ՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐՈՎ ՀԱՄԱԼՐՈՒՄ

Հայաստանի Սինեմաթոկրաֆներու միութեան դահլիճը օժտուեցաւ նոր սարքաւորումերով եւ այնուհետեւ հանդիսատեսին կը ներկայանայ նոր լուսային ու ձայնային թեքնիքով մը։ Այս համալրման շնորհիւ հնարաւոր պիտի դառնայ, որ «Կինոյի տան» երդիքին տակ կազմակերպուին փառատօներ, ինչպէս նաեւ նպաստ բերուի «Ազգային սինեմաթեք քոնսեփթ» ստեղծարար, կրթական, մշակութային, զբօսաշրջային նախագծի զարգացման։

Յիշեալ միութիւնն ու «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի միջազգային շարժանկարի փառատօնի ղեկավարութիւնը այս սարքաւորումները ապահոված են աջակցութեամբ՝ Երեւանի շարք մը դեսպանատուներու, կազմակերպութիւններու, անհատներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս բոլորէն վերջ, երէկ «Կինոյի տան» մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022