ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ Ի ԶՕՐՈՒ

Հայասանի Հանրապետութեան նախագահի աթոռը այս առաւօտեան դրութեամբ պաշտօնապէս հռչակուեցաւ թափուր։ Շաբաթ մը առաջ Արմէն Սարգսեան հրաժարած էր Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն՝ զուգահեռաբար սկսած էր Սահմանադրութիւնով նախատեսուած ընթացակարգը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, ըստ այդմ, այս առաւօտ ստորագրեց՝ նախագահի լիազօրութիւնները դադրած համարելու վերաբերեալ արձանագրութիւնը, որու հիմնաւորումն է Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը։ Նոյնպէս Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով, Ալէն Սիմոնեան ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները։ Իսկ Ալէն Սիմոնեանը ժամանակաւորապէս կը փոխարինէ խորհրդարանի փոխ-նախագահներէն Յակոբ Արշակեան։

Այսպէսով Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս սկսած է նաեւ նախագահական արտահերթ ընտրութեան գործընթացը, որ ի կատար պիտի ածուի Ազգային ժողովին կողմէ։ Շաբաթավերջին յայտարարուած էր, որ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր իշխանական ճամբարը նոր հանրապետութեան նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ անկուսակցական Վահագն Խաչատրեանը, որ ներկայիս խորհրդարանէն ներս Բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022