութիւնով եւ նուիրումով վերաբերուած է իր հայկական ինքնութեան եւ եկեղեցիին նկատմամբ։ Ան արժանացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ շքանշանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Մխիթար Հերացի» պետական շքանը-շանին։

Գառնիկ Եագուպեանի բարերարութեամբ ուսուցման կեդրոն մը հաստատուած է Հայաստանի Գիտական, բժշկական մատենադարանէն ներս։ Ան օժանդակած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցի վերանորոգման։ Վերջերս իր բարերարութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս ձեռնարկուած էր կաթողիկոսական դամբարաններու, մոմավառութեան մատուռի շինարարութեան, որ այս տարի պիտի հասնի իր աւարտին։ Գառնիկ Եագուպեան եղած էր բարձրագոյն ուսման իսկական ջատագով մը եւ իբր այդ մաս կազմած՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի բարերարներու խումբին։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Գառնիկ Եագուպեանի հոգւոյն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք ամբողջ Եագուպեան գերդաստանին եւ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքին։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022