Արխիւ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիթի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Սքոփէի մէջ, ԵԱՀԿ-ի նախարարական հաւաքի ծիրէն ներս։
ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան շրջագծային համաձայնագրին կողմ երկիրներու խորհրդաժողովը:
Նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա կը նախատեսէ 2053 թուականի դրութեամբ կեանքի կոչել 0 արտանետումի նպատակը»:
Յառաջիկայ տարուան առաջին եռամսեակին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները այժմէն սկսած են պայմանաւորել Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։
Հայաստանի կողմէ տիեզերք արձակուեցաւ առաջին հայրենական արբանեակը, որ կը կոչուի «Հայասաթ-1»։ SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռով տիեզերք արձակուեցաւ արբանեակը եւ հեռարձակման սկիզբը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ։ Արբանեակը արտադրած են հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանն ու Գիտական նորարարութեան ու կրթութեան կեդրոնը (CSIE)։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պատրիարքարանի տնտեսական յանձնախումբի անդամները։ Հարկ է նշել, որ յանձնախումբի կազմը վերջերս համալրուած է։
Ամանորի ընդառաջ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ երէկ կազմակերպուած քէրմէսը համայնքային կեանքէն ներս արժանացաւ ուշադրութեան եւ գնահատանքի։ Ծնողաց միութեան այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Սեբաստահայոց միութեան երդիքին տակ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նշուեցաւ «Բարեկամ» խմբակի հիմնադրութեան չորրորդ տարեդարձը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ քահանայ հայրեր։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս նախընթաց օր հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնը։ Ս. Գէորգ աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։
Թերթիս երէկուան թիւին մէջ, մեր աշխատակից Անուշ Թրուանցի ստորագրութեամբ հրատարակուած նիւթին մէջ, երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի լուսանկարին փոխարէն թեքնիք վրիպումով մը տեղ գտած էր երջանկայիշատակ Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի լուսանկարը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գրեթէ բոլորս կը ճանչնանք յոռետես մէկը։ Ան միշտ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ սխալ ըլլալ եւ եթէ նոր գաղափար մը առաջարկէք, ան ձեզ կը յայտնէ հաւանական սարսափելի վիճակներու մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցին եւ ընտանիքը՝ երկու կարեւոր հաստատութիւններ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու, որպէս հոգեւոր եւ մարմնական կեանքի գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ ազդակներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հիմա որ հոգեպէս պատրաստ ես ամուսնութեան, պէտք է լաւապէս հասկնաս, որ կեանքիդ մէջ մեծ փոփոխութիւն մը պիտի կատարուի եւ յետ այսու պիտի չապրիս այնպէս՝ ինչպէս կ՚ապրէին նախապէս:
Տարածաշրջանի երկիրներու հայութեան պարագային ալ զգալի կը դառնան ինքնութեան պահպանման հարցերը:
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները անմիջականօրէն կ՚անդրադառնան հայ համայնքներու կենսակերպին վրայ:
Միջազգային լրահոսին մէջ երէկ լայն արձագանգ գտաւ Հենրի Քիսինճըրի մահը՝ 100 տարեկան հասակին։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղարներէն մին էր, 1973 թուականին իրեն շնորհուած էր Նոպելի խաղաղութեան մրցանակը։
Երեւան Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան համար անհրաժեշտ կը նկատէ Պաքուի անկեղծ ներգրաւումը:
Միրզոյեան Լաւրովի նկատառման յանձնեց Հայաստանի դիրքորոշումները՝ Ռուսաստանի քաղաքականութեան եւ քայլերուն շուրջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման ուղղեալ բանակցութիւնները երէկ շարունակուեցան՝ կողմերու ուղղակի շփումով։ Հայաստանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովն ու Ատրպէյճանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովը երէկ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետներուն՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Աշնան մեղեդիներ» խորագրեալ գրական-երաժշտական հանդէս մը։ Նարինէ Վարդերեսեանի եւ Գայիանէ Ռեւազեանի մականին ներքեւ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ թարգմանիչ ու պրպտող Սիրվարդ Մալխասեան, որու ի պատիւ կազմակերպուած ձեռնարկին հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային միւս լիսէներէն աշակերտներ։ Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերջերս հրատարակած է «Համառօտ բառարան»ը, որ պատրաստուած է Իւղաբեր Պոյաճեանի կողմէ։ Գիրքին մեկենասն է Շնորհիկ Զօրվարեան, որ զայն ձօնած է իր սիրեցեալ հոգելոյս ամուսնոյն՝ ճարտարագէտ Խաչատուր Զօրվարեանին։
Հայաստանի Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան երէկ երախտագիտութեան տուրք մատուցեց՝ բարեյիշատակ մարզական գործիչ լուսահոգի Նազար Հանչէրի նկատմամբ։