ԼՈՆՏՈՆԻ Ս. ԵՂԻՇԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Նախկին պոլսահայ Վաչէ սրկ. Հիսարլը մեզի կը տեղեկացնէ Լոնտոնէն.-

Անգլիոյ հայութիւնը այս շրջանին բացառիկ խանդավառութիւն կ՚ապրի՝ Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանին առթիւ։ Հարկ է նշել, որ այս յոբելեանը նշուեցաւ փայլուն մթնոլորտի մը մէջ՝ թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպսկ. Մանուկեանի գլխաւորութեամբ։ Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական արարողութիւնները համընկնեցան Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդ Տ. Առէն եպսկ. Շահինեան։ Միջեկեղեցական բազմաթիւ հիւրեր մասնակցութիւն բերին հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնք համախմբեցին նաեւ Անգլիոյ հայութեան ներկայացուցիչները։

Բացի կրօնական արարողութիւններէն, Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ երգչախումբը յոբելեանին առթիւ հանդէս եկաւ նաեւ համերգով մը՝ խմբավար Արիս Նատիրեանի մականին ներքեւ։

Յոբելեանի առթիւ շնորհաւորականներ ուղարկեցին Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորն ու Քենթըրպրիի արքեպիսկոպոսը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2026