Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ թատրոնի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի 1891 թուականին Շուշիի մէջ, Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ քով կառուցուած «Խանդամիրեան թատրոն»ը, որ կոչուած է կառուցողի եւ առաջին ղեկավարի՝ թատերական եւ հասարակական գործիչ Մկրտիչ (Նիքիթա) Խանդամիրեանի անունով: Խանդամիրեան բանիմաց եւ զարգացած գործիչ մըն էր եւ թատրոնը կառուցել տուած է ժամանակի բեմադրական պահանջներուն համապատասխան, որու շնորհիւ թատրոնը երկար ժամանակ Կովկասի կարեւոր մշակութային կեդրոններէն մէկն էր, ուր կը ջանային ելոյթ ունենալ ժամանակի հայ նշանաւոր դերասաններն ու թատերախումբերը:
Հայաստանի մէջ այս շրջանին օրակարգի վրայ եկած է տօնական արձակուրդներու կրճատումը, ինչ որ հասարակական հարթութեան վրայ ալ քննարկման նիւթ կը դառնայ։ Իշխանութիւններու այս նախաձեռնութիւնը վերջնական տեսք պիտի ստանայ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուելիք օրէնքով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2021-ը Ֆրետիոֆ Նանսէնի (10 հոկտեմբեր 1861-13 մայիս 1930) ծննդեան 160-ամեակն է:
Միջին Արեւելք ապրող բազմահազար հայերէն շատեր թերեւս յիշեն կամ իրենց մեծերէն լսած են այս օտարազգի մեծ ու բարեսիրտ մարդուն անունը, որ մեր ժողովուրդը, առ ի երախտագիտութիւն, դասած է մեծ հայասէրներու շարքին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արցախի լրատուական դաշտի յայտնի անուններէն մին է լրագրող Քիմ Գաբրիէլեան, որ կը բնակի Ստեփանակերտի մէջ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ շօշափեցինք իր տեսակէտները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
2018 թուականի դեկտեմբերին թողարկուեցաւ «Պայքար. Սուքալսքիի կեանքը եւ կորուսեալ արուեստը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որ արտադրուած է Լէոնարտօ տի Քափրիոյի եւ բեմադրուած՝ Իրէք Տոպրովոլսքիի կողմէ։ Վաւերագրականը՝ քիչ յայտնի արուեստագէտին նոր ու շատ աւելի մեծ համբաւ բերելու փորձ մըն էր։ Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ տեղ գտած հարցազրոյցներն ու տեսանիւթերը կը պատմեն մարդու մը կեանքին մասին, որ կորսնցուցած է իր արուեստի մեծ մասը Բ. Աշխարհամարտին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ հրապարակախօս, արձակագիր եւ բանաստեղծ Դերենիկ Դեմիրճեան զարմանալով հայու ինչութեան մասին կը բարձրաձայնէ. «Արդեօք բան մը կը հասկնա՞ք հայէն... որքա՜ն տարօրինակ, հանելուկային արարած է. որքա՜ն խաբուսիկ»: Այս հանելուկային իրավիճակը մինչեւ օրս վերացած չէ, որովհետեւ աւելի քան կէս դար ետք հայը կը շարունակէ պահել իր տարօրինակութիւններն ու խաբուսիկութիւնը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ Իտալիա մեկնած է մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովին, Վատիկանի մէջ ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Նախագահ Պայտընի հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Ճիլ Պայտըն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Իտալիա՝ մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Ապա ան կ՚ուղեւորուի դէպի Կլասքով, ուր նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը որոշած է 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի գրադարանին։
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնք ոգեւորութիւն ստեղծելու առընթեր եկան հերթական անգամ վերահաստատել միութեան ու միասնականութեան տրամադրութիւնները։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ Անցեալ շաբաթավերջի գահակալութեան պաշտօնական արարողութենէն վերջ ան Պէյրութի մէջ ընդունուած էր Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի կողմէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 114-րդ տարեդարձը եւ թերթիս դիմագրաւած լինելութեան մարտահրաւէրները ստեղծած են լայն արձագանգ։ Թէ՛ մեր համայնքային շրջանակներէն եւ թէ արտասահմանէն օրերէ ի վեր մեզի կը հասնին շնորհաւորութեան ու զօրակցութեան պատգամներ։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ներկայիս ականատես ենք աշխարհի մեծագոյն խորիմաստ ընկերվարական-ժողովրդավարական ապրելակերպի փոփոխութիւններուն, որոնք կը ծառանան մեր աչքերուն առաջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկահայ մտաւորական, տքթ. Յակոբ Այնթապլեանի կարծիքը շօշափեցինք հայ իրականութեան հրատապ օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ՝ լեզուի պահպանութենէն սկսեալ, մինչեւ Հայաստանի դիմագրաւած առկայ մարտահրաւէրները։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վստահաբար մեզմէ շատեր նկատած են եւ ցաւ կ՚ապրին մեր Մայրենի մեծասքանչ ու հիասքանչ լեզուի այսօրուան վիճակին համար, թէ՛ արեւմտահայերէնի եւ թէ՛ արեւելահայերէնի պարագային:
Կարսի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեակին առթիւ վաղը միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ «Շուշա» համագումարներու կեդրոնէն ներս նախատեսուած է ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին ստորագրադիր պետութիւններէն ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ եւ մասնագէտներ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին յաճախ պատգամներ կը տրուին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն կարեւոր շրջագայութիւն մը ունեցաւ՝ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի արաբական ազդու երկիրներ։ Այս ուղեւորութեան առաջին փուլը հանդիսացաւ Սէուտական Արաբիան, ուրկէ Արմէն Սարգսեան անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Գումգաբուի մէջ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հերթական հանդիպում:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր համայնքին տեսակէտէ քայքայիչ կը նկատէ՝ վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը: Նորին Ամենապատուութիւնը կը գնահատէ Ս.Փ. Ազգ. Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, որ կը շարունակէ աջակցիլ մեր վարժարաններուն: Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին հաւանաբար օծուի յառաջիկայ մայիսին:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 98 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։