ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ
Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Վարդանանց զօրավարներուն եւ 1036 վկաներուն յիշատակութեան օրը: Անոնք Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն են, որ իրենց նահատակութեամբ հաստատեցին հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ լինելիութեան իրաւունքը: Պատահական չէ, որ Հայ Եկեղեցին յետագայ դարերուն ալ սերտօրէն կապուած է հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Այսօր Ս. Պատարագ կը մատուցուի տօնին առթիւ եւ անգամ մը եւս կը փոխանցուի տօնին խորհուրդը, որ կրկին արդիական է, քանի հայ ժողովուրդը դարձեալ իր լինելիութեան պայքարը յառաջ կը տանի, ինչպէս դարեր շարունակ…
ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ
Եկեղեցական կարգով նշումէն եւ կրօնական դըր-սեւորումէն զատ Վարդանանց տօնը ունեցած է նաեւ իր ժողովրդական արտայայտութիւնները, որոնցմէ շատ քիչեր, ցաւօք, պահպանուած են այսօր:
Աւանդոյթները մոռցուած են, բայց մեզի հասած են արուեստի, ժողովրդական բանահիւսութեան եւ ազգագրութեան մէջ արտացոլուած դրուագներ, որոնք կը վերաբերին Վարդանանց տօնին:
Հայ ժողովուրդը հինգերորդ դարու իր զօրավարը՝ Վարդան Մամիկոնեանը սրբացուցած է, լիովին գիտակցելով անոր սխրանքը, որ կատարած է իր ժողովուրդին համար եւ արժեւորելով այն դերը, որ Վարդան ձգած է պատմութեան մէջ: Զօրավարին հանդէպ սիրոյ, ակնածանքի եւ բարեխօսութեան վկայութիւններն են «Սուրբ Վարդան» անունով եկեղեցիները, սրբատեղիները, որ սփռուած են Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Այսօր ալ Հայաստանի որոշ վայրերուն մէջ մարդիկ Վարդանանց տօնին առթիւ ուխտագնացութիւն կը կատարեն դէպի «Սուրբ Վարդան» կոչուող եկեղեցիները, մատուռները, ժողովրդական դարձած ուխտատեղիները:
Աւանդազրոյցներ, գրաւոր ու բանաւոր պատումներ կան, ըստ որոնց այդ սրբավայրերէն ամէն մէկուն մէջ ամփոփուած է Վարդան զօրավարին մասունքներէն կամ այդ վայրերուն մօտ, քարերուն վրայ, կաթած է զօրավարին արիւնը: Հաւատացեալները առանձնայատուկ վերաբերմունք կը տածեն անոնց հանդէպ եւ Վարդանանց տօնը կը նշանաւորեն այցերով, գիշերելով նաեւ Վարդանին անունը կրող սրբավայրերուն մէջ:
Որոշ բնակավայրերու մէջ, օրինակ՝ Նոր Պայազէտի, ի յիշատակ Վարդանանց նահատակներուն, հնգօրեայ պահք պահած են, հակառակ որ այդ օրերուն եկեղեցական տօնացոյցին մէջ երբեւէ պահք չէ սահմանուած, բայց շատ հաւատացեալներ կամաւոր կերպով պահեցողութեան տրուած են եւ այդպէսով Մեծ պահքի եօթը շաբաթը անոնց համար դարձած է ութ:
Հին հայաշխարհի մէջ իրաւամբ շատ կարեւորութիւն տուած են տօնին: Անուանակոչութեան տօներուն մէջ Վարդանանցը նկատուած է նաեւ գլխաւոր անուանակոչութեան տօն եւ յաճախ գիւղերուն մէջ տօնը նշած են Վարդան անունով գիւղացիներուն տան մէջ, մատաղ ըրած են, իսկ կերուխումէն ետք կամ առաջ բեմադրած են Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած ներկայացում: Այդ մէկը աւելի շատ խաղ-բեմականացում էր, որուն մասնակցած է ողջ համայնքը, նոյնիսկ տանտէրն ու երէցը։
Մասնակիցները բաժնուած են երկու խումբի՝ ներկայացնելով հայկական եւ պարսկական բանակները, ընտրած են հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները, զգեստաւորուած են համապատասխան հագուստներով, ինքնաշէն զէնքերով, բաժնուած՝ հեծելազօրի ու հետեւակի: Յատուկ կերպով զարդարուած է Վարդանին հագուստը, գլխարկը: Պատրաստած են դրօշներ, զինանշաններ: Այս տօնը նաեւ կոչած են Վարդանի ցուցք: Հանդերձանքը պահպանուած եւ փոխանցուած է յաջորդ տարիներուն տօնախմբութիւն կատարողներուն:
Ինչպէս կը տեղեկանանք հայ ազգագրութեան պատմութենէն, այս տօնական հանդիսութեան ամենատպաւորիչ դրուագներէն եղած է Ղեւոնդ Երէցի ոգեշնչող խօսքը, բեմականացման ժամանակ հնչած է նաեւ Վարդան զօրավարի՝ խրախոյսով լի ճառը: Եղած են նաեւ ողբասաց կիներ, որոնք տաղեր ու ժողովրդական ձօներ արտասանած են օրուան նահատակներուն յիշատակին: Խաղին մասնակից երեխաներն ալ իրենց կարգին բանակներու բաժնուած են: Եթէ ձիւն եղած է դուրսը, ձիւնագնդակ խաղացած են:
Այս ամէնուն կ՚ուղեկցէր հայրենասիրական երգերն ու երաժշտութիւնը: Երբեմն նաեւ խումբը կը շրջէր բնակավայրին փողոցները եւ Վարդանանցի ոգին կը ջանար փոխանցել երգ ու նուագով:
Այս աւանդոյթները այսօ՝ր կենցաղէն դուրս մնացած են, սակայն չեն մոռցուած: Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, կրթական եւ մշակութային կառոյցներ կը ջանան վերադարձնել նախնեաց աւանդոյթները, տօները, սովորոյթները: Վարդանանցի ժողովրդական տօնը անոնցմէ մէկն է, որ կը փորձեն ներմուծել նոր սերունդի կեանքին:
ԲԵՐԴԱԽԱՂ ԵՒ ԹԼԽԱՂԻՐ
Ժամանակին, մեր նախնիները, Վարդանանցը տօնելու ընթացքին նաեւ Բերդախաղ եւ Թլխաղիր անունով արարողութիւններ կը կատարէին: Բերդախաղը մանուկներուն խաղն էր. անոնք ձիւնէ երկու բարձր բերդեր կը շինէին, խորշեր կ՚ընէին եւ զանոնք կը լեցնէին ձիւնագնդիկներով, այնուհետեւ պատերազմ բեմադրելով, իրարու վրայ կը նետէին ձիւնագնդիկները: Յաղթող կողմը բերդին կէսը կը քանդէր կամ պարզապէս կը գրաւէր զայն: Յետոյ երկու կողմերը միասնաբար կը վերականգնէին բերդերը եւ այդպէս կը ձգէին:
Եթէ եղանակը ցրտաշունչ էր, ապա բերդերը կը մնային մինչեւ Մեծ պահք, Ս. Լուսաւորիչի, նոյնիսկ՝ Ծաղկազարդի տօներ: Այս գնդիկախաղը նաեւ զուարճանքի կը վերածուէր. պզտիկները խաղին մէջ կը ներքաշէին մեծերը:
Մարաշի մէջ Վարդանանցի օրուան յաջորդող Բարեկենդանին առթիւ, մինչեւ 1860-ական թուականները, տարածուած եղած է «Թլխաղիր» կոչուող խաղը: Կիները բահ կը վերցնէին եւ անոր կու տային «Թլխաղիր» անունը, ապա, իբրեւ հարս, բահին շրջազգեստ կը հագցնէին, գլուխը հարսնաքօղով կը ծածկէին, կը զարդարէին եւ տունէ տուն կը տանէին, մասնայատուկ խաղեր եւ կատակերգութիւններ կը բեմադրէին: Աւարտին բահը կը տնկէին բակին մէջ եւ մինչեւ գիշեր կը պարէին անոր շուրջը:
Այս մէկը ազգագրութեան մէջ բնութագրուած է նաեւ իբրեւ հողագործական աշխատանքներու վերսկսման առընչուող արարողութիւն, երբ մարդիկ տուրք տուած են իրենց օգնականին՝ բահին: Արարողութիւնները սովորաբար Բարեկենդանին կը համընկէին եւ մարդիկ քանի մը օր զուարճանքներու ազդեցութեան տակ էին:
Թլփաղիրն ալ մնացած է իբրեւ Բարեկենդանի աւանդական տիկնիկ: Իսկ ահաւասիկ, Մուսալեռի մէջ Վարդանանց տօնը կոչած են «Հարբեցողներու օր»: Առհասարակ, Վարդանանցը հայոց համար միշտ եղած է բարի գործի եւ ազգային տուրքի օր, նուիրատուութիւններ կատարած են եկեղեցւոյ, աղքատախնամ կազմակերպութիւններուն, որբերուն եւ մանաւանդ՝ պատերազմի վիրաւորներուն:
ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՄԷՋ
Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած են նաեւ երգեր, տաղեր, վէպեր, բանաստեղծութիւններ եւ գրական այլ գործեր: «Վարդան զօրավար», «Պլպուլն Աւարայրի», «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան» գործերը, «Նորահրաշ» շարականը եւ այլ հիանալի երգեր կան, որոնք բարեբախտաբար հասած են մեր օրեր եւ կ՚երգուին տօնին եւ ուրիշ առիթներով:
Վարդանանց խորհուրդին նուիրուած են հայ կերպարուեստի բազում գործեր, ամենէն յայտնին՝ Գրիգոր Խանջեանի «Վարդանանք» կտաւն է (1981): Անաւարտ մնացած այս մեծադիր կտաւին օրինակով, 1983 թուականին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի պատուէրով, Գրիգոր Խանջեան ստեղծած է համանուն գորգանկարը՝ որմագորգը: Այս նկարին մէջ արտայայտուած է Եղիշէ պատմիչի՝ Վարդանանց պատերազմին մասին ըսուած խօսքերէն «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն» խօսքերը:
Վարդանանց խորհուրդին դիմած են բազմաթիւ նկարիչներ, արձանագործներ, երաժիշտներ, գրողներ: Վարդան Մամիկոնեանի կերպարը փառաւորապէս տեղ գտած է հայ արուեստի, քանդակագործութեան մէջ, ստեղծուած են անոր դիմանկարները, արձանները, ձիարձանը եւ այլ տպաւորիչ գործեր: Պետրոս Դուրեանի «Երգ մարտին Վարդանանց» ստեղծագործութիւնը նոյնպէս այս օրուան խորհուրդը ունի:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆՆ ՈՒ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՈԳԻՆ
Ծանօթ է, որ պատանի Վահան Թէքէեանի ներաշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած են շատ մը իրողութիւններ, որոնց կարգին էին նաեւ իրենց տան մէջ պահուող երկու նկարներ՝ իտալացի գործիչ Կարիպալտիին եւ Վարդան զօրավարին նկարները: Թէքէեանի քերթողական մտածողութեան ինքնատիպ կողմերէն մէկը գրականագէտները կը նկատեն հայկական պատմական իրողութիւններուն, անձերուն, ազգային արժէքներուն շատ յաճախակի եւ իմաստալից գործածումը իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Այդ մէկը նկատելի է նոյնիսկ Թէքէեանի բանաստեղծական խորագրերուն մէջ՝ «Յարալէզներ», «Հրազդան», «Կոմիտաս Վարդապետ», «Լուսաւորչի կանթեղը», «Սփիւռք», «Սուետիա», «Եկեղեցին հայկական» եւ այլն: «Խորհուրդ Վարդանանց» եւ «Վարդանանց» քերթուածները նոյնպէս այդ կարգի կը պատկանին:
ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
Ա.
Գիշեր մը երբեք այսպէս լուռ ու լուրջ,
Չէ դիզուած հսկայ բանակի մը շուրջ:
Եւ բանակ մ՚երբեք խաւարին մէջտեղ,
Չէ եղած այսպէս լուսագեղ, անմե՜ղ:
Երկինքն այս գիշեր երկիրը կ՚օրրէ
Հոգիներն Հայոց իրմով կը խմորէ:
Հոս խաչեր եւ հոն սաղաւարտ ու սուր՝
Խաւարի ծովում շիթերն են մաքուր:
Խըթո՜ւմ է կարծես.- Ամէն կողմ ահա
Կոչնակներու կանչն հանդարտ կը թրթռայ:
Ամէն կողմ սեղան, մոմեր, երէցներ,
Բանակը ճաշակ կ՚առնէ այս գիշեր:
Էն վերջը Վարդան՝ գլխաբաց, հետի,
Կու գայ հաղորդուիլ արեա՛մբն Յիսուսի:
Բ.
Դաշտն՝ արշալոյսին խունկ է, կը մըխա՜յ,
Զէնքերու շաչիւնն իր շուրջն է ծնծղայ:
Թշնամի բանակն ամպի պէս խաւար,
Կ՚երեւայ հեռուն եւ կը սահի վար…:
-«Վասըն Յիսուսի, Վասըն Հայրենեաց՝
Յառա՜ջ», Վարդանի ձայնը հո՛ն գոռաց…:
Քիչ յետոյ արդէն խառնուրդն է անհուն…
Կեանքէ կեանք կ՚երթան զինուորներն Հայուն…:
Կը նետուին ընդդէմ սուրի՛ն, նիզակի՛ն,
Որոնք խաչերուն վրայ կը կոտրին:
Վարդան, իր ճերմակ ձիով, զըրահով,
Ամէնքէն առաջ, ամէնքին է քով:
-«Յաղթեցինք կ՚ըսէ Պարսիկը փախաւ…»
Եւ կ՚իյնա՜յ՝ տալով իր հոգին անբաւ…:
Գ.
Մութցած երկինքին ներքեւ՝ արեւի
Ճաճանչ մը, յանկարծ, գետնէն կը ծագի:
Եւ մութցած, սառած դէմքերուն անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Վարդանի հոգին, հըրագո՛ւնտ անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Հոգիներուն մէջ ան կ՚երթայ առաջ՝
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:
Կը զարնէ խաչովն ու սուրովն գիր,
Կը գըրէ, կ՚օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:
Դարերը կ՚անցնին՝ բայց Վարդա՛նը Քաջ,
Բայց Վարդա՛նը Սուրբ կ՚երթայ միշտ առաջ:
ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ
(Նախերգանք)
Պատերազմ էր Հաւատքի եւ Հայրենեաց փրկութեան...
Կ՚իջնէր վերջին իրիկունն, ու արիւնները վաղուան
Հորիզոնին վրայ կարծես էին կանխաւ ցոլացած
Փայլատակող, եռացող, բարձրացող առ Աստուած...:
Դաշտը ամբողջ կը դողար իր խոր անունն՝ Աւարա՜յր
Արձագանգուած լըսելով ժամանակին մէջ անծայր...
Գետը Տըղմուտ կը հոսէր՝ պղտոր անունը իրեն
Ադամանդի պէս բարձած, պսպըղալէն, թրթռալէն...:
Հոն գագաթին Մասիսի, հին աստուածները Հայոց
Կը հսկէին համախումբ՝ արձակելով ծուխ ու բոց
Նոր աստուծոյն դէմ քէնոտ, բայց սրտեռանդ, անհամբեր...:
Եւ դիմացէն, քաղցրանիստ Արագածին ի վերեւ,
Քրիստոս իջած, պահուըտած ճերմակ ամպի մը ետեւ,
Ինչպէս գիշերն իր վերջին՝ բազկատարած կ՚աղօթէր...:
ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԷԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ