ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը կեանքի կոչած է շատ կարեւոր ծրագիր մը, որու շնորհիւ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի աւագ մենաստանի գրադարանի հարուստ հաւաքածոյի թուայնացման ձեռնարկուած է։ Ցայսօր աւելի քան 400 հազար էջ թուայնացուած է այս հաւաքածոյէն։ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի վանքի գրադարանէն ներս ի պահ դրուած է՝ հայ պարբերական մամուլի աշխարհի ամենահարուստ հաւաքածոն։ Համապատասխան կայքէջով թուային գրադարան մը ստեղծուած է եւ այնտեղ անվճար ձեւով հասանելի դարձած են գրադարանի պարփակած հայ մամուլի հաւաքածոյէն նմոյշներ, որոնք 1794-1920 թուականներու ժամանակահատուածին կը վերաբերին։

Լիզպոնի աղբիւրներու հաղորդումներով, թուայնացումի եւ թուայնացեալ առարկաները անվճար հասանելի դարձնելու ուղղեալ այս ծրագիրը կ՚իրականացուի համագործակցութեամբ երեք գլխաւոր կառոյցի։ Այսպէս, Մխիթարեան միաբանութեան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին առընթեր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանն ալ ներգրաւուած է ծրագրին։

Թուային գրադարանի կայքէջը կը ներկայացնէ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի վանքի գրադարանի հաւաքածոներ, նպատակն է մէկ հասցէով կամ յղումով ընթերցողն ու հետազօտողը առաջնորդել դէպի այն թուային նիւթերը, որոնք ամբարուած են Հիմնարար գիտական գրադարանի շտեմարաններուն մէջ ու ցանկագրուած ակադեմիային կողմէ։ Թուայնացումի աշխատանքը շարունակական բնոյթ կը կրէ, իսկ նիւթերը համապատասխան կայքէջերուն վրայ եւ շտեմարաններուն մէջ հասանելի պիտի դառնան իրենց պատրաստութեան կարգով։

Այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան ու մեծածաւալ աշխատանքին շնորհիւ հայ ժողովուրդի մշակութային գրաւոր ժառանգութեան պատկառելի բաժինը հանրութեան հասանելի պիտի դառնայ՝ առցանց, անվճար ու բաց ձեւաչափով։

Ծրագրի նպատակներուն շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու եւ թուայնացեալ պարբերական մամուլի նմոյշները կարդալու համար այցելել թուային գրադարանի կայքէջն ու շտեմարանները՝ հետեւելով ստորեւ ներկայացուածներուն։

https://arm.mechitaristlibrary.org/

https://arar.sci.am/dlibra/collectiondescription/11?language=hyw

http://vmc.sci.am/

Հակառակ հաւաքածոյի անգնահատելի արժէքին, Մխիթարեաններու Վիեննայի վանքը երկար ժամանակէ ի վեր մարդուժի լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ, ինչ որ այս թուայնացման ծրագրին նշանակութիւնը ա՛լ աւելի կը բարձրացնէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022