Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այցելեց Պրիւքսել։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին խոր տարաձայնութիւններ յառաջացած են՝ այս այցելութեան վերագրուեցաւ բացառիկ նշանակութիւն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութիւններով երէկ կատարուեցան կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան ազատուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդի պաշտօնէն։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ նորանշանակ դեսպան Ալեքսանտր Քոմիուքը։ Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յղեց բարեմաղթութիւններ եւ ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ յարաբերութիւններ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն ընկերացաւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։
ԵՐԱՄ
Կնճռոտ ձեռքերով բռնած բազրիկը պատշգամի, Մինաս պապիկը դիմացի լերան, եւ անկէ ալ անդին կը նայի։
Ամիս մը առաջ է գիւղը յայտնուեր նոր սահմանի բերնին։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատմութիւնը մի՛ գրեր ոտանաւորով,
Քանի զայն յօրինողը զէնքն է
Եւ յօրինողը տենդի դող չ՚ունենար,
Երբ կոչէ իր զոհերը,
Ան չի լսեր կիթառին մեղեդին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւատքով՝ մարդը իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ Ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գառնուկի մորթով գայլ մը 2018 թուականին զաւթեց հայոց իշխանութիւնը: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ «յեղափոխութիւն», ան ալ «թաւշեայ»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր հայ գրականութեան հարուստ աշխարհին մէջ իր ուրոյն տեղն ու երանգը ունեցող մեծանուն գրող Վահան Թէքէեանի ծննդեան օրն է: Ծնած ըլլալով Իսթանպուլ, 1878 թուականին, Թէքէեան մահացած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 4 ապրիլ 1945 թուականին, ուր կը հանգչի մեծ մտաւորականին աճիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ գրային իմաստով սիրտը «խորքն է էակին», (ԵՐՄ. ԼԱ 33): Հոն է որ մարդը կը վճռէ ըլլալ Աստուծոյ հետ կամ Աստուծոյ դէմ։ Սիրտը բնակարանն է, ուր ես կամ, ուր ես կը բնակիմ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Իսկ անոնք որոնք կ՚ըսեն երբ ծերանանք այդ ատեն կը զղջանք, իրենք վստա՞հ են, որ զղջալու առիթ պիտի ունենան: Ո՞վ երաշխաւորած է իրենց, որ յանկարծակի չմահանան:
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան այսօր կը նշէ իր ծննդեան 32-րդ տարեդարձը։ Ֆութպոլի աշխարհէ ներս բազում նուաճումներ արձանագրած, եւրոպական յառաջատար ակումբներու մարզաշապիկը կրած Հենրիխ Մխիթարեան որդին է Խորհրդային Հայաստանի մեծանուն խաղացողներէն մէկուն՝ Համլէթ Մխիթարեանի։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ կը պատրաստուի շրջագայութեան մը ձեռնարկել դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ։ Այս շրջագայութիւնը նախատեսուած է յաջորդ շաբթուան մէջ։
Փաշինեան պնդեց, որ ընդդիմադիրները կը վտանգեն գերիներու վերադարձը:
Հայաստանի իշխանութիւնը կ՚առաջարկէ արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկել՝ նոյն վարչապետով:
Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցան պատմական իրադարձութիւններ։ Այսպէս, Ճօ Պայտըն երդուելով պաշտօնի ձեռնարկեց՝ որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նախագահ։
Թաթոյեան ահազանգ կը հնչեցնէ, որ ամէն ինչ կը կատարուի պատերազմի բացայայտ սպառնալիքի ներքեւ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմաններու յստակեցումը պէտք է անյապաղ դադրեցուի կամ վերատեսութեան ենթարկուի:
«Ալիեւի իրերամերժ յայտարարութիւնները կը վկայեն, թէ հակամարտութիւնը մտած է նոր փուլ»:
Նախարար Արա Այվազեան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Պրուսայի մէջ հին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի մը վաճառքի հանուած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը վերջին օրերուն արձագանգ գտած են զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ եւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Պատրիարքական Աթոռն ալ երէկ արձագանգեց այս հարցին։
Լոյս տեսաւ «Յիսուս Քրիստոսի կերպարը 20-րդ դարուն եւ արդի հայ արուեստին մէջ» հատորը:
«Կամք, իմաստութիւն, սէր». Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ գեղարուեստական յատկանշական ձեռնարկ մը:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ հարկաւոր է գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քաղաքական լուծումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ֆրանսայի Արտաքին յարաբերութիւններու գիտական դպրոցին (Փարիզ) կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։