ՏԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ…

Երկար ժամանակէ ի վեր կը մտածեմ գիտնալու եւ չգիտնալու մասին։ Երկընտրանքներու համակարգի վրայ կառուցուած աշխարհի հակասութիւններէն մին ալ գիտնալն ու չգիտնալն է։ Իմ կարծիքով, պատմութիւնը գետի մը նման անցեալէն մինչեւ այսօր իր հետ բերած է որոշ գիտելիքներ։ Ուստի, պատմութիւնը ո՛չ միայն գիտելիքը, այլեւ տգիտութիւնը բերած է ներկային, նաեւ պիտի տանի ապագային։ Գիտելիք ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւնը, որ մարդկութեան համար ծնունդէն մինչեւ մահ կը պահէ իր այժմէականութիւնը, ըստ էութեան, անձի մը՝ աշխարհին յարմարելու պարտաւորութեան ամենահիմնական ազդակն է։

Վերջին տարիներուն մեր ամենաշատ օգտագործած բառերէն մին եղած է «մեծ պատկեր»ը։ Շատեր կը պնդեն, որ կը տեսնեն այդ մեծ պատկերը, սակայն, իրականութեան մէջ անոնք ի՞նչ եւ որքա՞ն կը տեսնեն. աղքատութի՞ւնը, անհաւասարակշռութի՞ւնը, անարդարութի՞ւնը, բնական տարածքներու ապականո՞ւմը, կրթութեան համակարգի խնդիրնե՞րը, տգիտութեան տարածո՞ւմը…

Այսօր մենք կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր քաղցկեղէ մինչեւ ծխելու վնասները, կլիմայի փոփոխութենէն մինչեւ ծինականօրէն ձեւափոխուած օրկանիզմները, նաեւ նման նիւթերու պարագային մարդոց խարդախութիւնները եւ ապատեղեկատուութիւնը հետզհետէ աւելի ծայրայեղ բնոյթ կը ստանայ՝ իրականի եւ անիրականի միջեւ։ Սա ցոյց կու տայ, որ «Ակնոթոլոժի» կոչուած գիտութիւնը մեծ տեղ գրաւած է աշխարհի վրայ։ Ակնոթոլոժին պարզապէս կը նշանակէ «տգիտութեան գիտութիւն»։ Յունարէնի մէջ «ակնոսիս» կը նշանակէ տգիտութիւն, իսկ «օնթոլոժի»՝ գոյաբանութիւն։ Ակնոթոլոժի կա՛մ ապրանք մը վաճառելու, կամ շահոյթ ստանալու նպատակով շփոթութեան եւ կեղծ տեղեկատուութեան դիտումնաւոր տարածման ուսումնասիրութիւնն է։ Ակնոթոլոժիի հիմնական նպատակն է խոչընդոտել խնդրոյ առարկայ կողմի ճիշդ գիտելիք ստանալը եւ հասարակութիւնները դարձնել տգէտ՝ կեղծ տեղեկատուութիւնը որպէս ճշմարտութիւն ցոյց տալով։

Հասկնալի է, որ մարդ չի կրնար հասկնալ վարդի մը հիւսուածքը առանց անոր դպչելու։ Վարդին ծաղիկ ըլլալը գիտնալ չի նշանակեր, որ ծաղիկներու մասին ամէն ինչ գիտենք։ Այս պատճառով կայ բուսաբանութիւնը։ Այս օրինակով կարելի է տեսնել Երկիր մոլորակի հետ մարդոց փոխադարձ գործակցութեան գործընթածի խիստ սահմանները։ Այսինքն, ինչպէս որ տեղ մը հասնելու համար պէտք է շարժիլ, այնպէս ալ որեւէ առարկայի վերաբերեալ գիտելիք ունենալը մտածելու, ուսումնասիրելու, սորվելու եւ հարցադրելու նման շարք մը անհրաժեշտութիւններու արդիւնքն է։

Ուրեմն ինչո՞ւ մարդ մը տգէտ կ՚ըլլայ եւ միւսը՝ գիտուն։ Որքան ցաւալի է, թէ տեղեկատուութեան դարաշրջանին գիտելիքը դարձած է առեւտուրի առարկայ։ Գիտելիքի վաճառքը հաւասարութեան եւ արդարութեան հիմքին դրուած ռումբ մըն է։ Գիրքեր, վաւերագրական տեսանիւթեր, բնագիտութիւն եւ մանաւանդ կրթութեան իրաւունք, որ օրէնքով տրուած է եւ սահմանափակուած՝ նոյնպէս օրէնքով… Այս բոլորը ցոյց կու տայ, թէ տեղեկատուութիւնը այլեւս վաճառուող առարկայ մըն է։ Կրթական հաստատութիւններէ ներս գիտելիքի փոխանցման եւ ձեռքբերման գործընթացը ամենավառ օրինակն է։ Խղճի եւ տրամաբանութեան շրջանակներէն ներս կատարուած իւրաքանչիւր գնահատական կը յանգեցնէ հետեւեալ եզրակացութեան. տեղեկատուութեան բաշխումը անհաւասար է։ Սակայն երբ «գիտելիքը» կը գործէ բնութեան պայմաններուն յարմարելու եւ պայքարելու բնազդով, այդ անհաւասարութիւնը որոշ չափով կրնայ նուազիլ։

Եկէք, ուսումնասիրենք «Ոչ թէ չգիտալը, այլ չսորվիլը ամօթ է» ասացուածքը։ Առակին մէջ չսորվելու վիճակը, ըստ էութեան, գիտելիքը խրախուսելու միջոց է։ Իսլամագէտ Պուրզի Ճեմհերին կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ չես դատապարտեր տգէտները»։ Ան կը պատասխանէ. «Մենք կոյրին տեսի՛ր, իսկ խուլին լսէ՛, չենք կրնար ըսել»։ Արդարեւ, տգիտութեան ճահճին ինկած ուղեղը նման է երկաթի, որ հետզհետէ կը ժանգոտի եւ զայն վերականգնել գրեթէ անկարելի կը դառնայ։ Եթէ ժանգոտած երկաթ մը վնասէ մարդու մարմինը, անողոք հիւանդութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Ցաւօք, պատմութիւնը լի է նման օրինակներով։

Տգէտի ձայնը շատ աւելի բարձր է՝ քան գիտուններու եւ յաճախ տգէտը կը խօսի, մինչդեռ գիտունը կը լռէ։ Նոյնիսկ այսօր, եթէ ուշադիր դիտարկենք մեր շրջապատը, հասարակական կեանքի որեւէ հատուածին մէջ տգէտ մը կը մեղադրէ գիտունը՝ առանց բան մը գիտնալու։ Ցաւալի է, թէ այն ինչ, որ նման մարդիկ կը կարծեն, որ գիտեն, սովորաբար լսած են կամ որդեգրած են ուրիշներէն։ Անոնց լսածները կամ որդեգրածները երբեմն գաղափարախօսութեան մը փշրանքներն են կամ երբեմն այդ փշրանքներէն ստեղծուած «վիթխարի» գաղափարախօսութիւն՝ տգիտութեան գաղափարախօսութիւն։ Անկախ իրենց կոչումէն եւ պաշտօնէն՝ նման մարդոց թիւը զգալիօրէն բարձր է։

Անհատի մը համար կատարելութիւնը, անշուշտ, ձգտում մը, հեռանկար մըն է։ Բայց կատարելութեան հասնելու ձգտումը կը նմանի հետեւիլ հորիզոնին. որքան մօտենանք, այնքան կը հեռանանք անկէ։ Կատարելութեան մօտենալու գլխաւոր միջոցներէն են դժգոհութիւնն ու քննադատութիւնը՝ մանաւանդ ինքնաքննադատութիւնը։ Այն անձը, որ իր ուսումը, իր գիտութիւնը բաւարար կը տեսնէ, կը զրկուի նոյնիսկ քայլ մը առնելէ իր կեանքին մէջ։

Այն օրը, երբ մենք նիւթականէ աւելի անհրաժեշտութիւնը կը զգանք գիտելիքի, այն ժամանակ կը գտնենք իսկական հարստութեան գաղտնիքը:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2024