ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻՇՏ ԱՇԽՈՅԺ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ ժողովները կը տեւեն մինչեւ շաբաթավերջ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ քառօրեայ աշխատանքի ընթացքին ԳՀԽ կը քննարկէ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած յետպատերազմեան մարտահրաւէրները, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու հիմնախնդիրները, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրթական եւ ընկերային առաքելութեան վերաբերեալ հարցեր։

Նստաշրջանի սկիզբին ժողովականները արտասանեցին Տէրունական աղօթքը։ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Հոգւոյ առաջնորդութիւնը հայցեց ժողովի բարեյաջող եւ արդիւնաւէտ ընթացքին համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր օրհնութիւններն ու ողջոյնները յղեց ԳՀԽ-ի հոգեւոր ու աշխարհական անդամներուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2023