Արխիւ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ թռուցիկներու փառատօն մը։ Թէ՛ կայանի սաներուն եւ թէ կղզեբնակ մանուկներուն ու պատանիներուն տեսակէտէ շատ խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան իրերայաջորդ սարսափելի յարձակումներ։ Այսպէս, Թեքսաս նահանգէն ներս, առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ սպաննուեցաւ քսան հոգի եւ այս դէպքէն քանի մը ժամ անց Օհայոյի մէջ պառ մը ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Իսթանպուլ ծնած, Մխիթարեանի սան ցեղասպանագէտը մահացաւ 93 տարեկանին:
Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցականներ՝ Վահագն Տատրեանի կորուստին առթիւ:
Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ. դարակազմիկ զարգացում։
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կարճ զրոյց մը ունեցան հիմնարկէքի ժամանակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Նեղութիւնը համբերութեան մա՛յրն է», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի։ Արդարեւ «համբերութիւն»ը կ՚ենթադրէ նեղութիւններու տոկալ, դիմանալ, հանդուրժել եւ զանոնք կրելու քաջութի՛ւն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամառ է: Շատերու նման՝ ես ալ արձակուրդի եմ: Սենեակիս ամէնօրեայ աշխատանքի համակարգիչէս եւ գրասեղանէս բաւական հեռու:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բնականաբար նորութիւն մը չէ այս միտքը, սակայն այս խօսքը համեստ եւ ինքնաբուխ գիւղացիէ մը լսելը, նուազագոյնը յուզիչ է: Հիւսիսային Հայաստանի Բերքաբեր գիւղը վերջերս իր վրայ հրաւիրած է ուշադրութիւնը օտար յօդուածագիր Ճոշուա Քուչերայի (Եուրաժիա) եւ հայ պլոկըր Լիլիթ Խաչատուրեանի (Սփութնիք), որոնք, իրարմէ անկախ, այցելած են գիւղը եւ ներկայացուցած՝ իրենց տպաւորութիւնները, որոնցմէ կը հրապարակենք հատուածներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ «միակողմանի աճում»ը բարիք չէ, այլ մանաւանդ չարի՛ք է։ Ոմանք մտքով կը զարգանան բայց իմաստութեամբ, որ է ողջամիտ ըլլալ, եւ թէ՛ «Աստուծոյ վախ»ը ունենալ իր մէջ, չեն զարգանար եւ «մանուկ» կը մնան այդ տեսակէտէն։
Յուլիս ամիսը յատկանշուեցաւ սուրիահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտ հունձքերուն ամավերջի հանդէսներով:
Ուրախալի էր բեմերուն վրայ տեսնել ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք կեանքի նոր փուլ մը պիտի թեւակոխեն՝ իրենց նախասիրած ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալով, իրենց տեսիլքին իրականացման առաջին քայլերը նետելով:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Սան Միլան տէ լա Քոկոլլա փոքր գիւղին մօտակայ բլուրին վրայ կը գտնուի Սուսօ վանքը: Ճգնաւոր Սուրբ Միլան վանականին կողմէ վեցերորդ դարուն հիմնադրուած վանքը կարծես թէ կը զգայ, որ այլ ժամանակի եւ այլ վայրի կը պատկանի:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ինծի համար փոքրիկ չէր պատահարը, բայց աշխարհահռչակ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան համար՝ թերեւս:
Ժամանակէ մը ի վեր կը պայքարիմ այս հսկայ, տիտան ընկերութեան դէմ, որովհետեւ կ՚ուզէր իր Microsoft Office-ը ինծի վաճառել, որ 2-6 գրաւոր աշխատանքային «գրասենեակներ» կը պարունակէ, ներառեալ՝ Word, Excel, Power point եւ ուրիշներ, որոնց մեծամասնութեան կարիքը չունիմ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Յուլիսի առաջին օրերուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով կայացաւ մամուլի համահայկական խորհրդաժողովը: Միասին եւ մէկ ըլլալու հանդիպում՝ հակառակ բնական եւ երբեմն ալ օգտակար տարբերութիւններու:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայրենի քաղաքագէտը կարեւոր փակագիծեր բացաւ Հայաստանի այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին մասին։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Փաշինեանի կառավարութիւնը, որոնք են իշխանութիւններու ամենախոցելի կէտերը եւ ինչ ակնկալել, որպէսզի տարի մը առաջ ընթացք առած փոփոխութիւններու ընդհանուր գործընթացը երկիրը տանի դէպի ապահով ափ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Իրեն կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց համայնքային օրակարգը:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ համայնքային կեանքի ընթացքին եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի հեռանկարներուն շուրջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը, նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասուն եւ վարչայիններէն Զարեհ Քարաքաշը։ Այսպէս, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ներկայացուցիչները նորին սրբազնութեան շնորհաւորութիւններ յղեցին տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու բերումով։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը բազմակի անգամ վերաերգուած է։ Անիկա չհինցող երգերու շարքին կը պատկանի եւ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Նիւ Եորք քաղաքի ոչ պաշտօնական քայլերգը։ Երգը յայտնի է Ֆրենք Սինաթրայի կատարմամբ, բայց զայն առաջին անգամ հանրութեան դատին ներկայացուց Լայզա Մինելին: Երգը գրուեցաւ Մարթին Սքորսեզէի «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» շարժանկարի համար:
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը անհանգստութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրադրութեան սրման կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցան բախումներ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գեղեցկութիւններով լի բուսաբանական այգի մըն է: Տիեզերական հրաշալիքները յղկուած են մարդկային միջամտութիւններով, բնութեան կուսութիւնը խլուած է կարծես անոնցմէ ու վերածած տնային, սենեակային կամ ծաղկոցներու յարմարութիւններով աճող բոյսերու: Մարդկային ամբոխ մըն են անոնք կարծես, իւրաքանչիւրը ի՛ր անհատականութեամբ, իր բնաւորութեան լաւ ու վատ գիծերով:
Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի դիւանը վերջին օրերուն մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի մասին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի այցելութեան զուգահեռ՝ հայութեան օրակարգին վրայ գետի նման վարարած հաւանական հեռանկարներուն վերաբերեալ ակնկալութիւնները: