Արխիւ
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական ուխտագնացութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է։ Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ուխտագնացութեան մասնակիցները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի ամարանոցին մէջ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանը, որու հետ էին վարչութեան անդամներէն Վարդուհի Մսըրլեան եւ «Մարալ» երգի ու պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պահրէյնի թագաւորութիւնը կը գտնուի Արաբական (Պարսից) ծոցի շրջանին մէջ: Անոր տարածութիւնը 760 քառակուսի քիլօմեթր է: Պահրէյն կազմուած է 50 բնական ու 33 արհեստական կղզիներէ եւ ունի գեղեցիկ ծովեզերք, բարձր որակի շինարարական կառոյցներ ու, տակաւին, ամբողջ կղզիի տարածքին կան արմաւենիի եւ ձիթապտուղի ծառեր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը կը շարունակուի։ Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ որոշ գործընթաց մը կը հասուննայ, սակայն, տակաւին օրակարգի վրայ են լուրջ տարակարծութիւններ, որոնց առանց յաղթահարման անկարելի պիտի ըլլայ վերջնական բնականոնացումի մը մասին խօսիլը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 3.1-11:
Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 11.13-24:
Մատթէոսի Աւետարանէն 14.13-21:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անձը ինքզինք կ՚ուղղէ դէպի երանութիւն իր ինքնակամ արարքներով. կիրքերը կամ զգացումները, զորս ան կ՚ապրի, կրնան առ այս տրամադրել զինք եւ օժանդակել իրեն։
«Կիրք» եզրը կը պատկանի քրիստոնեայ աւանդին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ աշխարհի մէջ մեծ աղմուկ կը ստեղծէ արհեստական բանականութիւն (artificial intelligence) ըսուած առեղծուածը, որ իր բարիքներուն կողքին ունի իր լուրջ վտանգները, որոնց ազդեցութիւնը աւելիով պիտի զգանք ապագային:
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Փարիզը թիրախաւորել՝ Երեւանի կողքին միակողմանիօրէն դիրք գրաւելու պնդումներով։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճան-Ֆրանսա-Հայաստան առանցքին վրայ ծագեցաւ բանավէճ մը։
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր դատավճիռը, որպէսզի Լաչինի միջանցքով ապահովուի ազատ տեղաշարժը։ ՄԱԿ-ի դատարանը այս ուղղութեամբ անցեալ փետրուարի 22-ին արձակած էր վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը պէտք է պարտաւորեցուէր՝ ձեռնարկելու համար բոլոր միջոցները, որպէսզի երաշխաւորուի Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Արցախի ամբողջական շրջափակումով պայմանաւորուած մարդասիրական տագնապի եւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումներու յարաբերաբար դանդաղած իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս շփումը։
Յառաջիկայ շաբաթ Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հանդիպում մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրները:
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ նպատակասլաց աշխատանք կը տարուի թէ՛ համահայկական համախմբումը ամրապնդելու եւ թէ միջազգային աջակցութեան ապահովման նպատակով:
Փարիզի մէջ պատմական ձեռնարկներ:
ՀԲԸՄ բազմակողմանի ծրագրով մը նշեց Ֆրանսայէ ներս ծաւալած գործունէութեան 110-ամեայ յոբելեանը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երբ 1665 թուականին ժանտախտը պատեց Լոնտոնը, քաղաքի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը խելագարուեցան եւ դիմեցին աստղագուշակներուն, իբր թէ բուժող շաղակրատներուն: Անոնք մեծ գումարներ կը վճարէին յոյսի մը համար, կ՚աղօթէին, կը հառաչէին, կը կապէին իրենց աչքերը, կը փակէին ականջները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւաքական կեանքի մէջ ինծի զարմանք պատճառող երեւոյթ մը եղած է գնահատանքի սխալ եւ անտեղի գործածութիւնը։ Շատ հետաքրքրական է՝ գնահատանքը երբեմն կը զլացուի, երբեմն ալ կը մսխուի, ուրիշ խօսքով՝ գնահատանքի իրապէս արժանի անձեր կը զրկուին գնահատանքէ, միւս կողմէ անարժաններու կը շռայլուի գնահատանքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ գրականութեան մէջ կան դէմքեր, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն մնալ առեղծուած. անոնց կեանքը, նկարագիրն ու գրականութիւնը լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտին, որովհետեւ անոնց էութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր եղած է ուրիշներէ: Անկասկած, որ անոնցմէ մէկն է Տիրան Չրաքեանը (ծանօթ որպէս Ինտրա):
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնի վրայ խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի վիճակին շուրջ:
Ատրպէյճանի կատարած ամբողջական շրջափակումը աննկարագրելիօրէն կը խորացնէ մարդասիրական տագնապը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հաստատման 125-ամեակը յոբելենական բացառիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ այս առթիւ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ աշխարհիկ հանդիսութիւն։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ երաժշտական երեկոյթներու առաջին փուլը՝ հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Հանդիսութեան նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աւելի քան 450 աշակերտ ունեցող եռայարկ դպրոցի պատուհանները կը նային դէպի պարտէզ: Մեծաւ մասամբ այս նոյն պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենան մարմնամարզութեան դասերը, որոնց աշակերտութիւնը կը սպասէ սրտատրոփ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Իսթանպուլի քաղաքապետարանի Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս պահուող հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերը հետազօտելու ընթացքին (2017-2020-ին) հայաստանցի մատենագէտներ անոնց մէջ գտած են գիրքեր, որոնք կը բացակային Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, որ, ինչպէս յայտնի է՝ կը նկատուի հայատառ տպագիր գրականութեան ամենէն մեծ պահոցը աշխարհին մէջ: