Արխիւ
Փութին-Ալիեւ երէկուան հանդիպման օրակարգի թիւ մէկ հարցն էր՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը Թոյվօ Քլաարի հետ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:
Տիգրան Աւինեան երդուելով կոչուեցաւ՝ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին:
Մայրաքաղաքի համաչափ զարգացման համար մշակուած է բարեփոխումներու ծրագիր մը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ Թել Աւիւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Պատերազմական ծանր իրավիճակի մէջ տեղի ունեցաւ պետական քարտուղարին ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս ան անցաւ նաեւ Յորդանան։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Մենք այժմ կը գտնուինք Ատրպէյճանի՝ Հայաստան ներխուժման անմիջական սպառնալիքի տակ»: Սա կ՚ըսէ ո՛չ թէ որեւէ քաղաքագէտ կամ վերլուծաբան: Սա մէջբերում մըն է ԵՄ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանի հարցազրոյցէն:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պիշքեքի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը։ Քրեմլինի աղբիւրները նշեցին, որ ռուսական կողմը մեծ նշանակութիւն կու տայ այսօրուան շփման։
Անմոռանալի նկարիչ եւ քանդակագործ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ փայլուն նախաձեռնութիւն:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս բացառիկ ցուցահանդէս մը, որով կը վերարժեւորուի վիթխարի աւանդ մը. «Հոգու հայելի»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ յիշեր ո՞ր տարին էր, երբ քաղաքական եւ զանազան հարցերու կողքին, այդ օրերու իր երկրին նախագահին գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ֆրանսախօս երկիրներու համագումարը, իբրեւ մեծ մտահոգութիւն եւ ահազանգ, օրակարգի գլխաւոր նիւթը դարձուցած էր երկրէն ներս ֆրանսերէն լեզուի նուազ գործածութեան հարցը: Լեզուին ՆԱՀԱՆՋԸ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս եւ իմ բաժինս ապրողներու երկրին մէջ», կ՚ըսէ Դաւիթ. (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 5)։
Մարդ արարածը ըստ էութեան, բնաւորութեամբ տկար է եւ անկատար։ Եւ բնական է այս, քանի որ ան «արարած» է եւ ունի կատարեալ Արարիչ մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հակառակ այն իրողութեան, որ կուսակցական հակումներով տարբեր անձեր էին Համազգայինի ժողովի մասնակիցները, ժողովը զուսպ էր. շատ անգամ բանավէճեր եւ հակառակութիւններ տեղի կ՚ունենային, սակայն ո՛չ այն անմակարդակ աստիճանի, որ այսօր կը տեսնենք մեր Ազգային ժողովին մէջ, ուր հայհոյութիւնն ու վարկաբեկումը անպակաս են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յարութիւն Եգիպտացի (Վեհապետեան) - (Ծնած 1820: Վախճանած 4 հոկտեմբեր 1910: Գահակալութեան տարիներ 25 յունուար 1885 - յունիս 1888): Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած տարին, ընտրուած է նաեւ Երուսաղէմի պատրաիրք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, որ իր սերունդի շատ լաւ պատրաստուած, փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է, ծառայութեան ասպարէզէն ներս նոր խաչմերուկի մը վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սրբազան դառնալէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մարի Եանճըի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Շահան Սրկ. Քէօսէեան։ Ան նախկին պոլսահայ մըն էր, որ երկար տասնամեակներէ առաջ մեկնած էր Սուրբ Քաղաք։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակից՝ Մանուէլ Չըթաքի անժամանակ կորուստին համար:
Յայտնի լուսանկարչին յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ոչ մէկ արդար գեղագէտ կրնայ գեղեցիկը գեղեցիկէն զանազանել եւ դասաւորել՝ մէկը կա՛մ միւսը նախապատուութեան որեւէ պայմանադրական օրէնքով կա՛մ չափանիշով։
Գեղեցկութիւնը, եթէ գեղեցկութիւն է, բնութեան մէջ բացարձակութիւն մըն է՝ «norme» մը, որ չի՛ կրնար բաղդատութեան եզր մը ըլլալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Վենետիկի միաբանութեան անդամ էր. Փափազեանի վկայութեամբ՝ «բարեհամբոյր ու ազնիւ դէմք մը, որ յետագային կարծեմ աբբահայր եղաւ»:
Մ. ՏԷՐՊԷՏԷՐԵԱՆ.- Ռումանիոյ շրջանան էր, Դաշնակցական: Գրականութեան ու պատմութեան ուսումնասիրութեան սիրահար մըն էր։ Փափազեանի բառերով՝ «Ձեռներէց, հանրային ջիղ ունեցող, Ռումանիոյ մէջ գործօն դեր ունեցած էր»:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ:
Անթալիոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Ալյիփոս Սթիլիթիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Արարողութեան ընթացքին տէր հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնն ու հայրական ողջոյնները փոխանցեց արարողութեան մասնակից հաւատացեալներուն։
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ համախմբեց բազմաթիւ մշակութասէրներ եւ ընթերցասէրներ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի պայմաններուն տեսակէտէ փայլուն երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ կարծիքի փոխանակումներու աշխոյժ մթնոլորտ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց իրաքահայ խումբ մը ուխտաւորներ։ Ուխտաւորները գլխաւորեց Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան։