Արխիւ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի վերջին այցելութեան լոյսին տակ ի՛նչ ապագայ կը նախատեսուի Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի շէնքին համար:
Զեքիեան Գերապայծառ. «Վստահ եմ, թէ Աստուծոյ օրհնութեամբ Մխիթարեան միաբանութիւնը պիտի սկսի դարձեալ դառնալ մեծ, հայութիւնը մագնիսող կեդրոններէն մին՝ մանաւանդ սփիւռքի տարածքին»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի մէջ վերջերս կազմակերպուած Միջազգային 5-րդ բժշկական համագումարի խումբ մը մասնակիցները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ գործող «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Չարչեանի գլխաւորութեամբ՝ բժիշկները ներկայացան Նորին Սրբութեան։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ո՛ւր ալ ըլլամ, որքա՛ն ալ գեղեցիկ ու անկրկնելի երկիրներ այցելեմ, միեւնոյնն է իմ հոգին, իմ սիրտը այստեղ է՝ դրախտավայր Արցախ աշխարհի գողտրիկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ։ Այստեղ ես՝ ես եմ, մի ամբողջութիւն. երջանիկ եմ, ուժեղ, անկոտրուն ու անսասան։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախորդ գրութեամբ հիմնականին մէջ հաւաքածոյ մը կազմած էինք տարբեր մտածողներու կողմէ Աստուածաշունչի մասին հնչեցուցած կարծիքներէն: Այս գրութեամբ դարձեալ հաւաքածոյ մը պիտի կազմենք, այս անգամ առաւելաբար Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրերու մտածումներէն Աստուածաշունչին մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երբ տղայ էի, տղու պէս կը խորհէի…», կ՚ըսէ Առաքեալը։ Ամէն տարեց մեծ կարօտով կը կրկնէ Առաքեալին այս խօսքը եւ կ՚աւելցնէ. «Ա՜հ, երանի թէ տակաւին տղայ եղած ըլլայի, ապրէի այն երջանիկ եւ անպատասխանատու օրերը…»։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման խանդավառ արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր մարզական փառատօն մը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Այդ դիմումը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
ՀԲԸՄ-ի, «Պօղոսեան» հիմնարկի եւ Պելժիահայ մշակութային միութեան նախաձեռնութիւնը:
Villa Empain-ի երդիքին տակ հանդէս եկաւ նաեւ յայտնի տուտուկահար Լեւոն Մինասեան:
Քուէյթահայ ազգային գործիչին հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը՝ նպաստելու համար տնտեսութեան:
Կիրակոս Գույումճեան կը հետապնդէ առեւտուրի զարգացման ճանապարհով տեղական արտադրութիւնը խթանելու նպատակը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէնը։ Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ ցարդ այդ գրասենեակը կառավարող Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ազատուեցաւ տնօրէնի պաշտօնէն ու նոր տնօրէն նշանակուեցաւ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան։
Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Այս կապակցութեամբ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։
Թուրքիոյ եւ Ուքրայնոյ նախագահները երէկ բանակցութիւններ վարեցին եւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Պեշթեփէի համալիրէն ներս:
Անգարայի եւ Քիեւի ղեկավարութիւնները ընդհանուր արժեւորումի կ՚ենթարկեն տարածքաշրջանի իրադրութիւնը ու կը ձգտին թափ տալ համագործակցութեան:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։ Այս այցելութիւնը Մարալ Այվազի տեսակէտէ շատ յատկանշական է, որովհետեւ կը համընկնի իր առաջին սկաւառակի թողարկման շրջանին։
Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսսի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Ռոսս պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Թուրքիա։
Ուքրայնոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարժումները տեղի կրնան տալ զինման անհակակշիռ արշաւի մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին համոզուած է, որ ԱՄՆ-ի՝ Միջին հեռահարութեամբ հիւլէական զօրքերու համաձայնութենէն դուրս գալը կը վտանգէ միջազգային անվտանգութիւնը։
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցան Ստեփանակերտի մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Հաւաքուած ենք Արցախ՝ զգալու համար միասնականութեան ուժը»:
«Մեր ռազմավարական գործընկեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կ՚ակնկալենք այնպիսի քայլեր, որոնք յարիր են իսկական դաշնակցի մը»:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ Պեշթեփէի համալիրին մէջ կէսօրուան ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալեց դեսպաններու տարեկան խորհրդաժողովի մասնակիցները:
Son günlerde Narlıkapı Surp Hovhannes Kilisemizle ilgili dedikodu mahiyetindeki bir söylentiyle ilgili gerçeklerin kamuoyuyla paylaşılma gereği hissedilmiştir.
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան անդամները։ Ատենապետ Կարօ Համամճեանի կողմէ գլխաւորուած թաքսիմցի վարչայինները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։