ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՓՆՏՌԵԼՈՎ…
Մարդիկ կը կարծեն, որ երջանկութեան միակ աղբիւրը աշխատանքը, դրամը կամ իշխանութեան ձեռքբերումն է, բայց երջանկութեան պատճառները իրականութեան մէջ շատ աւելի տարբեր են։ Ոմանց համար երջանկութեան որոնումը կը ցուցադրուի որպէս կեանքի ամենահիմնական նպատակը, իսկ ոմանց համար սա ակնթարթային բաւարարուածութեան հասնելու միջոց մըն է։ Երջանկութեան որոնումը կրնայ տարբեր դրսեւորումներ ունենալ ըստ անհատի, բայց փաստ է, որ ներկայ շրջանի պայմաններով մարդոց մեծամասնութեան երջանկութիւնը կապուած է միայն նիւթական արժէքներու հետ։
Եկէք պահ մը տրամադրենք մենք մեզի համար. ի՞նչ կ՚ուզենք կեանքէն, ինչո՞ւ կ՚ուզենք այդ բաները եւ ո՞րն է կեանքի մեր ջանքերու, հետապնդումներու եւ գործողութիւններու վերջնական նպատակը։ Այս հարցումներու պատասխանները մեզմէ շատեր կը տանին հետեւեալին. մենք կեանքէն երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն կ՚ակնկալենք: Մենք ո՛չ միայն կ՚ուզենք ապրիլ, այլեւ՝ բարւոք ապրիլ։
Երջանիկ ու բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու փափաքը շատ ուժեղ է մեր մէջ։ Աւաղ, այդքան ալ դիւրին չէ իրականացնել մեր այս ցանկութիւնը։ Մենք սա կ՚ուզենք, կը ջանանք, բայց երջանկութիւնը տակաւին հեռու կը թուի: Ուրեմն ինչպէ՞ս կրնանք աւելի երջանիկ ըլլալ եւ աւելի գոհ ապրիլ։ Այս հարցման պատասխանելու համար նախ պէտք է հասկնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուի երջանկութիւնը։ Ինչպէս սխալ քարտէսներով ու կոտրած կողմնացոյցով սկսած ճամբորդութիւնը նպատակակէտին չեն տանիր, այնպէս ալ մեր կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին կարիք ունինք երջանկութեան ճիշդ ըմբռնման առաջնորդութեան։
Իւրաքանչիւր մարդու կենսապայմանները, նպատակները, երազանքները, անհատականութիւնը, սովորութիւնները եւ ապրելակերպը կրնան տարբերիլ: Նմանապէս, այս տարբերութիւնները իւրաքանչիւր անհատը կը դարձնէ առանձնայատուկ ու եզակի։ Բայց եթէ կ՚ուզենք հասարակաց լեզու գտնել բոլոր մարդոց կեանքի նպատակներու մէջ, ապա կը պայմանաւորուինք երջանկութեան որոնման հարցով։ Երջանկութիւն գտնելու պատճառները կրնան տարբեր ըլլալ իւրաքանչիւր մարդու համար։ Այնուամենայնիւ, երջանկութիւնը իրականութեան մէջ շատ պարզ, մատչելի եւ դիւրին պատճառներու մէջ է։
Երջանկութիւնը պէտք չէ դիտարկուի որպէս արդիւնք, այլ պէտք է արժեւորուի նաեւ որպէս գործընթաց մը, որու ընթացքին մարդ կը յաղթահարէ բոլոր տեսակի հակասութիւններն ու դժուարութիւնները, ապա կը հասնի ներդաշնակութեան՝ բնութեան, այլ մարդոց, նաեւ ինքն իր հետ։
Իւրաքանչիւր գործընթաց, որ մղուած է փնտռելու իմաստալից կեանք մը՝ արտադրելով առանց էութենէն անջատուելու, առանց մարդոցմէ օտարուելու, իսկական երջանկութիւն է։ Երջանկութիւնը միայն նպատակ մը, մրցավազք մը չէ, որ կ՚աւարտի, երբ հասնինք նպատակին։ Երջանկութիւնը՝ նպատակներուն տանող ճանապարհորդութեան ընթացքին մեր բոլոր դրական արձագանգներն են։
Երջանկութիւնը մտքի ու սրտի իրարու վրայ կեդրոնացումն է։ Երջանկութեան հասնելու համար պէտք է կարենալ այլ աչքով մը՝ սրտի աչքով նայիլ ու տեսնել չտեսնուածը։
Իսկական երջանկութեան հասնելու ամենակարեւոր քայլերէն մին սրտանց մատուցելն է։ Անոնք, որոնք կը մտածեն ստանալ առանց տալու, չեն կրնար յաղթահարել դժբախտութիւնը, տխրութիւնը։ Այստեղ տալը չի նշանակեր միայն նիւթական բաներ, այլ կը նշանակէ կարենալ տալ սեփական էութենէն, այսինքն՝ զոհաբերել։
Այն ինչ որ մեզ երջանիկ կամ տխուր կը դարձնէ, մեր տեսակէտն է կեանքի նկատմամբ։ Երջանիկ մարդը չի զսպեր իր զգացումները եւ կրնայ ազատ արտայայտել զանոնք։ Մարդիկ պէտք է կարողանան լալ, խնդալ, զայրանալ եւ սիրել՝ երբ պէտք է: Դրական զգացումները կը բարելաւեն կեանքի որակը։
Երջանկութեան եւ մեր զգացումներու կառավարումը մեր ձեռքին է։ Մարդիկ, որոնք կրնան սիրել եւ սիրուիլ համակրական հասկացողութեամբ, երախտագիտութեամբ եւ խանդավառութեամբ, հասած են երջանկութեան առանցքային կէտերուն:
Երբեմն աշխարհը շատ ձանձրալի կը թուի, բայց այդ պարագային յաճախ անտեսանելի կը դառնան աշխարհի գեղեցկութիւնները։ Այդ կերպով երբեք կարելի չէ տիրապետել յաջողութեան։ Երջանկութիւնը առաջին հերթին կապուած է ոչ թէ հեռանկարի, այլ մեր ունեցածի հետ:
Բոլորի հասարակաց փափաքն է երջանիկ ըլլալ։ Բայց ի՞նչ կ՚ընենք ուրիշները երջանկացնելու մասին։ Երջանկութիւնը բաժնելով կը մեծնայ եւ առօրեայ կեանքի մրցավազքին մէջ երբեմն կարելի է անտեսել այն մարդիկ, որոնք կրնաք երջանկացնել նոյնիսկ պարզ գործողութեամբ մը։
Այնուամենայնիւ, համագործակցութիւնն ու համերաշխութիւնը չափազանց կարեւոր հասկացութիւններ են ինչպէս հասարակութիւններու, այնպէս ալ երջանկութիւն փտնռող բոլոր մարդոց համար։ Ինչպէս մէկ ուրիշը կրնայ նպաստել մեր երջանկութեան, այնպէս ալ մենք կրնանք ընել հնարաւորը մեր շրջապատի համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ