ՊԱՂԵՍՏԻՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պաղեստինի ինքնավարութեան Եկեղեցիներու հարցով բարձրագոյն նախագահական կոմիտէի ղեկավար Մուսին Իլիաս Եուսուֆ Խուրիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ հիւր պատուիրակութիւնը երէկ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Հարկ է նշել, որ Պաղեստինի այս նոյն կառոյցը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան նկատառման յանձնած էր իր անհանգստութիւնը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան տարածքի վարձակալութեան աղմկայարոյց եւ ապօրինի գործարքին շուրջ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021