ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐԸ
Իսթանպուլի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ թռիչքները վաղը պիտի վերսկսին՝ շուրջ երկուքուկէս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ։ Այժմու նոր մեկնարկը տեղի կ՚ունենայ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի համայնապատկերին վրայ, եւ անոր համապատասխան իմաստ կը վերագրուի։ Թուրքիայէն «Pegasus»՝ իսկ Հայաստանէն «Fly One Armenia» ընկերութիւնները պիտի իրականացնեն չուերթները։
Երկու երկիրներու լրատուամիջոցներն ալ այսօր կ՚անդրադառնան թռիչքներուն, որոնք շաբաթը երկու-երեք անգամ պիտի կատարուին։ «Pegasus»ի թռիչքները «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանէն պիտի իրականացուին, իսկ «Fly One Armenia»ինները՝ Իսթանպուլի օդակայանէն։
Թրքական մամուլի հաղորդումներուն մէջ թռիչքներու վերսկսման լուրերուն ածանցուած է՝ Հայաստանի կողմէ Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումին բերուելիք մասնակցութիւնը՝ որպէս բնականոնացման գործընթացի հերթական քայլ։
Հայաստանեան թերթերու հաղորդումներուն մէջ շեշտադրումները քիչ մը աւելի տարբեր են՝ կը մատնանշուին գիները ու մանրամասնութիւններ կը հրապարակուին, թէ ովքե՛ր պիտի ըլլան առաջին թռիչքի ուղեւորները։ Այսպէս, Երեւանէն Իսթանպուլ կու գան գործարարներ՝ յատկապէս առեւտրականներ, որոնք Թուրքիայէն ապրանքներ կը ներածեն Հայաստան։ Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս ջնջուած է Թուրքայէն ներածումներու պարագային հաստատուած արգելքները, ինչ որ գործարարներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ առեւտրական յարաբերութիւնները վերսկսելու իրենց թուրք գործընկերներուն հետ։
Ըստ մեր տեղեկութիւններուն, «Fly One Armenia»ի վաղուան թռիչքով Իսթանպուլ պիտի գայ նաեւ յիշեալ ընկերութեան վարչական խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան, որուն պիտի ընկերանան այլ կարգ մը վարչայիններ։ Անոնք կը նախատեսեն շփումներ ունենալ համայնքային շրջանակներէն ներս։