ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱՆ ԿԸ ՏՆՔԱՅ… ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ՓՈՇԻԱՑՈՂ ՀՄԱՅՔԸ…

Ուքրայնայի ժողովուրդը ծանրագոյն օրեր կ՚ապրի: «Ծանրագոյն» բառը խեղճուկ է բնորոշելու այն ողջ ողբեգութիւնը, որ պատերազմը կը պատճառէ: Վիշտը, սուգը, քանդումը, աւերը, տեղահանութիւնը, գաղթը, անորոշութիւնը խառնուած են իրարու: Պատերազմին անփոփոխ դէմքն է, որ դարձեալ կը տեսնենք: Մարդկութիւնը անվերջ պատերազմներու խեղդիչ ճիրանին մէջ, ուշքի չի գար… Ցնորական հանգրուանի մը եւս հասած է քաղաքակրթութիւնը…

Մարդկային կորուստները, անշուշտ, պատերազմին ամենաահաւոր երեսն են: Միւս կողմէն, կը քանդուին, հողին կը հաւասարեցուին մարդուն տարիներով ստեղծածը, եւ այն ամէն ինչը, որ ուքրանացի ժողովուրդը ժառանգութիւն ստացած է անցեալէն:

Ուքրանական գեղեցկագոյն քաղաքներն ու գիւղերը սեւի եւ ծուխի մէջ են այսօր: Առաջուան գեղեցիկ, հնագոյն, շքեղ ոստանները աւերակներու կոյտեր են: Մարդկային ստուարաթիւ զոհերու կողքին, ականատես կ՚ըլլանք տապալումի, աւերումի, փոշիացումի տեսարանին նաեւ: Պատմական Ուքրայնան կը կորսնցնէ իր դէմքը: Երբեմնի զբօսաշրջային անզուգական վայրերուն մէջ ուրուականներ կը բնակին: Մահուան դառնաղէտ շունչը ամէնուր է:

Ուքրայնայի 44 միլիոնէ աւելի բնակչութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը կը բնակէր քաղաքներուն մէջ, մինչեւ ռուսական ներխուժումը: Այժմ հիւսիսը գտնուող Խարքովէն եւ Քիեւէն մինչեւ հարաւային Մարիուփոլ, բազմաթիւ կիներ, երեխաներ տեղահանուած եւ լքած են իրենց տուները, իսկ քաղաքներուն թաղամասերը վերածուած են մարտադաշտերու: Տուները, կրթական կառոյցները, մշակութային հաստատութիւնները, առեւտուրի կեդրոնները եւ պատմական շինութիւնները կանգնած են ոչնչացման եզրին: Ուքրանական կործանիչները, պատերազմի սկզբնական օրերուն, սպասուածէն աւելի կոշտ հակազդեցութիւն ցոյց տուած են եւ այդ մէկը նոյնպէս աւերումի տարած է քաղաքները…

Երբ դպրոցական էինք, Խորհրդային անծայրածիր երկրին բոլոր քաղաքներէն դպրոցականներ իրարու նամակներ կը գրէին, կը ծանօթանային, բացիկներ կը ղրկէին… Այդպէս, ես ալ նամակներ կը գրէի եւ կը ստանայի եւ այդ նամակներուն մէջ շատ էին ուքրանական քաղաքներէն եկած բացիկներն ու գեղեցիկ նամակածրարները, որոնց վրայ Ուքրայնայի պատմական կառոյցներուն նկարները կային:

Ուքրանացի շիկահեր գեղեցկուհի դպրոցականներ կը ղրկէին իրենց քաղաքներուն պատկերներով քարտ-նամակներ, միշտ կը հիանայինք տեսարաններով, ինչ որ մեզի համար չտեսնուած էին: Այդ գունագեղ բացիկներն ու նամակները երկար ժամանակ կը պահէինք, կը դիտէինք՝ յոյսով, որ օր մը յայտնուինք այդ չքնաղ փողոցներուն մէջ, ուր կը հոսին գետեր եւ մշտադալար ծառերով փարթամ պուրակներուն մէջ նարնջագոյն սկիւռները, առանց վախնալու, մարդոց ուսերուն կ՚ելլեն…

Հեքիաթային այդ տեսարանները այլեւս անցեալ են: Մղձաւանջն է, որ կը տիրէ պուրակներուն մէջ, գետերը լեցուած են վառօդով, իսկ բնութեան տեսարանները խամրած են քարակոյտերու ետին… Անտառակներով հարուստ Ուքրայնան ուրիշ հագուստ հագած է…

Ռուսական յարձակումներուն առաջին թիրախներէն դարձաւ Խարքովը՝ արուեստով, գրականութեամբ եւ վիպականութեամբ լեցուն աննման քաղաքը՝ Ռուսաստանի սահմանին: Այսօր ահա պատերազմին մէկ ամիսը լրացաւ եւ մէկ ամսուան ընթացքին Խարքովը մշտապէս ռուսական հրետանիի ուժեղ կրակին տակ գտնուած է:

Երկրորդ Աշխարհամարտի ողջ զարհուրանքը ապրած Խարքովը, անցեալ տասնամեակներուն, ծաղկուն բնակավայր դարձած էր՝ գրաւիչ էր պատմական կառոյցներով, ամրոցներով, գրադարաններով, թատրոններով, մարդոցմով… Այսօր զայն կոչած են «21-րդ դարու Սթալինկրատ»՝ նկատի առնելով այն ողջ սարսափը, որ Սթալինկրատ քաղաքը (այսօրուան Վոլկոկրատը) ապրած է Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ. Ռուսաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ամենադաժան եւ ռազմական արշաւն էր Սթալինկրատի ճակատամարտը եւ, ահաւասիկ, նմանատիպ յարձակումի մը տակ է այսօր Խարքովը:

Անոր պատմութիւնը 1655 թուականներէն կը սկսի, երբ ուքրանացի քազաքները զայն հիմնեցին իբրեւ ամրոց՝ Խարքով, Լոպան եւ Ուտա գետերուն միախառնման տեղը:

Այսօր քաղաքին փողոցներուն վրայ փորուած խրամատերուն մէջ ուքրանացի զինուորն է, իսկ բնակելի շէնքերուն հարեւանութեամբ ուրիշ փոսեր կը փորուին, որոնց մէջ խումբերով կը թաղուին զոհուած խարքովցիները… Ողջ մնացածները կա՛մ լքած են քաղաքը կամ պատսպարուած են կայաններու եւ գնացքներու մէջ: Ենթակառուցուածքները, որոնք միլիոնաւոր մարդոց կը ծառայէին, ոչնչացուած են, այրած ինքնաշարժները նետուած են փողոցներուն աջ ու ձախ կողմերը, ապաստարաններուն մէջ ծերերը, հիւանդները կը սպասեն, որպէսզի վերադառնան տուն կամ հիւանդանոց, բայց տուները, բուժարանները քանդուած են, ապրուստը, գոյքը՝ ձիւնի, անձրեւի, քամիի, փլատակներուն մէջ ոտքի տակ անցած….

Որքա՜ն ժամանակ պէտք է մոռնալու այս սրտամաշ տեսարանները… Բնակչութեան թուաքանակով Ուքրայնայի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքն է Խարքովը՝ մինչեւ 1934 թուականը Ուքրայնայի մայրաքաղաքն էր: Եւ հակառակ որ Քիեւ յետոյ դարձած է Ուքրայնայի մայրաքաղաքը, սակայն Խարքով երբեք չէ կորսնցուցած իր դերը, նշանակութիւնը, եւ երկրի գիտական, արտադրական, երթեւեկի եւ ուսանողական կեդրոնը կը նկատուէր:

Հոս նաեւ մեծաթիւ հայկական համայնք կար՝ Ուքրայնայի հնագոյն հայկական համայնքներէն մէկը, որ երկու հայկական եկեղեցի ունեցած է, դպրոց, հոս տպուած է «Արեւելքի Արշալոյս» հայագիտական հանդէսը (1927-1931 թուականներուն), որ իր շուրջը համախմբած էր մտաւորականներ, հայագէտներ… Հիմա ժամանակը կանգ առած է քաղաքին մէջ, անցեալի փայլուն օրերը մշուշուած են, ամէն ինչ կը դառնայ օդային տագնապի ձայնին շուրջը, եւ տագնապի շչակներն են միայն, որ կենդանութեան շունչ կը հաղորդեն քաղաքին… Խարքովեան ծանր պատկերներու կրկնութիւնն է նաեւ ուքրանական այլ քաղաքներուն մէջ:

Մարիուփոլ նաւահանգիստային քաղաքը յայտնուած է ռուսական ուժերու շրջափակման մէջ: Ազով ծովու մեղմիկ հովերուն եւ խաղաղ օրօրին ներքոյ հիմնուած բնակավայրը անճանաչելի է հիմա: Քաղաքին մէջ նոյնպէս փոսեր կը փորուին, ուր դիակներ կը լեցուին: Անծանօթները յուղարկաւորող զինուորները յոյս ունին, որ յետագային՝ խաղաղութեան պայմաններու տակ, վերայուղարկաւորում կ՚ըլլայ, հարազատները կը ճանչնան իրենց մեռելները եւ կը տանին ընտանեկան գերեզմանոցներ…

Այս ի՛նչ դաժան ճակատագիր է 21-րդ դարու մարդուն համար. երբեք չէր կրնար ան նման անփառունակ վախճան պատկերացնել, չէր կրնար երեւակայել, որ հայրենի քաղաքին պաղ փողոցները պիտի ըլլան իր գերեզմանոցը… Մինչ Ռուսաստանը կը շարունակէ ռմբակոծել ծովափնեայ քաղաքը, օգնութեան խումբերը կ՚աղաղակեն, որ շատ բնակիչներ մնացած են առանց ջուրի, տաքութեան, առանց սնունդի եւ դեղերու: Ոմանք կը մահանան ոչ թէ ռումբերէն, այլ՝ պատերազմական հետեւանքներէն, ցուրտին, սովին եւ միւս ճնշումներուն չդիմանալով…

Ազնուականական անուն ունեցող քաղաքէն ոչ մէկ ազնուական հետք մնացած է: Այս քաղաքը Մարիուփոլ կոչուած է 1779 թուականին՝ ի պատիւ դանիացի արքայադուստր Մարիա Ֆէոտորովնային, որ ամուսնանալով ռուս Ալեքսանտր Գ. կայսրին հետ, դարձաւ Ռուսաստանի Կայսրութեան կայսրուհի։ Բոլոր անկիւնները անցեալի փառաւոր պատմութիւնը կը պատմէին:

Քաղաքին մէջ, ուր մինչ պատերազմը կար աւելի քան 400 հազար բնակիչ, այսօր աղէտ է: Ռուսական ուժերը անխնայ կը ռմբահարեն եւ կը հրետակոծեն բնակելի թաղամասերը, դպրոցներն ու հիւանդանոցները, քաղաքը պաշարուած է, ապաստարաններուն մէջ մարդիկ կեանքի եւ մահուան պայքար կը մղեն:

Պատերազմական անցեալը անծանօթ չէ անոնց, բայց այս մէկը դաժանագոյնն է: 2015 թուականին «Ազովի գումարտակը» ռուսերէն վերագրաւուած է քաղաքը եւ այսօր հակառակ կողմը վրէժխնդիր կերպով կը վարէ մարտերը: Կը յանձնուի՞ Մարիուփոլը, թէ՞ կը շարունակէ դիմադրել… Քաղաքը կ՚ունենա՞յ իր առաջուան գեղեցկութիւնը, կը ժպտի՞ն այնտեղ մարդիկ երբեւէ… Նայելով պատերազմի ընթացքին եւ Մարիուփոլի խեղդուող շունչին, դժուար է ըսել…

Յարձակողներուն թիրախին տակ կը գտնուի նաեւ Ուքրայնայի մայրաքաղաքը՝ աշխարհի ամենագեղեցիկ մայրաքաղաքներէն մին: Ով մէկ անգամ եղած է Քիեւ, դժուար թէ մոռնայ անոր կանչող փողոցները, կուռ ճարտարապետութիւնը եւ հնագոյն քաղաքակրթութիւնը, որ քիեւցիներ կը պահեն արժանապատիւ կերպով:

Ծանր հարուածներու ենթարկուած է նաեւ Օտեսան՝ «Սեւ ծովու մարգարիտ» կոչուող անզուգական նաւահանգիստը: Անոր թովչանքը անփոխարինելի էր, իսկ այսօր մենք կը տեսնենք քաղաքին անգութ ճակատագիրը:

Պուչան՝ անտառներու մէջ ծուարած գողտրիկ քաղաքը, նոյնպէս յարձակման տակ է: Չերնիկովի, Խերսոնի, Սումիի եւ ուքրանական առնուազն 25 քաղաքներու զանազան կառոյցներուն ուղղութեամբ արձակուած են հրթիռներ, աւերածութիւնները անհաշիւ են…

Ուքրանական ծաղկուն քաղաքներուն մարող հմայքին ականատես կ՚ըլլայ ողջ աշխարհը: Ուքրայնայի հռչակաւոր լեռները, լիճերը, գետերը, տափաստանները նոյնպէս խեղդուած են պատերազմական ծուխի եւ մուխի մէջ: Մեծապէս կը վնասուի երկրին ճարտարապետութիւնը, որ արեւելեան ուղղափառ քրիստոնէութեան ազդեցութեամբ դարերու ընթացքին ամուր կերտուած շինարարական բարձր արուեստ մըն է: Զբօսաշրջիկները կը գրաւէր նաեւ երկրին ինքնատիպ ճարտարապետութիւնը, ոսկեայ դարպասները եւ ամրոցներու տեսքով ստեղծուած քաղաքները:

Ողջ աշխարհը շունչը պահած կը հետեւի այս պատերազմին: Դատապարտումներ կը հնչեն, պատժամիջոցներ կը կիրառուին, բայց մարդոց խորտակուած ճակատագրերուն եւ կործանուող երկրին դիմաց անիմաստ կը դառնան բոլոր դատապարտումները: Մարդկային իրաւունքներու մասին երբեւէ հնչած բոլոր խօսքերն ու ընդունուած բոլոր բանաձեւերը գեղեցիկ կազմուած բառեր են ընդամէնը: Հաւասարապէս ափսոս ու մեղք է թէ՛ ռուս զինուորի հարազատին, թէ՛ պատերազմի մէջ ներքաշուած ուքրանացին: Պատերազմող երկու կողմերուն համար մահը նոյն դէմքը ունի, մահուան ու խորտակումի նաւը նոյն յատակը կ՚իջեցնէ բոլորը:

Մարդկութիւնը կրկին փակուղիի առջեւ կեցած է:

Պատերազմները կը տանին դէպի փակուղի: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Եւրոպայի մէջ սկիզբ առած այս ամենամեծ ռազմական հակամարտութիւնը նաեւ եւրոպական բոլոր արժէքները կը խորտակէ…

Աւելի քան 2.9 միլիոն ուքրանացիներ լքած են երկիրը, յառաջացած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր Եւրոպայի մէջ փախստականներու ամենախոշոր ճգնաժամը: Պատերազմներուն կը յաջորդեն քաղաքական, տնտեսական եւ միւս ճգնաժամերը եւ այսպէս աշխարհը կրկին դէպի ճգնաժամ կ՚երթայ…

Պատերազմները շփոթութեան, անորոշութեան կը մղեն ո՛չ միայն պատերազմող երկիրներու բնակչութիւնը, այլ՝ առհասարակ, ամբողջ աշխարհի մարդիկը: Աշխարհի բոլոր երկիրները բազմաթիւ թելերով կապուած են իրարու, եւ որեւէ պատերազմ այլեւս տուեալ երկրի ժողովուրդին պատերազմը չէ: Համամարդկային աղէտ է, անընդունելի միջոց՝ հարցեր լուծելու համար եւ անմոռանալի ցաւ, որ կը խեղէ մարդոց ճակատագիրը եւ կը շեղէ աշխարհի ապագան…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022