Արխիւ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նորանշանակ աւագ հիւպատոս Նիքոլա Կասիանիտեսը։ Իր նշանակումէն վերջ ան անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը տուաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Պահայի համայնքի վարչութեան ընդհանուր քարտուղար Շեմսետտին Էօզթիւրքը, որուն կ՚ընկերանային վարչութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Միւֆիտ Աքսոյ եւ Պահայի միջազգային յանձնախումբի ներկայացուցիչ տքթ. Նիմա Մասրուրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարօ Վարժապետեանի։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս համախմբուեցան հին արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հոգեւոր առաջնորդները։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Բարակացաւի տարածումը եւ անոր զոհերուն թիւը: Անոր արտայայտութիւնները: Ասիկա վարակիչ եւ ժառանգաբար փոխանցուող հիւանդութիւն մըն է: Վարակումը ամուսնութեան մէջ: Թոքախտի նշանները: Անոր նշանակութիւնը ամուսնական կեանքի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եթէ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը հիմ առնենք մարդկային դատողութեան, պէտք է ըսել, թէ «սրտի մաքրութիւն»ը ստացական չէ, այլ՝ բնածին է. ուրիշ խօսքով, մարդ կամ «կեղծաւոր» կը ծնի կամ «անկեղծ», պարկեշտ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ կ՚ունենայ երազներ, որոնք ցաւ ի սիրտ շատ անգամ կը մնան «երազ»ի կարգավիճակին մէջ: Երազներուն իրականութիւն չդառնալէն շատ աւելի տխուր երեւոյթ է սակայն տեսնել, որ յաճախ ծնողներ իրենց անկատար երազները կը փորձեն կեանքի կոչել իրենց զաւակներուն միջոցով:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ կրթական մշակ ու գրող Լեռնա Գարագիւթիւք, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց աշակերտութեան հետ։
Կը տեղեկանանք, որ Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին թափ կու տայ սերնդափոխութեան պատրաստութեան եւ աշխատանքներու ձեռնարկած է՝ նոր սերունդէն դպիրներ հասցնելու առաջադրութեամբ։
Ֆէրիգիւղի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած տարեկան սիրոյ սեղանին արձագանգները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւնները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը քննարկէ համայնքային մամուլին առկայ հարցերը։ ԹՎՄ միջոց մը առաջ ստեղծած է մասնաւոր յանձնախումբ մը՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս լրատուամիջոցներու կողմէ իրերայաջորդ հնչեցուած ահազանգներու լոյսին տակ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Զանգեզուրի միջանցքին աշխարհագրական ուղղութեան փոփոխութիւնը համընկնեցաւ «3+3» ձեւաչափով Իրանի մէջ կազմակերպուած հանդիպումին: Առաջինը այս մասին ազդարարեց Թուրքիոյ նախագահը:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս բացուած է շահեկան եւ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը:
«Լճաշէն. ջրասոյզ գանձարան»ը կը ցոլացնէ ամրոց-դամբանադաշտի հարուստ հաւաքածոյէն կարեւոր հատուած մը:
Հայկական դիւանագիտութիւնը երէկ ցաւալի կորուստ մը կրեց. ոչ եւս է դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան, որ կեանքէն հեռացաւ 72 տարեկանին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ գուժեց, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան կնքած է իր մահկանացուն։
Ըստ Պաքուի, հայկական կողմը պէտք է ըլլայ արդար ու շինիչ եւ ճիշդ ըմբռնէ տարածաշրջանի իրողութիւնները:
Ատրպէյճան կը նշէ Արցախի երկրորդ պատերազմին տարած յաղթանակը. Ստեփանակերտի մէջ մեծ զօրահանդէս:
Թուրքիայէն զգուշացում. ԱՄՆ կ՚ընկալուի՝ որպէս Իսրայէլի յանցագործութիւններուն հովանաւորը:
Նախագահ Էրտողան չժամադրեց Պլինքընը, որ Ֆիտանի հետ բանակցութիւններ վարեց շուրջ երկուքուկէս ժամ:
Կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ նոյեմբերի 17-18-ին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը՝ «Հանրապետութեան 100-ամեակին փոքրամասնական իրաւունքները» խորագրով։
Տատեան վարժարանի երդիքին տակ Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած հանդէսը մեծ խանդավառութիւն առթեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Սովետական Միութեան տապալումէն վերջ Ռուսաստան անցաւ շատ մը վերիվայրումներէ եւ մանաւանդ չեչենական պատերազմը լուրջ վտանգ կը սպառնար երկրին՝ մինչեւ 2000-ականներու սկիզբը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչի՞ կ՚արժանանայ այն մարդը, որ առաքինի կին կը գտնէ:
Պատասխան. Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ ու Տիրոջմէն շնորհք կը ստանայ» (Առ 18.22):