ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՅԱՅՏՆԻ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼԸ

Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շաբաթավերջին կը գտնուի Պէյրութի մէջ, ուր Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած է իր համերգը։ Վերջին օրերուն Սիպիլ հարցազրոյցներ տուաւ լիբանանահայ զանազան լրատուամիջոցներու. ինչպէս՝ «Ազդակ» օրաթերթ եւ «Վանայ Ձայն» ռատիօկայան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ազդակ» օրաթերթին կողմէ Սիպիլի հետ կատարուած հարցազրոյցը, զոր վարեց Մարալ Մխսեան։

*

-Ձեր երկրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, ուր կայ մեծաթիւ գաղութ մը: Ի՞նչ են ձեր զգացումներն ու մտածումները:

-Իրականութեան մէջ իմ երրորդ այցելութիւնս պիտի ըլլայ դէպի Լիբանան: Առաջինը՝ իբրեւ զբօսաշրջիկ, իսկ երկրորդը, հինգուկէս տարի առաջ, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան կողմէ ստացած հրաւէրի միջոցով: Ուրախ եմ, որ տարիներ ետք կրկին առիթը պիտի ունենամ Համազգայինի հրաւէրով եւ նոյն միութեան կազմակերպած համերգին ելոյթ ունենալ շատ սիրելի ու հայրենանուէր լիբանանահայութեան համար: Ինչպէս գիտէք, քորոնայի համաճարակի պատճառով դեկտեմբերին նախատեսուած սոյն համերգը յետաձգուեցաւ, եւ ես անհամբեր կը սպասէի նոր թուականի ճշդումին: Բոլորս երկու դժուար տարիներ ապրեցանք: Այս շրջանին Հայաստանի մէջ զանազան ելոյթներ ունեցայ, բայց, ցաւ ի սիրտ, համաճարակի պատճառով ստիպուեցայ ընդմիջել զանոնք: Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք համերգը իմ առաջին մենահամերգս պիտի ըլլայ: Յուզուած եմ եւ անհամբեր: Համերգ տալու նպատակով Լիբանան կատարած առաջին այցելութեանս ընթացքին ունեցած էի անմոռանալի ապրումներ: Լիբանանահայ ժողովուրդին ջերմ ընդունելութիւնը յուզած էր զիս: Կը մաղթեմ, որ այս համերգս ալ նոյն ջերմութեամբ ընդունուի:

-Կարելի՞ է խօսինք 13 մարտին տեղի ունենալիք ձեր համերգի ծրագիրին մասին:

-Համերգիս մաս պիտի կազմեն Համազգայինի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու գլխաւորած «Քնար» պարախումբը, ինչպէս նաեւ կարգ մը երգերով «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» Երիտասարդական քոլէճի երաժիշտները, որոնց գեղարուեստական ղեկավարն է Մկրտիչ Միքայէլեան: Ամիսներէ ի վեր Համազգայինի շրջանային վարչութեան հետ մեծ աշխատանք կը տանինք: Բոլորիս ծանօթ է Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հետեւաբար քաջատեղեակ եմ, թէ դիւրին չէ այս պայմաններու տակ ձեռնարկ կազմակերպել: Ես սրտանց կը գնահատեմ զիրենք, իրենց կատարած աշխատանքին եւ հրաւէրին համար: Ինծի համար մեծ պատիւ է երգել լիբանանահայութեան համար:

-Կարելի՞ է խօսինք երգացանկին մասին: Ընդհանրապէս ինչ ժանրի երգեր պիտի մեկնաբանէք:

-Փորձեցի իմ հինգուկէս տարի առաջուան երգացանկէն տարբեր, զանազան երգեր մեկնաբանել: Բայց կան այնպիսի երգեր, որոնք անպայման կ՚ուզէ լսել ունկնդիրը, եւ ես այդ շարանն ալ պիտի երգեմ: Այս անգամ երգացանկիս մէջ տեղ կը գրաւեն երկու օտար երգեր: Անշուշտ, չեմ ուզեր յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել յայտագիրին մասին, որպէսզի անակնկալ ըլլայ:

-Ընդհանուր գիծերու մէջ մեր ընթերցողներուն ծանօթացուցէք ձեր ստեղծագործական ճանապարհը:

-Շուրջ տասներկու տարիէ ի վեր հանրութեան առջեւ հանդէս կու գամ որպէս երգչուհի: Երբ որոշեցի երգչուհի ըլլալ, առաջին փափաքս ու նպատակս էր հայերէն երգն ու իմ մայրենիս ծանօթացնել նախ Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ ծնած եմ Պոլիս, ապա արտասահմանի մէջ լսելի դարձնել նաեւ օտարներուն: Կ՚ուզէի երգի միջոցով իմ խօսքս փոխանցել: Այդ պատճառով է, որ իմ ալպոմներուս մէջ տեղ տուած եմ հայրենասիրական եւ ազգասիրական երգերու: Տակաւին կը պայքարիմ եւ ջանք չեմ խնայեր աւելին ընելու իմ պաշտելի հայ երգը տարածելու համար:

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր հայ երգը:

-Երբ կը խօսինք հայ երգին մասին, ակամայ կը յիշենք շատ գեղեցիկ եւ բարձրորակ հին ստեղծագործութիւնները: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այսօր եւս շատ գեղեցիկ յօրինումներ կան: Բարձր կը գնահատենք հիները, բայց ես կ՚ուզեմ նոր ստեղծագործութիւններ ալ մեկնաբանել եւ նուիրել մեր յաջորդներուն: Մեր պարտականութիւնն է բարձր պահել որակը եւ սիրցնել հայ երգը նորահաս սերունդին:

Շաբաթ, Մարտ 12, 2022