Արխիւ
Գաւառի հոգեւոր տեսուչ եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս տարեմուտի առթիւ շարք մը այցելութիւններ տուաւ՝ իրեն վստահուած շրջանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։
Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու ուղղութեամբ եւ այդ ջանքերուն պտուղներն ալ աստիճանաբար կը քաղէ։ Շիշլիցիները վերջին օրերուն այս առումով մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ ականատես ըլլալով այդ հետեւողական ջանքերու արդարացման հերթական դրսեւորման։
Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» գեղարուեստասրահի երդիքին տակ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ վարպետ Ժուլիա Մութլու նշեց իր գեղարուեստական գործունէութեան 50-ամեակը։
Այս տարեմուտին եւս Իսթանպուլի մէջ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ կ՚աղօթեն քրիստոնէից միութեան համար։ Ամէն տարի քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները այս ուղղութեամբ կը թարմացնեն իրենց աղօթքը։ Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս, շաբաթավերջին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները շաբաթավերջին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ուր Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ աղօթեցին նահատակ զինուորներու յիշատակին եւ անոնց հոգիներու հանգստութեան համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սարգիսի տօնի շաբաթավերջին, Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, ընթերցողներուն դարձեալ պիտի ներկայացնենք Վահան Մալէզեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ, որպէսզի ընթերցողները աւելի լաւ ճանչնան գրող Վահան Մալէզեանը եւ սէր արթննայ անոնց մէջ, գէթ մէկ անգամ փնտռել ու կարդալ անոր ստեղծագործութիւնները1:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան ըսած է, թէ ժպիտը, մաքուր սրտի մը եւ հանգիստ խղճի մը արտայայտութիւնն է։ Ուրեմն, մարդուս կարելի չափով ժպտերես ըլլալը կարեւոր է, քանի որ ժպիտը մարդուս տրամադրութիւնը միշտ բա՛րձր կը բռնէ եւ բարձր տրամադրութեան միջավայր մը կը ստեղծէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատկերացուցէք անձ մը, որուն դէմքը գրեթէ ծանօ՛թ է բոլորին, սակայն ոչ ոք գիտէ անոր ո՛վ ըլլալը։ Անոր նկարը Պրազիլէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսայէն՝ Իտալիա կը տարածուի, սակայն անոր իսկական ինքնութիւնը կը շարունակէ մնալ անյայտ:
Հայաստան յառաջիկայ գարնան մէկ ամսով պիտի դառնայ Մարսի հետազօտական կեդրոնը։ Այս նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Երեւանի եւ Վիեննայի համագործակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ՝ Իսթինիէի ապառանքի երդիքին տակ:
Նախագահ Էրտողան եւ Հաքան Ֆիտան Տէյվիտ Քեմրընին հետ Իսթանպուլի մէջ արժեւորեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ բոլոր հարցերը:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը՝ մեծարելու համար վարպետը:
Մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձը կ՚արժեւորուի՝ Սերկէյ Սմբատեանի գլխաւորած կազմի կատարումներով հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Կը յուսամ՝ Ատրպէյճանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ բանակցային գործընթացը լիարժէք ծաւալ կը ստանայ»:
Տարածաշրջանային կայունութեան ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու սպասման մթնոլորտին մէջ Թիֆլիզ կ՚ակնկալէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրումը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կ՚ըսեն, թէ մարդուս միտքն է իր գիրքը,
Ուր ամէն օր բառ մը կ՚աւելնայ սրտատրոփ,
Կամ յոյս մը աղօտ, սէր մը ցաւոտ,
Եւ կամ հինցած երազ մը կասկածոտ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարեւոր եւ աննախադէպ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան Մերձաւոր Արեւելքի այն շրջաններուն մէջ, որոնք տագնապներու հիմնական օճախներ կը համարուին։ Արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի, սարսափելի սպանդներու դրուագները քանդակուած են բոլորի յիշողութեան մէջ եւ այս բոլորին մասին տակաւին երկար պիտի գրուի։
Երեւանի Նկարիչներու տան մէջ երէկ բացուեցաւ յատկանշական ցուցահանդէս մը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս այս տարեմուտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական եզակի ձեռնարկ մը, որու ծրագրին մէջ երաժշտութիւնն ու ստեղծագործական գեղարուեստական այլ ճիւղերը միահիւսուած էին։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «The World Press Photo 2023» ցուցահանդէսը, որ բացուած է Ճարտարապետութեան ազգային թանգարանի երդիքին տակ։
Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոխորհրդարանի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Արցախի վերաբերեալ համաժողով մը։ «Պահպանելով Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը» խորագրեալ հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Եւրոխորհրդարանի նախաձեռնութեամբ։
Թուրքիա կը թիրախաւորէ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններն ու անոնց շառաւիղները:
Անգարա միջազգային իրաւունքի հիմունքով յամառ պայքար կը մղէ՝ անկախ ժամանակի կամ վայրի պարագաներէն: