ԴՌՆՓԱԿ ՈՒ ՋԵՐՄ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու երէկ Եշիլգիւղի «Չընար» պանդոկին մէջ մէկտեղուեցաւ քաղաքիս փոքրամասնութեանց հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։ Ներկայ էին Յունաց Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին, Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Տքթ. Պիւլենտ Քերիմօղլու, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, համայնքային մարմիններէ ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական դէմքեր։
Դռնփակ կայացած այս հանդիպման վերաբերեալ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հաւաքոյթին նպատակն էր փոքրամասնութեանց առընչուած հարցերը ուղղակի լսել առաջին բերնէն։ Իւրաքանչիւր կրօնական խօսք առաւ եւ արտայայտուեցաւ։ Իր խօսքին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ Անգարայի մէջ պատահած դժբախտ իրադարձութեան, որու հետեւանքով տասնեակ անմեղ անձեր զոհուած էին։ Ան այս առթիւ անգամ մը եւս յայտնեց իր ցաւակցութիւնը։ Ան մաղթեց, որ նման դէպքեր չպատահին եւ երկրին քաղաքացիները վայելեն խաղաղ կեցութեան մթնոլորտը։ Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական իրավիճակի չգոյութեան պատճառով յառաջացած հարցերուն։ Իր խօսքի աւարտին ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ ՃՀՓ-ի մասին։ Ըստ իրեն, զգալի են տեսանելի փոփոխութիւններ։ Ծայրայեղ ազգայնամոլութեան մը փոխարէն, ալ կը տիրէ աւելի ժողովրդավար մտայնութիւն մը ՃՀՓ-էն ներս։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց կուսակցականներուն։
Շուրջ երկու ժամուան հանդիպման աւարտին Քեմալ Քըլըչտարօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւրերուն իրենց ներկայութեան համար։