ԼՔԵԼ ՄԵՐ ՓԱԿՈՒԱԾ ՏՈՒՓԵՐԸ…

Մեր յաճախ պատմութեան գիրքերու մէջ կարդացած նուաճումները կամ հերոսութիւնները տեղի ունեցած են մարդոց հանգստութեան շրջանակներէն ազատուելուն շնորհիւ։ Որեւէ փոփոխութիւն, զարգացում կամ փոխակերպում տեղի չէ ունեցած կանաչ խոտերու վրայ պառկելով ու ձեռնածալ հետեւելով ժամանակի սղաճին։ Շատ լաւ գիտենք, որ մեր նպատակներուն հասնելու համար պէտք է քրտնաջան աշխատիլ, յաղթահարել դժուարութիւնները եւ դուրս գալ այն տուփէն, որու մէջ փակուած ենք։

Թէեւ այս բոլորին կը գիտակցինք, սակայն կը դժուարանանք դուրս գալ մեր գտնուած փակ արկղերէն, ձգտիլ գործի մը եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել։ Երբ պարտաւորուինք որոշում մը առնելու՝ մեր վախերը, վերապահութիւնները, տատանումները կը շրջապատեն մեզ։ Մշուշի ամպեր կը պատեն մեր միտքը։

Կեանքը յոյսի ճամբորդութիւն մըն է դէպի անյայտ ապագայ։ Եկէք, պահ մը մեր կեանքը ընդունինք որպէս ճանապարհորդութիւն եւ հետեւեալ հարցումները ուղղենք մենք մեզի. ի՞նչ կրնանք վերահսկել այս ճամբորդութեան ընթացքին, ինչպէ՞ս կրնանք առաւել հաճոյք ստանալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր կեանքը ձեւաւորել մեր որոշումներով։

Մեր ապագայի վերաբերեալ կարգ մը կարեւոր որոշումներ առնելու ժամանակ, անխուսափելիօրէն, կը լքենք մեր հանգստութեան շրջանակը եւ կը ճամբորդենք դէպի նոր փորձառութիւններ։ Այս կերպով մենք կրնանք առարկայական վերաբերմունք ցուցաբերել եւ ընդունիլ մեր որոշումներու հաւանական հետեւանքները՝ լաւ թէ վատ։ Բոլորս ունինք իտէալներ, երազանքներ, ցանկութիւններ ու յոյսեր։ Կը հաւատանք, որ մեր ամբողջ ուժով կը ձգտինք հասնիլ անոնց։ Որո՛ւ որ հարցնենք, պիտի ըսէ, թէ իր կարելին ի գործ դրած է անոնց հասնելու համար։

Ներկայիս, մանաւանդ նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն շատեր ամենաչնչին ձախողման պարագային դիւրութեամբ կը յանձնուին եւ յուսահատութեան կը մատնուին։ Մեծ ներուժով երիտասարդներու մեծամասնութիւնը կը կարծէ, թէ իր կեանքը փակուղիի մատնուած է քննութեան մը արդիւնքով։ Կամ այն անձը, որ չի զբաղիր իր փափաքած աշխատանքով, հաճոյք չի ստանար ու ինքզինք կը զգայ թակարդի մէջ, ցաւօք սրտի, կրնայ միանգամայն «աղբաման թափել» իր կեանքի բոլոր յոյսերը։ Այսպէս կրնանք բազում նման օրինակներ տալ։

Դուք ալ նման դժգոհութիւն կը զգա՞ք ձեր կեանքի մասին։ Երբեմն կ՚ըսէ՞ք, թէ ոսկէ վանդակի սոխակը աւելի երջանիկ ու խաղաղ կեանք ունի։ Այս բոլորը ձեր հանգստութենէն չզիջելու չքմեղանքներ են… Եկէք, դադրինք պատրուակ փնտռելէ եւ թողենք մեր հանգստութիւնը մտածելէ եւ սկսինք ձեռնարկել քայլերու, որոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան վայելել կեանքը եւ հասնիլ մեր իտէալներուն։

Դէպի յառաջ առնուելիք իւրաքանչիւր քայլ կարեւոր է, քանի որ որչափ հերթական քայլ առնենք, այնքան կը մօտենանք մեր անյաղթահարելի թուած հանգրուանին։ Ուրեմն, մեր ցանկութիւններուն հասնելու մոգական ճանապարհը կ՚անցնի մեր հանգստութիւնը զիջելէն. սկիզբին փոքր քայլերով, յետոյ աւելի մեծ ու վճռական քայլերով, իսկ աւելի վերջ՝ ամուր ու յամառ քայլերով կ՚ընթանանք՝ մինչեւ հասնինք մեր ցանկութիւններուն։

Մեր հանգստութիւնը զիջելով առնուած առաջին քայլէն յետոյ փորձառութիւն ձեռք կը բերենք այն ճանապարհի վրայ, որ մեզ կը տանի մեր իտէալներուն։ Գիտակցելով, որ իւրաքանչիւր քայլ մեզ աւելի կը մօտեցնէ մեր նպատակներուն, հետզհետէ աւելի կը վայելենք ճամբորդութիւնը եւ մի առ մի կը թողենք մեր վախերը, անհանգստութիւնները եւ բոլոր ներքին ու արտաքին գործօնները, որոնք կը փորձեն կանգնեցնել մեզ։

Քայլ առ քայլ դէպի յաղթանակ ընթանալու խանդավառութիւնը մեզ կը քաջալերէ՝ ինչպէս երկար ճամբորդութեան ընթացքին պատուհանէն ներխուժող մաքուր օդը։ Այս ճանապարհորդութեան աւարտին մեզի կը սպասէ մեծ պարգեւ մը։ Բայց այն ինչ, որ մենք կ՚ապրինք մինչեւ այդ մրցանակին հասնիլը, նոյնքան արժէքաւոր է, որքան այդ պարգեւը։ Ուստի անհրաժեշտ է վայելել ճամբորդութեան իւրաքանչիւր պահը։

Գիտենք, որ այն բոլոր զգացումները, որոնք մեզ կը կալանաւորեն մեր հանգստութեան գօտիէն ներս, բացասական զգացումներ են՝ մանաւանդ մեր վախերը, որոնք ամենամեծ խոչընդոտը կը հանդիսանան մեր ներուժը բացայայտելու համար։ Իրապէս, մեր վախերը հիմք կը հանդիսանան մեր անհիմն ծուլութեան, յետաձգածներուն եւ պատրուակներուն։ Երբ մենք կը յաղթահարենք մեր վախերը եւ կը սկսինք զանոնք օգտագործել՝ որպէս զէնք, կը տենենք, թէ կեանքը լի է մեծ բարեփոխումներով։ Պէտք է ընդունինք մեր վախերը այնպէս, ինչպէս որ կան։ Այս կերպով հնարաւորութիւն կ՚ունենանք իրադարձութիւնները աւելի լայն տեսանկիւնէ դիտելու։

Այս ճամբորդութեան ընթացքին մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ հրաժեշտ տալ այն սովորութիւններուն, որոնք դարձած են մեր կեանքի մէկ մասը, բայց երկարաժամկէտ հեռանկարով չեն նպաստեր մեր յառաջընթացին։ Այն սովորութիւնները, որոնք մեր առօրեայ կեանքի մէջ տեղ կը զբաղեցնեն, բեռ են, որոնք կը դանդաղեցնեն, նոյնիսկ կը խոչընդոտեն մեր զարգացումը։ Երբ ազատինք անոնցմէ, տեղ բացած կ՚ըլլանք նոր փորձառութիւններու։ Ինչպէս կը տեսնէք, հանգստութիւնը զիջելը, փակ տուփէն ազատիլը դիւրին չէ եւ կը պահանջէ ցանկութիւն, կամք եւ կարգապահութիւն։ Յառաջանալու որոշումը առնելէ յետոյ կը տեսնենք, թէ մեր կեանքը նոր դէմք մը կը ստանայ. ծաղիկները կը դառնան աւելի գունեղ, ծովը կը հանդարտի ու մեր կեանքը առհասարակ աւելի հաճելի կը թուի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024