Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ մարդկութիւնը կ՚ապրէր փոփոխական զարգացումներով լեցուն շրջան մը: Հրէաստանը դարձած էր Հռոմէական կայսրութեան նահանգներէն մէկը, որ իր քաղաքական որոշումները եւ ուղորդումները կը ստանար Կեսարիայէն՝ ուր կայք հաստատած էր երկրի նահանգապետը, իսկ Երուսաղէմի ներքին գործերը յանձնուած էին հրեաներուն, յատկապէս օրուան քահանայապետին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բեթլեհէմ քաղաքի մէջ ծնաւ մանուկ Յիսուս՝ մարմնացաւ եւ մարդացաւ Աստուած համեստ պայմաններու եւ անշուք միջավայրի մը մէջ բայց մեծ փառքով։ Եւ ասիկա եղաւ մանուկ Յիսուսի առաջին պատգամը՝ ինքնահաճ եւ յաւակնոտ մարդկութեան, թէ՝ համեստութեան եւ խոնարհութեան մէ՛ջ է փառքը եւ վեհութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Դարեր շարունակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի մասին եղած են բազմաթիւ հարցադրումներ մինչեւ օրս եւ մեծ հաւանականութեամբ վաղը եւս պիտի շարունակեն հնչել հարցեր, որոնք մարդ արարածը կը մտահոգեն. յաճախ տրուող հարցերէն մին այն է, որ ինչո՞ւ համար Յիսուս Քրիստոս սովորական տան մը մէջ ծնելու փոխարէն լոյս աշխարհ եկաւ մսուրի մը մէջ:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու աշխարհական աշխատակիցներուն հետ։
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Վերստին կը լուսաւորուի քրիստոնեայ աշխարհին կեանքը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշալի ծնունդովը, որուն մէջ մենք կը տեսնենք Աստուածորդիի խոնարհումը երկինքէն երկիր եւ Անոր գալուստով՝ մեր առջեւ բացուող առաւօտը նոր կեանքին:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Նոր տարի մը եւս դիմաւորելու, ամանորեան ուրախութեան շնորհքին արժանացածներու ապրած երջանկութեան պահերէն անմիջապէս յետոյ, նոյն շաբթուան մէջ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ամանորեայ ուղերձը «Հ1»ով հեռարձակելը աւանդոյթ մըն էր, որ գոյութիւն ունէր տակաւին Վազգէն Առաջին Վեհափառի ժամանակներէն: Այդ աւանդոյթէն հրաժարիլը ներկայ իշխանութիւններու նեղմտութեան արտայայտութիւնն է:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ծնողքս նուիրեց քե՛զ իմ ծնունդիս,
Որ միշտ հետս ըլլաս, հրեշտակի պէս,
Արդ քեզմով կ՚ապրին միտքս ու հոգիս
Մայրենի լեզու, իմ քաղցրիկ հայերէնս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ ազատ է սուրճը շաքարով կամ առանց շաքարի խմելու. բայց եթէ բանաւոր պատճառ մը կամ առողջական լուրջ արգելք մը չկայ, ազատ չէ ուրիշի մը սուրճին միջամտելու։ Այս պարզ օրինակը ցոյց կու տայ, որ մա՛րդ անսահմանաբար ազատ չէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին յիշուիլ որպէս մեծ արժէքներ. ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տօնական եւ խորհրդալի այս օրերուն բացառիկ ցուցահանդէս մը բացուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Ցուցադրուած են Սուրբ Ծնունդը պատկերող բացառիկ մանրանկարներ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ կը ցուցադրուին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան երէկ վախճանած է։
Պաքըրգիւղի ընտանիքին տարեմուտի խանդավառութիւնը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած համերգներով, որոնք բացառիկ բարձր տրամադրութեան առարկայ դարձան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խնդիրը շատ խորքային է. այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին է այն միակ կառոյցը, որ տակաւին կը շարունակէ ազգայնութեամբ շնչել Հայաստանի մէջ:
Սա տակաւին սկիզբն է եւ այն ճղճիմութիւնն է, որով կը ղեկավարուի երկիրը՝ բաւարարելով անոր «հպարտ» քաղաքացիները, որոնք կարծես նախիրի վերածուած են՝ որպէս ժողովուրդ:
Իրանի Քիրման քաղաքին մէջ երէկ պատահած իրերայաջորդ պայթումները մեծ թիւով զոհեր խլեցին եւ մտահոգութիւն յառաջացուցին:
Ռայիսի յետաձգեց Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնը, Էրտողան հեռախօսազրոյցի ընթացքին ցաւակցութիւն յայտնեց իր պաշտօնակցին:
Հայաստանի Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը երէկ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ Ամանորի գիշերը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ չհեռարձակուելուն կապակցութեամբ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, Հաքան Ֆիտան նշեց, որ յունուարի 6-ին Էնթընի Պլինքըն պիտի ըլլայ իր հիւրը, այսպէս ծրագրուած է ներկայիս, եթէ վերջին պահուն փոփոխութիւն մը չըլլայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ արարածը կը զարգանայ զգացումներու տարափի մը մէջ։ Մանուկ հասակէն իսկ, մարդ կը շրջապատուի զանազան զգացումներու ազդեցութեամբ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանը շատ մը հայերու համար ինչքան ալ յետամնաց, անհաճոյ վայր մը թուի ըլլալ, օտարներու համար կը շարունակէ գեղեցիկ ու զմայլելի վայր մը ըլլալ: Այդ մէկը փաստելու համար բաւարար է նայիլ վիճակագրութիւններուն. 2022 թուականին պետական յայտարարութեան համաձայն, Հայաստան մուտք գործած էր մօտաւորապէս 1.670.000 զբօսաշրջիկ, սակայն 2023 թուականի վիճակագրութիւններու համաձայն այդ թիւը բարձրացած է 31 առ հարիւր տոկոսով, հասնելով մօտաւորապէս 2.200.000-ի:
