Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մանաւանդ ներկայ օրերուն բժիշկին եւ բժշկութեան կարեւորութեան կ՚անդրադառնան մարդիկ եւ կը վկայեն անոնց կարեւորութեան մարդկային կեանքի մէջ։
Բժիշկը կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդկային անհատական կեանքին մէջ եւ անշուշտ հաւաքական՝ ընկերային կեանքի մէջ։
«Ռոմա»ի եւ «Արսենալ»ի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ փոխանցման օրակարգով:
Հենրիխ Մխիթարեան ուրախ է իտալական մայրաքաղաքային ակումբին մէջ եւ գոհ՝ այժմու մարզիչին հետ աշխատելով:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Սուրիոյ հիւսիսին՝ անցեալ մարտին երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։ Սա տասներորդ հերթապահութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ M-4 մայրուղիի մերձակայքին։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս կը շարունակուին առօրեան աստիճանաբար բնականոնացնելու քայլերը։ Այս առաւօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդական փոխանորդները անցեալ շաբաթավերջին առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։
Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դրան հրկիզման փորձի հարցը արձագանգ գտաւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Այսպէս, Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան այս խնդիրը յանձնեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման։
Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց Ազգային ժողով։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կը գործէ յատուկ Քննիչ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ 2016 թուականի ապրիլին Արցախի մէջ պատահած քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները։
Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան առցանց ժողովէն վերջ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով:
Շաբաթավերջին դարձեալ չորս օրով պիտի սահմանափակուի փողոց դուրս գալը: Կեանքի բնականոնացումը պիտի չնշանակէ վերադառնալ համաճարակի նախորդած կացութեան: 9 քաղաքներու պարագային եւս ելքի եւ մուտքի արգելքները կը վերցուին: Պետութիւնը միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ նաեւ տնտեսական խնդիրները:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Թրքագէտ Լուսինէ Սահակեան Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ վերջին շրջանին իր կատարած ծաւալուն ուսումնասիրութիւններուն շուրջ: Արխիւի տուեալները բազմակողմանիօրէն խոշորացոյցի տակ առնուած են՝ Երեւանի Պետական համալսարանի մասնագէտներուն հետ համագործակցաբար:
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւանդանոցի տնօրէն Արմէն Չարչեան յայտնեց, որ գործողութիւնը անցած է ծրագրուած ձեւով, Քոչարեանի ինքնազգացողութիւնը բաւարար է ու կը գտնուի բժիշկներու մշտական հսկողութեան ներքեւ։
Յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս մասնակցութիւն բերաւ կարեւոր ծրագրի մը։ Վերջին շրջանին երաժշտական աշխարհէ ներս Մարալ Այվազի աստղը կը փայլի միշտ իր խորհրդաւոր ու տպաւորիչ ձայնով։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Բրիտանացի նշանաւոր հիւանդապահուհի Ֆլորանս Նայթինկէյլի ծննդեան օրը՝ մայիս 12-ը, աշխարհի մէջ կը նշուի Հիւանդապահուհիներու համաշխարհային օր:
Յ․ ՊԱԼԵԱՆ
Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ լաւատեսութիւն, ոչ միամտութիւն: Նախ մտածելու առաքինութիւն, հռոմէացիներու virtusը, հոգեկան քաջութիւն:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկի տօնը մօտ էր» (Յհ 6.4):
Մեկնութիւն. Ասիկա երկրորդ Զատիկն է, որ Աւետարանը կը յիշէ, որովհետեւ առաջինին ժամանակ խարազանով տաճարէն դուրս հանեց, իսկ Պրոպատիկէի մէջ հիւանդը առողջացուց, Պենտէկոստէի կամ Տաղաւարահարացի տօնն էր:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապագան յստակ տեսնելու համար պէտք է յաճախ անցեալին ակնարկ մը նետել։ Մենք ալ այս ուղղութեամբ յաճախ կը թղթատենք մամուլի հին էջեր, գիտնելու համար թէ ի՜նչեր պատահած են անցեալին, եւ մասամբ բաղդատել անոնք ներկայի դէպքերու հետ եւ այդ բաղդատութեան շնորհիւ որոշել ապագան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Անսպասելիօրէն ի յայտ եկած քորոնաժահրը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը գործել նոյնիսկ աշխարհի ամենէն յառաջադէմ ու բարգաւաճ երկիրներուն մէջ։ Ներկայ արտակարգ ու անորոշ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ մարդիկ կը ջանան պահել բարձր տրամադրութիւնն ու չմատնուիլ յուսահատութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւն» իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ հմուտ, խոհեմ, հեռատես ըլլալ, հանճար, մտացիութիւն։ Իմաստութիւնը, այս իմաստով կ՚ենթադրէ ծայրագոյն գիտութիւն, հմտութիւն եւ փորձառութիւն, որոնց միջոցով մարդ կրնայ ուղիղ գործել, կատարեալ ըլլալ եւ լուծումներ գտնել հարցերու, յաղթահարել դժուարութիւնները, տոկալ նեղութիւններու։

Աշխարհի բոլոր երկիրները կը ջանան ուղղութիւն մը գտնել՝ հակասական տուեալներու մթնոլորտին մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակին բերումով հաստատուած սահմանափակումները կը մեղմացուին վերապահութիւններով:
Թուրքիոյ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիները երկար սպասումէ վերջ երէկ կարողացան զբօսանքի դուրս գալ:
Տարեցներուն տրուած թոյլտուութեան զուգահեռ՝ վերակենդանացան նաեւ հայահոծ թաղերու փողոցները:
Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին հակազդեց «Gerçek Hayat»ի հրատարակութիւններուն դէմ:
Դիւանը վստահութիւն յայտնեց, թէ պետական պատկան մարմինները շարժման կ՚անցնին՝ մամլոյ ազատութեան չարաշահման դէմ: