Արխիւ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան։ Պատարագիչն էր Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Հաւատացեալները, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին, ուր արարողութեան ընթացքին ունկնդրեցին հանդիսադիր սրբազան հօր պատգամին։
Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, շաբաթավերջին, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախագահութեամբ, յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, առիթ դառնալով մեծ խանդավարութեան։ Արձանը ձեռակերտն է յայտնի քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս անտարբեր կը գտնուին բնութեան պարզած հիանալի՜ տեսարանները, գեղեցկութիւնները դիտելու եւ զանոնք վայելելու, եւ կը նախընտրեն իրենց աչերը կառչած պահել «պատկերացիր գործիք»ին՝ հեռուստատեսիլին, դիտելու համար մարդոց բեմադրած զանազան «տեսարան»ները։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Յաճախ կը պատահի այնպէս, որ երաժշտութեան հեղինակ կատարողները կը գրեն երգ մը ու կը կատարեն զայն, սակայն յետոյ ան յայտնի կը դառնայ միայն այլ երգիչի մը կատարումով։ «Քրէյզի» երգն ալ բացառութիւն չէ։ Անոր ալ նոյն ճակատագիրը կը սպասէր։
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ծնողք հասկացողութիւնը խորհրդանիշ է մտահոգութեան: Մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի զաւակներու դաստիարակութեան եւ ասպարէզի ընտրութեան:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ, այլ ասպարէզներու շարքին, մրցակցութիւնը աւելի սուր բնոյթ ստացած է արհեստագիտութիւններու մարզին մէջ: Ամէն օր տարաբնոյթ նորութիւններ կան, եւ յստակ ալ չէ, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ այս վազքը, եւ ո՛ւր կրնայ առաջնորդել մարդկութիւնն ու մեր մոլորակը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հիները կը դժգոհին նորերէն, հիները չեն հանդուրժեր նորերու խօսքը եւ հիները ամէն կերպով նորերուն առջեւ բոլոր ճանապարհները կը փակեն...։ Այս մօտեցումները միայն մեր ժողովուրդին մէջ եղող գործընթացներ չեն ու շատ հաւանաբար, բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ալ այս հինի-նորի, շատ խոր արմատներ ունեցող խնդիրը կայ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկիր մոլորակի վրայ ապագային կեանքի գոյատեւումը յաճախ խորհրդաժողովներու, գիտաժողովներու, ուսումնասիրութիւններու եւ բանավէճերու նիւթ կը դառնայ: Մարդկային գործօնը միշտ կը նկատուի սպառնալիք՝ կեանքի գոյատեւումին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ կիրակի երեկոյ, պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ անշշուկ: Ուտել խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած, գրեթէ ուժասպառ եղած էր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լոս Անճելոսի մէջ վերջերս կազմուած «Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ»ի անդամներէն Տքթ. Վիգէն Յովսէփեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։ Նշենք, որ ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալող Յովսէփեան քաջածանօթ անուն մըն է Ամերիկայի Արեւմտեան ափի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան շրջանակներուն համար։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլա եւ Մինաս Արսլան։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիթվանիայի խորհրդարանի նախագահ Վիքթորիա Փրանցքետիսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհարանի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հիւր խորհրդարանի նախագահը։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ բեմադրուեցաւ «Երկրի հակառակ կողմը» խորագրեալ ներկայացումը։ Սա Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հեղինակուած համանուն վէպի հիման վրայ կատարուած ներկայացումն է։
Երեւանի Պետական համալսարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը՝ զանազան ձեռնարկներով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Օփերայի մէջ կազմակերպուած երեկոյթին ժամանակ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին պաշտօնական յատկանշական այցելութիւնը դէպի Սերպիա:
Արմէն Սարգսեան եւ Ալեքսանտր Վուչիչ կանգ առին համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հրեշտակները մէկ անուն ունին՝ ՍԷՐ. սատանաներն ալ մէկ՝ ՆԱԽԱՆՁ», կ՚ըսէ Գրիգոր Օտեան։
Արդարեւ սէրը մարդուս ամենէն հիմնական եւ ազնիւ զգացումն է։
Կրօնական ժողովի ատենապետին մասնակցութեամբ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ ոգեւոր երեկոյթ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ դրական պատգամներ կու տայ համայնքին:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս տրամաբանական նախընտրութիւն։
Գումգաբուի մէջ երէկ կազմակերպուած լայնախարիսխ խորհրդակցութենէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է ճանապարհը շարունակել պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեամբ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թեկնածուներու եռանուն ցանկը արդէն ուղարկած է կուսակալութեան։
Ըստ Քէօլէդաւիթօղլուի, Ներքին գործոց նախարարութեան շրջանակները կանաչ լոյս չեն վառած վերանայման պահանջի մը համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կռիւը, դժբախտաբար, մարդկային կեանքի անբաժան եւ սովորական մէկ երեւոյթն է։ Կռիւը երբ կը վերածուի մանաւանդ իրար հարուածելու աստիճանին, ահաւասիկ կ՚ըլլայ քանդիչ արարք մը, որ մարդուն ո՛չ բանականութեան եւ ոչ ալ «մարդ» կոչումին կը պատշաճի։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Ո՛չ, այդ բոյսը պէտք չէ ջրես...
Իսկոյն կ՚ըսէ Յասմիկ Ցօղիկին, որուն այցելութեան համար եկած ու նոր ներս կը մտնէր, երբ տեսաւ որ Ցօղիկը կը ջրէ իր տան բոյսերը