ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի թղթա­տա­րու­թեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ թո­ղար­կե­ցին «Մել­գո­նեան վար­ժա­րան» խո­րագ­րեալ դրոշ­մա­թուղ­թեր։ «Ար­մէն-փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­մա­կա­նի­շե­րէն մէ­կուն վրայ պատ­կե­րուած են Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի շէնքն ու այն ծա­ռե­րը, ո­րոնք տնկած են այդ կրթօ­ճա­խէն ներս ա­պաս­տան գտած որ­բե­րը։ Միւս նա­մա­կա­նի­շին վրայ կ՚ե­րե­ւին ա­ռա­ջին սա­նե­րը՝ Մել­գո­նեան վար­ժա­րա­նի խո­րա­պատ­կե­րին վրայ։

Այս նա­մա­կա­նի­շը Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս կնքուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015