Արխիւ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին ծաւալուն արժեւորում եւ քննարկումներ:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան, Վարուժան Պուլկան եւ Արմէն Սարուխանեան բացատրութիւններ տուին դպրոցի ընդհանուր կացութեան շուրջ: Խնամակալութիւնը ընտրութիւններուն համար ալ իրաւական գետնի վրայ նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակէ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայր Սամաթիոյ մէջ յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը նախ պէտք է իր տան առջեւը աւլէ:
«Մեր հաստատութիւններու հարստութիւնները պէտք է տնօրինենք ո՛չ թէ դրամատան, այլ եկեղեցական մտայնութեամբ»:
Նիւ Եորքի մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ ամերիկահայ բարեյիշատակ ազգային գործիչ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Վերջին օրերուն ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր՝ մաս կազմելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել թէ՛ միջազգային եւ թէ տարածաշրջանային օրակարգը։ Շահագրգիռ բոլոր դերակատարները կը շարունակեն խտացեալ շփման մէջ մնալ։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի հետ վերջերս շահեկան հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սիպիլ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ հերթական անգամ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կամարներուն ներքեւ, տակաւին յստակ չէ։ Հանդիպում, որուն հաւանաբար կը սպասէր իւրաքանչիւր հայ մարդ, որ այսօր ալ սրտցաւօրէն կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան ընդհանուր լարուածութեան։
Պելժիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու համագործակցութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընկերաբան Կէորկի Տերլուկեան ծաւալուն հարցազրոյցով մը խորհրդածութիւններ ըրած է հայաշխարհի օրակարգի հրատապ եւ առանցքային հարցերու շուրջ:
«Արդեօք սփիւռքը պիտի շարունակէ՞ գոյատեւել 100 տարի անց». առ երեւոյթ հեռահար խնդիրներ, որոնց լուծման համար արդէն հայութիւնը կը յապաղի տագնապելու եւ աշխատելու:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղը, 25 սեպտեմբեր 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Սուրբ Խաչի տօներէն՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի յիշատակը: Տօն մը, որ յատուկ միայն մեզի՝ հայերուս, եւ այս պատճառով ալ զանազան հեղինակներու եւ գրիչներու կողմէ կոչուած է «Հայու սեփական Խաչը»ի տօնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչի նուիրուած տօներուն վերջինն է Վարագայ Խաչի տօնը։ Նախորդ Խաչի տօները՝ Խաչի վերացման, Գիւտ Խաչի, Խաչի երեւման տօն հասարակաց Խաչի տօներ են բոլոր եկեղեցիներուն. իսկ Վարագայ Խաչի տօնը կը տօնէ միայն Հայ Եկեղեցին՝ հայուն յատուկ, հայ ժողովուրդին Խաչի տօնն է, քանի որ ան բոլորովին «ազգային յիշատակ»ի մը տօնն է որ կը տօնուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ որոշ ժամանակ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումը որպէս դրական երեւոյթ կը դիտուէր մարդկութեան կողմէ եւ մարդ արարածը կը հաւատար, որ ժամանակ մը ետք կեանքը աւելի դիւրին ու հանգստաւէտ պիտի ըլլայ իրեն համար, սակայն ժամանակի ընթացքին սկսաւ համոզուիլ, որ բարիքներուն կողքին գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացումը ունի նաեւ բազմաթի՜ւ բացասական կողմեր, որոնք դիւրացնելու փոխարէն կրնան մարդուն կեանքը աւելիով դժուարացնել եւ մինչեւ իսկ դժբախտացնել:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Նորէն Ատրպէյճանի կողմէ ծանր յարձակում գործուեցաւ՝ այս անգամ Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ, թիրախ առնելով ե՛ւ սահմանապահ դիրքերը ե՛ւ խաղաղ բնակավայրերը։ Պաշտօնական տուեալներով՝ կան բազմաթիւ զոհեր, վիրաւորներ, նիւթական բազմաթիւ վնասներ եւ քանդուած ենթակառոյցներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր տնօրէն տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս շքանշանով մը պարգեւատրուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ։
Ատրպէյճանի լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները կը մնան բռնագրաւուած:
Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան բազմակողմանի շփումներ կ՚ունենան ՄԱԿ-էն ներս:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերջերս անմիջական ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպեց թաղի քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին համար։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարուան առաջին կէսին հայր սուրբը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած էր՝ ուսումը կատարելագործելու համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան արարողութեան։ Այսպէս, խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի այն 11 աշակերտներուն համար, որոնք նախապէս չէին մկրտուած։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք մարդոց բնաւորութիւնը կը փոխուի՞ նոր փորձառութիւններէն կամ ստացած տեղեկութիւններէն յետոյ։ Արդեօք մարդ կրնա՞յ իր սիրելիի վարքագիծը փոխել։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ծառը ծառին քոյրն է
Կամ անոր բարի դրացին:
Մեծը կը գորգուրայ փոքրին
Եւ կու տայ իր ստուերէն
Անոր պէտք ունեցածը: