ՄԱՏԹԷՈՍ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍԵՑԻ (ՉՈՒՀԱՃԵԱՆ-ՉՈԻԽԱՃԵԱՆ) ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ծնած է 22 օգոստոս 1802-ին, Կոստանդնուպոլիս:

1826-ին կուսակրօն քահանայ օծուած է:

1834-ին, Կ.Պոլսոյ Ստեփանոս Աղաւնի Պատրիարքին թելադրութեամբ, գործակցած է Գրիգոր Դպիր Փէշտիմալճեանին՝ նպաստելով «Յայսմաւուրք»ի տպագրութեան գործին: Այդ տպագրութիւնը իրականացած է Տէր Իսրայէլի ընտիր օրինակին համաձայն:

1835-41 տարիներուն եղած է Պրուսայի առաջնորդ:

1838-ին օծուած է եպիսկոպոս:

1841-44-ին եղած է Զմիւռնիոյ առաջնորդ:

1844-ին Կ.Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած է եւ պաշտօնավարած է մինչեւ 1848-ը: Պատրիարք ընտրուելէ մէկ շաբաթ ետք, որպէս պատրիարք մատուցած է իր անդրանիկ Պատարագը: Պատարագի ընթացքին յիշատակած է Ամենայն Հայոց Ներսէս Ե. Աշտարակեցիի անունը, վերահաստատելով նախկին աւանդութիւնը, որ 1828 թուականէն սկսեալ ընդհատուած էր Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան ենթակայ թեմերէն ներս: Մատթէոս Պատրիարքի ջանքերով կարգաւորուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ յարաբերութիւնները: Կ.Պոլսոյ պատրիարքը ճանչցուած է որպէս Մայր Աթոռի փոխանորդը, նուիրակն ու գանձապետը, այսինքն՝ միակ եւ լիազօր ներկայացուցիչը, որով արգիլուած է ուրիշ նուիրակներու գալն ու երթալը, դրամահաւաքներ կազմակերպելը: Միաժամանակ, յստակեցուած են թեմական բաժանումներու սահմանները:

Իր գահակալութեան տարիներուն ան նաեւ սկիզբ դրած է Կ.Պոլսոյ մէջ գործող միւս փոքրամասնութիւններու պատրիարքներուն եւ կրօնական համայնքներու ղեկավարներուն միջեւ փոխայցելութիւնները: Իրողութիւն մը, որ առիթ հանդիսացած է Հայոց Պատրիարքութեան հեղինակութեան բարձրացումին:

1841-ին կառավարութեան որոշումով փակուած է Սկիւտարի Հայոց Ճեմարանը եւ վերածուած է զինուորական հիւանդանոցի: Չուհաճեանը պատրիարք դառնալէն անմիջապէս ետք ամէն ջանք կը թափէ վերաբանալու համար ճեմարանը: Իր փորձերը իրենց արդիւնքը կ՚ունենայ եւ ճեմարանը իր դռները դարձեալ կը բանայ 1845-ին: Ան նաեւ նոր դպրոցներ հիմնադրած է ու բացած է Սամաթիոյ, Զմիւռնիոյ եւ այլ վայրերու մէջ: Անոր գահակալութեան տարիներուն, Կ.Պոլսոյ մէջ գործած են 25 բարձրակարգ վարժարաններ: Գործած են նաեւ բազմաթիւ տպարաններ: Հրատարակուած են մի քանի նշանաւոր պարբերականներ:

Մատթէոս Պատրիարքի ջանքերով ձեւաւորուած են արեւմտահայ ազգային իշխանութիւններու զոյգ մարմինները՝ Հոգեւոր ժողովը (14 անդամով), որու ատենապետ ընտրուած է 1855-ին, եւ Գերագոյն ժողովը (20 անդամով): Այս երկու զոյգ մարմինները յետագային հիմք ծառայած են Ազգային Սահմանադրութեան մշակումին ժամանակ:

21 սեպտեմբեր 1848-ին, հրաժարած է պատրիարքութենէն՝ ամիրաներու ճնշումին հետեւանքով:

Հրաժարելէն ետք նշանակուած է Կ.Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քարոզիչ:

11 մայիս 1853-ին ընտրուած է Արմաշի վանքի վանահայր:

1853-ին ընտրուած է նաեւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ: Առաջնորդութիւնը վարած է մինչեւ 14 դեկտեմբեր 1854-ը:

17 մայիս 1858-ին ընտրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, յաջորդելով Ներսէս Ա. Աշտարակեցիին: Կաթողիկոս օծուած է 15 օգոստոս 1859-ին:

Իր կաթողիկոսական տարիներուն զգալիօրէն աշխուժացուցած է ազգային-եկեղեցական կեանքը: Ջանացած է բարեկարգել Մայր Աթոռը, կարգաւորել վանական ներքին կեանքն ու կենցաղը: Կարգաւորած է Մայր Աթոռի մատենադարանը եւ Դանիէլ Վրդ. Շահնազարեանը նշանակած է մատենադարանապետ: Շահնազարեան Վրդ.ին յանձնարարած է կազմել լիակատար ձեռագրացուցակ մը, որ Վրդ.ը կազմելով հրատարակութեան տրուած է 1863-ին Թիֆլիզի մէջ, 230 էջերէ բաղկացած, «Մայր ցուցակ ձեռագիր մատենից գրադարանի Սրբոյ Աթոռոյն Էջմիածնի» խորագիրով, որ առաւելաբար յայտնի է «Կարինեան ձեռագրացուցակ» անունով: Այս հատորին մէջ ընդգրկուած է 2340 միաւոր:

1861-ին հաստատած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցի կանոնադրութիւնը: Միաժամանակ Չուհաճեանը սահմանած է ծխական ու թեմական դպրոցներու ծրագիրներն ու կանոնագրերը:

Մատթէոս Ա. Ամենայն Հայոց կազմած է Հայ Եկեղեցւոյ նոր կանոնադրութիւն մը՝ «Կարգ եւ կանոն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսութեան», նպատակ ունենալով Կաթողիկոսին իրաւասութիւնները ընդլայնել: Ասիկա փորձ մըն էր «Պոլոժենիէ»ի կարգ մը յօդուածները մեղմացնելու: Կանոնադրութիւնը մշակելէ ետք ներկայացուցած է կառավարութեան՝ հաստատումի համար, բայց եւ այնպէս անպատասխան մնացած է:

Մատթէոս Ա. Կ.Պոլսեցին իր ժամանակի ամենէն նշանաւոր աստուածաբաններէն մէկը եղած է: Պահպանողական, եկեղեցական աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն հաւատարիմ անձնաւորութիւն եղած է: Նաեւ, Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին ու սկզբունքներուն ամենազօրաւոր ջատագովներէն մէկը եղած է: Բազմակողմանի գիտելիքներով հարուստ հոգեւորական մը եղած է: Բեղուն գրիչ ունեցած եւ մտաւոր հսկայ ժառանգութիւն ձգած է: Շուրջ մէկ տասնեակ կրօնագիտական եւ աստուածաբանական գիրքերու հեղինակ է:

Որպէս պատրիարք, ապա որպէս Ամենայն հայոց հայրապետ, անհաշտ պայքար մղած է արեւմտահայ եւ արեւելահայ բողոքականներու, ինչպէս հայ կաթոլիկներու դէմ: Պայքարած է նաեւ պապական նկրտումներուն դէմ, որ տարբեր ձեւերով ու միջոցներով կը փորձէին խանգարել Հայ Եկեղեցւոյ կեանքը:

Մատթէոս Ա. վախճանած է 22 օգոստոս 1865-ին: Անոր մարմինը ամփոփուած է Սուրբ Գայիանէ վանքի գաւիթին մէջ:

Այստեղ կը ներկայացնենք Մատթէոս Ա. Հայրապետին հրատարակուած գիրքերը:

1842-ին գրաբարով հրատարակուած է «Խորհրդածութիւն շնորհաց եւ նշանաց եւ խորհրդոց քրիստոնէական Սուրբ Եկեղեցւոյ» աշխատասիրութիւնը, բաղկացած 160 էջերէ, որու մէջ հայրապետը ներկայացուցած է քրիստոնէական վարդապետութեան սկզբունքներն ու դաւանանքը: Ներկայացուցած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքը:

1854-ին հրատարակուած է «Հանդիսարան ուղղափառութեան հայոց եկեղեցւոյ» ջատագովական աշխատասիրութիւնը, բաղկացած 439 էջերէ, որ գլխաւորաբար ուղղուած է պապականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան այն հեղինակներուն, որոնք Հայ Եկեղեցին հերձուած եւ հերետիկոս համարած են:

1856-ին Կ.Պոլսոյ մէջ հրատարակուած է «Բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ» աշխատասիրութիւնը, բաղկացած 320 էջերէ, որ հայրապետին ձգած ժառանգութեան ամենէն նշանաւոր աշխատասիրութիւնը կը համարուի: Գիրքը բաղկացած է 320 էջերէ: Երկասիրութիւնը հակաճառութիւն մըն է բողոքականութեան եւ կաթոլիկութեան դէմ:

1861-ին Էջմիածինի մէջ հրատարակուած է «Ծանօթութիւն ի վերայ մասանց սրբոց» գիրքը, բաղկացած 68 էջերէ: Գիրքին մէջ հայրապետը կը խօսի սուրբերու մասունքներուն ընդմէջէն Աստուծոյ գործած հրաշքներու մասին:

1861-ին Մոսկուայի մէջ հրատարակուած է «Հաստատութիւն ստուգութեան Դաշանց թղթոյն» գրքոյկը, բաղկացած 16 էջերէ:

1861-ին դարձեալ Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած է «Հերքումն զրախնդիր վայրաբանութեանց ոմանց մերազնեայ տկարամիտ անձանց» աշխատասիրութիւնը, բաղկացած 80 էջերէ: Այս աշխատութիւնը եւս ջատագովութիւն մըն է խումբ մը տկարամիտ անձանց, ինչպէս յորջորջած է զանոնք հայրապետը, որոնք իրենց հաւատքը կը տարբերակէին Սուրբ Էջմիածինի հաւատքէն:

1861-ին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած է «Ուղեցոյց քրիստոնէական ուղղափառ վարդապետութեան» գիրքը, բաղկացած 194 էջերէ: Գիրքին բովանդակութիւնն ու նպատակը նոյնինքն հեղինակէն կ՚իմանանք, որ կը գրէ. «Այս Աստուածապարգեւ ուղեցոյցը ցոյց կու տայ մեզի զգաստանալ ճշմարտութեան ճանապարհին, եւ հեռու մնալ խաբէութեան ճամբաներէն»:

1862-ին Թիֆլիզի մէջ լոյս տեսած է «Հայելի աստուածային շնորհաց» աշխատութիւնը, բաղկացած 171 էջերէ: Այս գիրքին մէջ հայրապետը Սուրբ Գիրքին լոյսին տակ կը խօսի աստուածային շնորհներուն մասին:

1863-ին Թիֆլիզի մէջ հրատարակուած է «Դիտողութիւն ճշմարտութեան Ս. Աւետարանին Յիսուսի Քրիստոսի» գիրքը, բաղկացած 42 էջերէ: Այս գիրքը պատասխան մըն է 1854-ին Փարիզի Մուրատեան վարժարանի հրատարակած «Վարք Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, եւ Պատմութիւն վարուց Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» գիրքին, որու մէջ ըստ Կ.Պոլսեցիին ահագին շփոթեցուցիչ եւ Աւետարանին հակառակ գրութիւններ կան, որով ան Աւետարանին լոյսին տակ գրած է այս դիտողութիւնը:

1863-ին Շուշիի մէջ լոյս տեսած է «Ներածութիւն աստուածաբանական գիտելեաց» աշխատասիրութիւնը, բաղկացած 200 էջերէ: Աստուածաբանութեան ձեռնարկ մըն է այս աշխատասիրութիւնը:

1863-ին Ս. Էջմիածինի մէջ լոյս տեսած է «Սխալմունք դասատետրին մեկնութեան խորհրդոյ եւ արարողութեանց սրբոյ պատարագին» աշխատասիրութիւնը, բաղկացած 85 էջերէ: Գիրքը պատասխան է «Դասատետր, Մեկնութիւն խորհրդոյ եւ արարողութեանց սրբոյ պատարագին» խորագիրը կրող դասատետրի մը, որ տպագրուած է Թէոդոսիոյ մէջ, Խալիպեան ուսումնարանի տպարանին մէջ: Հայրապետը նկատելով, որ բազմաթիւ սխալ բացատրութիւններ կան այդ տետրին մէջ, անհրաժեշտ համարած է տալ պարտ ու պատշաճ բացատրութիւններ այդ ուղղութեամբ, որով եւ ծնունդ առած է այս գիրքը:

1864-ին Ս. Էջմիածինի մէջ հրատարակուած է «Առաջնորդ լուսաշաւիղ ճանապարհին յաւիտենական կենաց» գիրքը, բաղկացած 169 էջերէ: Գիրքի բովանդակութիւնը յորդոր մըն է Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներուն առաքինութեամբ ապրելու եւ Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգելու արժանանալուն:

Այստեղ մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք երջանկայիշատակ հայրապետին վերոյիշեալ որոշ գիրքերէն որոշ հատուածներ:

- Մարդիկ բնականապէս Ամենակալ Արարիչ Աստուծմէ բարի ստեղծուած են, այդ պատճառով իրենց բնութեան մէջ ֆիզիքապէս բարութեան տրամադրութիւն ունին եւ ընդունակութիւն բարին խորհելու եւ գործելու, ու առաքինի ըլլալու:

Որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր Տէր Աստուածը՝ ամենաբարի Արարիչն է երկինքի եւ երկրի (Սղ 117.1: Մտ 19.17: Ղկ 18.19): «Տէ՜ր, ի՛մ Տէր, տուիչ պարգեւներու, ինքնաբուն բարի, բոլորին հաւասարապէս տիրող, միայն Արարիչ բոլորին ոչինչէն» (Նարեկ, Գլ. Գ): Այդ պատճառով Իր բոլոր արարածները բարի են, ըստ այնմ. «Աստուծոյ բոլոր արարածները բարի են, եւ խոտան ոչինչ կայ» (Ա. Տմ 4.4): Իսկ մարդը Աստուծոյ արարածն է, հետեւաբար մարդն ալ բարի է, ըստ այնմ. «Քանի որ Աստուած մարդը անաղարտ հաստատեց, եւ Իր բարերարութեան պատկերով ըրաւ զայն» (Իմստ 2.23) («Բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ», Կ.Պոլիս, 1856, էջ 1):

- Մարդիկ ամենայն զգուշութեամբ իրենք զիրենք կառավարելու համար այս անձնիշխանական ազատ կամքով իրենք իրենց ղեկավար պիտի ըլլան, մանաւանդ մտաւոր խոհականութեամբ բարիին ու չարին, լաւին ու վատթարին ընտրութիւն պիտի ունենան, բարին եւ օգտակարը սիրելով ու ընդունելով, իսկ չարն ու վնասակարը ատելով եւ մերժելով: Ահա ասոր համար է որ Սուրբ Գիրքը բարիին ու չարին, ճշմարտութեան եւ ստութեան, օգտակարին ու վնասակարին ընտրութիւնը մարդուն անձնիշխան կամքին կը յանձնէ. «Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի: Ուրեմն, կեանքը ընտրէ՛, որպէսզի ապրիք՝ դուն եւ զաւակդ» (Բ. Օր 30.19) («Բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ», Կ.Պոլիս, 1856, էջ 6-7):

- Ուրեմն, առաւել երանելի է հաւատքի լոյսով պայծառացած միտքի տէր մարդը, քան անոնք, որոնց միտքը աշխարհային տեսակ-տեսակ գիտութիւններով, զանազան լեզուներու ծանօթ ըլլալով՝ զարդարուած են, սակայն անգէտ են ու հաւատքի ճշմարտութեան, աստուածային գիտութեան չեն հետեւիր՝ ճշմարիտ լոյսով լուսաւորուելու համար: Շատ լաւ խօսած է Ոսկեբերանը. «Ի՞նչ օգուտ է միտքին մարդկային բազմատեսակ հանճարներով ու գիտութիւններով զարդարուիլ եւ աշխարհի մէջ պայծառ անուն ունենալ, եւ մոլորելով մոլի վարքով ու ախտաւոր չար կիրքերով, հոգեկորոյս խաւարին մէջ հոգիով խարխափիլ» (Հաւատքի ճառէն):

Բարեմիտ ընթերցող, այդպիսին ինչի կը նմանի գիտե՞ս: Կը նմանի մարդու մը, որ աշխարհի մէջ թագաւորական հարստութիւն ունենայ, երեւելի եւ նախանձելի փառքերու եւ պատիւներու տէր ըլլայ, մեծամեծ անուանի գերդաստան ունենայ, հարստութեան ու փառքի անունը հռչակուած ըլլայ ամբողջ աշխարհին մէջ, բայց անձը հիւծական հիւանդութեամբ ախտացած ըլլայ, որով օրէ օր կենսական զօրութիւնը կը սկսի հաշիլ ու մաշիլ վատանալ ու վատթարանալ: Ի՞նչ օգուտ իր ունեցած աշխարհային մարմնաւոր հարստութենէն եւ փառքերէն, աշխարհալուր համբաւէն եւ փառաւորութենէն՝ իր ունեցած ներքին ախտաւորութեան: «Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար» (Մտ 16.26): Ի՞նչ օգուտ է արտաքին գիտութիւններով պայծառանալը, մոլի եւ մոլեկան կիրքերով խաւար դառնալը: Արդարեւ, բարեպաշտ քրիստոնեայ հոգիներուն համար բարի եւ գերագոյն օգուտ է, որ ջերմեռանդ սիրտով եւ առաքինական սիրով կը ճանչնան հաւատքի ճշմարտութիւնը, իսկ անոնց հոգիներուն գերագոյն չար է եւ վնաս, որոնք սիրով կը փութան ու հետամուտ կ՚ըլլան միայն գանձելու եւ ստանալու իրենց միտքին մէջ երկրաւոր մարդկային իմաստութիւններն ու գիտութիւնները, բայց իրենց սիրտով կամակոր կերպով հեռացած են հաւատքի ամենապայծառ լուսաւորութենէն: Այդպիսիները չկարծեն, թէ այդ արտաքին գիտութիւնը եւ իմաստութիւնը իրենց հոգիի աչքերուն լոյս է ու թող չպարծենան որ լուսաւորուած բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ են Աստուծոյ համար, այլ՝ մանաւանդ որ, իրենց միտքի լուսաւորութիւն կարծածնին՝ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարիտ լոյսին քով խաւար է՝ Սուրբ Աւետարանին վճիռով. «Մէջդ եղող լոյսը խաւար է» (Մտ 6.23) («Բարի մարդ եւ բարի քրիստոնեայ», Կ.Պոլիս, 1856, էջ 260-261):

- Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է, որ հաւատքով եւ սիրով յօդակապուած է Անոր հետ. իսկ հաւատացեալները պատշաճապէս դասաւորուած անդամներ են, որոնք կ՚ընդունին հոգեւոր աճում եւ զօրութիւն Քրիստոսի գերբնական պարգեւներէն, որ ընդհանրական եւ ինքնիշխան գլուխն է Իր եկեղեցիին: Օրինակ, մարդկային մարմինի պարագային բոլոր կենդանական եւ զգայական ազդումներուն եւ ներգործութիւններուն սկիզբը՝ գլուխն է. այդպէս ալ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը՝ Եկեղեցին, բոլոր կենդանարար շնորհքներու ներքին զօրութիւնն ու հոգեւոր ազդումներու ներգործութիւնը ամբողջութեամբ իր գերամբարձ Գլուխէն՝ Քրիստոսէ կ՚առնէ. ըստ այնմ. «Եւ զԻնք ամէն ինչի եւ եկեղեցւոյ վրայ գլուխ դրաւ, որ Իր մարմինն է, եւ ամբողջացումը՝ որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (տե՛ս Եփ 1.22-23) («Խորհրդածութիւն շնորհաց եւ նշանաց եւ խորհրդոց քրիստոնէական Սուրբ Եկեղեցւոյ», 1842, էջ 4-5):

- Իսկ քրիստոսական եկեղեցին նոր եկեղեցի կը կոչուի, որու անդամներն են Յիսուս Քրիստոս սքանչելի մարդեղութեան եւ փրկարար տնօրէնութեան հաւատացեալները, որոնք մկրտուած են յանուն Ամենասուրբ Երրորդութեան. որով ունին կատարեալ աստուածգիտութիւն ի Հայր ամենակալ, ի յՈրդին Միածին եւ ի Սուրբ Հոգին՝ անեղն ու կատարեալը: Եւ հետեւելով աւետարանական ճշմարտութեան լուսաշաւիղ ճանապարհին, կ՚ընդունին քրիստոնէական ողջամիտ եւ կատարեալ վարդապետութիւնը, քարոզուած՝ սրբազան աւետարանիչներէն ու առաքեալներէն, ըստ այնմ. «Ուստի մենք Քրիստոսը կը քարոզենք, հոգեւոր իմաստութեան բոլոր միջոցներով խրատելով բոլոր մարդիկը եւ ուսուցանելով բոլոր մարդոց, որպէսզի բոլորն ալ Աստուծոյ դիմաց կանգնեցնենք՝ Յիսուս Քրիստոսի միացած եւ հոգեւորապէս կատարեալ» (Կղ 1.28) («Խորհրդածութիւն շնորհաց եւ նշանաց եւ խորհրդոց քրիստոնէական Սուրբ Եկեղեցւոյ», 1842, էջ 15-16):

- Մկրտութիւնը սրբարար խորհուրդ է, որ հոգին կը սրբէ սկզբնական մեղքէն, իսկ եթէ մկրտուողը չափահաս ըլլայ եւ ներգործական մեղքեր ունենայ՝ այն եւս կը մաքրէ: Այս հաւատքը «հաւատք» կը պահանջէ: Եթէ մկրտուողը չափահաս է, պէտք է քրիստոնէական ճշմարտութեան խոստովանութիւնը ունենայ, որ յայտնի կերպով կ՚երեւի առաքեալներուն ըսած տասներկու խօսքերուն մէջ, որ հաստատուած են Հաւատքի Հանգանակին մէջ: Որովհետեւ, սրբազան առաքեալները Պէնտէկոստէի օրը, նախ Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութիւնը քարոզեցին եւ ապա մկրտեցին. ինչպէս կը պատմուի Սրբազան Պետրոս Առաքեալի քարոզութենէն Գործք Առաքելոցին մէջ (2.41) «Ոմանք Պետրոսի ըսածներուն համոզուեցան եւ մկրտուեցան»: Իսկ եթէ [մկրտուողը] մանուկ ըլլայ, անոր համար բաւարար է իր ծնողներուն, կնքահօր եւ կամ մկրտող քահանային հաւատքը, որ ի դիմաց մկրտուղին՝ կը կատարէ խոստովանութիւնը, իբրեւ երաշխաւոր, որոնք յետոյ պարտաւոր են մկրտուող մանուկին սորվեցնել հաւատքի ճշմարտութիւնները, եւ կրթել զինք բարի վարքով: «Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի» (Մր 16.16):

Դրոշմը զօրացնող խորհուրդ է, որ Սուրբ Հոգիին անջնջելի շնորհքներով կը կնքէ մկրտուածին: Այս խորհուրդը «արիութիւն» կու տայ, որով մոլութիւններուն կը յաղթէ, առաքինութիւններուն մէջ յառաջադէմ կ՚ըլլայ, իբրեւ Քրիստոսի քաջ զինուոր. «Եփեսացիները ասիկա լսելով, Տէր Յիսուսի անունով մկրտուեցան: Իսկ երբ Պօղոս ձեռքը դրաւ անոնց գլխուն, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, անծանօթ լեզուներով կը խօսէին ու կը մարգարէանային» (Գրծ 19.5-6):

Հաղորդութիւնը կենդանարար խորհուրդ է, որ արժանաւորներուն յաւիտենական կեանք կը բաշխէ: Այս խորհուրդը հոգիներուն մէջ աստուածային «սէրը» կը տպաւորէ, որով Քրիստոսի կը միանանք. «Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ Ես՝ անոր մէջ: Ով որ Իմ մարմինէս կ՚ուտէ՝ պիտի ապրի Ինձմով» (տե՛ս Յհ 6.56-57):

Ապաշխարութիւնը արդարացնող խորհուրդ է, որ կատարեալ զղջումին միջոցով իրենց հոգիներուն համար խոստովանողներուն՝ մեղքերէն կ՚արձակէ եւ աստուածային շնորհներուն կը դարձնէ: Ասոր «արդարութիւն» կը վայելէ, յարգելու Աստուծոյ օրէնքները եւ ատելու մեղքերուն անօրէնութիւնները. «Ով որ կը մեղանչէ, Աստուծոյ Օրէնքը կը խախտէ, եւ մեղքը ինքնին Օրէնքին խախտումն է» (Ա. Յհ 3.4):

Վերջին Օծումը առողջարար խորհուրդ է, որ հիւանդներուն առողջութիւն կու տայ՝ ըստ հոգւոյ եւ ըստ մարմնոյ: Այս խորհուրդը «յոյս» կ՚ընծայէ, աստուածային ողորմութեամբ հասնելու սուրբերուն յարկերը. «Տէրը զայն ոտքի պիտի հանէ, եւ եթէ որեւէ մեղք գործած է՝ պիտի ներէ Անոր» (Յկ 5.15):

Կարգը [ձեռնադրութիւն] հոգեւոր իշխանութեան խորհուրդ է. ասով մարդը խորհուրդներու սպասաւոր եւ Քրիստոսի բանաւոր հօտին հովիւ կ՚ըլլայ: Այս խորհուրդին կը պատկանի «խոհեմութիւն», բարւոք կարենալ կառավարելու Տիրոջ ժողովուրդը, գինը՝ Աստուծոյ Որդիին փրկարար արեան. «Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին: Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ Ան Իր արիւնով գնեց» (Գրծ 20.28):

Պսակը սուրբ միաւորութեան խորհուրդ է, որով այրն ու կինը կը կենակցին՝ սուրբ սիրոյ միաւորութեամբ, պտղաբերելու համար որդիներով: Այս խորհուրդը «բարեխառնութիւն» կը պահանջէ, որպէսզի չար ցանկութեան հեշտութիւնը չյափշտակէ զանոնք. «Կին ունեցողներն ալ չամուսնացածներու պէս թող ապրին» (Ա. Կր 7.29). («Խորհրդածութիւն շնորհաց եւ նշանաց եւ խորհրդոց քրիստոնէական Սուրբ Եկեղեցւոյ», 1842, էջ 92-99):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024