ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
*
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր հրաժեշտ կ՚առնէ Թուրքիայէն։ Այսօր, Արարատ Միրզոյեանի կարճ կեցութեան գագաթնային իրադարձութիւնը տեղի կ՚ունենայ Անթալիայի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կ՚ընդունի իր հայ պաշտօնակիցը։ Այս տեսակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։
Չավուշօղլուի հետ տեսակցութեան առընթեր, Արարատ Միրզոյեան այսօր Անթալիայի մէջ կը մէկտեղուի Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիտի հետ։
Երէկ, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի աշխատանքներուն մասնակցելու առընթեր, Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու բնականոնացման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան եւ Ալեքսանտր Շալենպերկ կանգ առին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին վրայ։ Անոնք շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ վերջին շրջանին ստեղծուած լարուածութիւնը, որ ծնունդ կ՚առնէ Պաքուի ձեռնարկած քայլերուն հետեւանքով։