Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յետպատերազմեան շրջանին ինչպէս շատեր, ես ալ տակաւին ներքին ապրումներուս եւ տուայտանքներուս գերին դարձած եմ եւ դեռ ուժը չեմ գտած բնական ընթացքին վերադառնալու (չնայած դժուար այլեւս 9 նոյեմբերէն առաջուան վիճակին վերադառնամ կամ գոնէ մօտենամ): Նոյն ապրումները ունեցած եմ եւ տակաւին կը շարունակեմ կրել 2012 սեպտեմբերի առաջին օրերերէն ի վեր…
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քրտնաթաթախ տուն մտաւ: Հանգիստը չէր գտներ: Աճապարանքով հասաւ ննջարան: Գրասեղանին քովի աթոռը քաշեց, տեղաւորուելով համակարգիչին պաստառին ծալքը բարձրացուց, ապա մկնիկին հպումներուն հետեւանքով պաստառը սպիտակ էջ մը բացաւ:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Յօդուածաշարքի վերջին այս մասով ահա կ՚անցնիմ դէպի Հայաստան խնդրոյ առարկայ շարժի ֆիզիքական երեսակին, ի մասնաւորի գրելու համար Երեւանի մէջ մշտական կամ երկարաժամկէտ բնակութիւն հաստատած Թուրքիացի հայերու մասին։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Լուսահոգի Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեանի վախճանման քառասունքին առիթով իր յիշատակին կ՚ընծայեմ սոյն գրութիւնը, որ պատմական տեղիք կը բովանդակէ Եւրոպայի հայ գաղութի պատմութեան համար, ուր ան ծառայեց երկար տարիներ որպէս Հայրապետական Պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ առաջնորդ Փարիզի:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Նուրհան Սոյքանը, որ Գերմանական միջկրօնական ծրագրի մը համակարգողն է։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երէց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանն ու թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկինը։
Կեդրոնական վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը նախընթաց օր աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ կրթօճախին։ Դպրոցը այս տարի ունի 53 շրջանաւարտ։
Ամեն. Ս. Պատրիրարք Հայրը նախագահեց երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած համայնքային խորհրդակցութեան՝ դպրոցներու նիւթական անելին շուրջ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի ընթացքին հերթական անգամ կրկնեց, որ երեք հազարի շուրջ աշակերտութեան համար աւելի է թրքահայ վարժարաններու այժմու ցանցը:
Վատիկանի երէկուան հանդիպման ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը:
Միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պատգամին մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն մէջբերում մը ըրաւ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ գիտնական տքթ. Ճոն Մարգարեան մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, Ուեստ Փիթսթըն։ Ան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի առաջին նախագահն էր։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անթալիայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Անգարա եւ Մոսկուա յառաջիկայ շրջանին պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի դռնփակ նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով։ Այս շաբաթավերջին արդէն կը նշուի երջանկայիշատակ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման քառասունքը՝ մինչ իր յաջորդի ընտրութեան ուղղեալ ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Զմմառի մէջ։
Սամաթիոյ ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Այսպէս, 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած աւանդական հանդէսով մը։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան 30 յունիս 2021 թուականին հանդիպում մը ունեցաւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քաղկեդոնի թեմի առաջնորդ Էմմանուէլ Մետրապոլիտին հետ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ հասաւ Հռոմ, ուր դիմաւորուեցաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ դեսպան Կարէն Նազարեանի կողմէ:
Սրբազան Պապը այսօր Վատիկանի մէջ կը հիւրընկալէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները՝ երկրի տագնապալի կացութեան պայմաններուն ներքեւ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Եդուարդ Գովան։
Անուն մը սիրելի, անուն մը յարգելի եւ անուն մը անմոռանալի։
Ան լրացուցած ըլլալով իր կեանքի օրերը, առյաւէտ բաժնուեցաւ զինքը սիրող ու յարգող անձնաւորութիւններէն, մեզմէ՝ բոլորէս։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրը սովորականի պէս կը բացուի:
Կը շողայ պայծառ արեւը: Առանց գարունի ունեցանք ամառ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զմմառի խաղաղ մենաստանը հեռու է Լիբանանի այսօրուայ անցուդարձերուն կեդրոնէն:
Մինչ Պէյրութի կեդրոնը հերթական բողոքի ցոյցերը տեղի կ՚ունենան՝ աւելի թէժացնելով Լիբանանի այսօրուայ ճգնաժամային վիճակը, Պէյրութէն 36 քմ. հիւսիս-արեւելք, Միջերկրական ծովուն մակարդակէն 930 մեթր բարձրութեան վրայ, դարերու փորձութիւնը դիմագրաւած 270-ամեայ Զմառռու պատմական վանքին մէջ կարեւոր հոգեւոր իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ցաւալին այն է, որ ուսեալ մարդիկ եւս կը հաւատան այս սնոտիութիւններուն: Խուցիս մօտ արածող էշ մը կար, անոր անունը նասէր դրի, իր եռանդին պատճառով: