Արխիւ
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Երբ կ՚անցնէր» (Յհ 9.1):
Մեկնութիւն. նախ՝ Քրիստոս խօսքով ցոյց տուաւ, թէ Իր վարդապետութիւնը լուսաւորիչ է, այստեղ նոյնը զգալի նշանով ցոյց կու տայ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
64 տարի առաջ այս օրը՝ յունուարի 26-ին, Անգլիոյ Սիֆըրտ բնակավայրին մէջ կեանքէն հեռացաւ արեւմտահայ մտաւորականութեան կին ներկայացուցիչներէն մէկը՝ նկարիչ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, հասարակական-մշակութային գործիչ, դերասան Զապէլ Պոյաճեան՝ իր ետին ձգելով հարուստ եւ նշանակալի կենսագրութիւն մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հրեաներ ունէին շատ սովորութիւններ. զոր օրինակ՝ Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը ժողովուրդը ջուր կը հանէր Սելովամի աւազանէն, որու ջուրը կը բխէր Տաճարին մօտ ապառաժէ մը։ Այս ջուրին մէկ մասը կը խմէին՝ ցնծութեան ձայներով երգելով Եսայի Մարգարէի սա խօսքը. «Ուրախութեան ջուր պիտի քաշէք փրկութեան աղբիւրներէն». (ԵՍ. ԺԲ 3), մնացորդը կը թափուէր երեկոյեան զոհին վրայ։
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեայ յոբելեանը։ Հարկ է նշել, որ գործունէութեան 15 տարիներու ընթացքին այս նուագախումբը չորս փառատօն հիմնադրած է։
Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանը միշտ կը մատնանշէ Սիւնիքի հարցերը:
Ըստ Արման Թաթոյեանի, անորոշութիւնները կը վտանգեն գիւղացիներու իրաւունքները:
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սերկէյ Իսթրաքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի կողմէ։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ երէկ վերսկսած բանացկութիւնները պիտի շարունակուին Աթէնքի մէջ:
Քննակումներուն Իպրահիմ Քալընի մասնակցութիւնը կը վերագրուի նախագահ Էրտողանի կողմէ ընծայուած կարեւորութեան:
Գերմանիա օժանդակութիւն ուղարկեց Հայաստան՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մարդասիրական խնդիրներու լուծման առաջադրութեամբ։ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ թռիչքով երէկ տեղ հասաւ՝ 30 թոն ծանրութեամբ այս մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ ներառեալ երկու մինիպիւս։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Թուրքիա վերջին հինգ տարուայ ընթացքին 11 անգամ աւելցուցած է պաշտպանական բնագաւառի ծրագրերու գանձատրումը։
Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը հիւրընկալուեցաւ Իրանի Արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ալիռըզա Ռազմհուսէյինի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Ապտիւլնասեր Հեմմաթիի կողմէ։
Այվազեան եւ Զալքալիանի կարեւորեցին հայ-վրացական բարեկամական գործակցութեան խորացումը:
Միայն բոլորի շահերու հասցէագրումով կարելի է երաշխաւորել տարածքաշրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:
Զարիֆ Պաքուի այս օրուան շփումներէն վերջ կ՚անցնի Մոսկուա, իսկ չորեքշաբթի՝ Երեւան:
Իրան կը ձգտի իր դերակատարութիւնը յստակեցնել՝ Կովկասի նոր իրավիճակի պայմաններով:
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ այսօր բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի մէջ։ Երկու հարեւան երկիրներու միջեւ հինգ տարուան ընդհատումէ մը վերջ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Անցեալ ժամանակաշրջանը Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ բնորոշուեցաւ լուրջ լարուածութիւններով։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան դարմանում կը տեսնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ:
Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին՝ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան դրուած զանազան պնդումներու լոյսին տակ: Անհրաժեշտ դեղօրայքը ապահովելու նպատակով շարժման անցած են համայնքային շրջանակները:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Ցաւօք սրտի, այսօր սփիւռքահայ թերթերը չեն յաջողիր,- թէեւ իրենց վաղեմի երազն է,- «սիրաշահիլ» ու «հրապուրել» անգամ ընթերցող անհատները՝ մղելով, որ անոնք գէթ անգամի մը համար իրենք իրենց ուղղեն, զոր օրինակ, սա հարցումը. «Այսօրուան թիւը հոյակապ էր. արդեօք վաղուանին մէջ ի՞նչ շահեկան յօդուածներ պիտի ըլլան»:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջին տարիներուն մա՛նաւանդ արեւմտեան ժողովրդավարութեան մէջ քաղաքական գործիչներու օգտագործած խօսոյթն է փոփիւլիզմը։
Փոփիւլիզմի հիմքին, քաղաքական կամ ընկերային որեւէ ուժի ձգտումն է ձեռք բերել զանգուածներու վստահութիւնն ու աջակցութիւնը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բոլոր պարագաներու եւ ժամանակներու մէջ պատերազմները աղէտ են մարդոց համար, մանաւանդ՝ երեխաներուն, պատանիներուն համար, որոնք հոգիով եւ մարմնով այնքա՜ն խոցելի են, իսկ երբ զիրենք պաշտպանող չափահասները պատերազմի պատճառով կը մահանան, կը կորսուին, խուճապի կը մատնուին, կարելի չէ բառերով նկարագրել անոնց տագնապները: Հարցումը միշտ կը մնայ առանց պատասխանի. «Ինչո՞ւ կարելի չէ պատերազմներէն խուսափիլ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանէն հասնող լուրերը բաւականին ցնցիչ են։ Մինչ Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօները լիբանանցիք փորձեցին անցընել բնականոն հունով եւ իրենց առօրեայ տուայտանքներէն քիչ մը հեռանալու նպատակով իրենք զիրենք «տուին» գիշերավայրեր (ճաշարաններ, ծաղարաններ եւ այլն) յաճախելու «հին սովորութեան», անդին քորոնաժահրի վարակը շատ արագ կերպով կը մոլեգնէր՝ երկիրը տանելով տագնապալի եւ բարդ դրութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ ուշադրութեամբ դիտենք, կեանքը երբեմն նոյն, երբեմն նման շարժումներու, ապրումներու միօրինակութիւն մը, կրկնութիւն մըն է։ Թէեւ կ՚ըսուի, որ ամէն օր նոր կեանք մըն է ապրողին համար. այո, ամէն առաւօտ նոր կեանքի մը կը սկսի մարդ, բայց որքան «նոր», նո՛յնքան «նման» կեանք մը՝ գրեթէ նոյն առաւօտը եւ նոյն գիշերը… եւ այսպէս կ՚անցնի ամբողջ կեանք մը։
Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ եզակի վիրահատութիւն մը։ Այսպէս, իզլանտացի տղամարդ մը աշխարհի մէջ առաջին անգամ՝ ուսէն սկսեալ երկու ձեռքի փոխպատուաստում (փրոթեզ) ստացաւ։