ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հերթական անգամ թիրախաւորուեցաւ՝ Եմէնի շիի հուսիներուն կողմէ, որոնք Իրանի հովանաւորութիւնը կը վայելեն։ Անջատողական այս շարժումի վերջին յարձակումը հետաքրքրական ժամկէտի մը զուգադիպեցաւ։ Արդարեւ, դէպքը յաջորդեց Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկի Ապու Տապի տուած այցելութեան, որու ընթացքին ան հիւրընկալուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի կողմէ։ Հերցոկ երէկ ալ Տուպայիի մէջ այցելեց «Expo 2020» տօնավաճառը։ Հերցոկի այս այցելութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։

Վերջին երկու շաբթուայ ընթացքին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները երրորդ անգամ կը թիրախաւորուի հուսիներուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022