ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ա. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի առաջին դասարանի ընթերցման տօնին առթիւ։

Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն հանդէսը, որու ընթացքին անոնք իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Տղաքը իսկապէս ճոխ յայտագիր մը կեանքի կոչեցին փայլուն արդիւնքով, անշուշտ, իրենց տարիքին համապատասխան։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ բոլորը համախմբուեցան ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած ընդունելութեան սեղանին շուրջ։ Այս փուլին եւս կրթական մշակները եւ հիւրերը ջերմօրէն շրջապատեցին առաջին դասարանի փոքրիկները, որոնց յաջողութիւն մաղթեցին իրենց յառաջիկայ ուսման տարիներուն համար։

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024