ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱԶԱՏ ԸԼԼԱՅ
Վստահաբար դո՛ւն ալ որպէս մարդ արարած կը կարեւորես ու մարդկային մեծագոյն արժէքներէն մէկը կը նկատես «ազատութիւն»ը՝ անկաշկանդ ապրելու, մտածելու եւ արտայայտուելու համար: Եւ իրապէս ո՞վ մեծագոյն արժէք պիտի չնկատէր ազատութիւնը՝ մա՛նաւանդ եթէ ազատութեան իմաստը կը տեսնենք առանց վախի ապրելու, արտայայտուելու եւ ինքնակամ ապրելու մէջ:
Ազատութիւնը սակայն առեղծուած մըն է, որ դարեր շարունակ ունեցած է թէ՛ իր կողմնակիցները եւ թէ հակառակորդները. գրականութեան մէջ կը տեսնենք, թէ շատեր կը մեծարեն ու կը գովերգեն ազատութիւնը, իսկ ուրիշներ ամբողջութեամբ հակառակ անոր ժխտական կողմերը կը վատաբանեն:
Ճորճ Ուաշինկթըն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Եթէ վերցուի ազատութիւնը, ապա մարդ գառնուկի պէս, լուռ ու խելօք մորթուելու կը տարուի»։ Այս խօսքը կու գայ բացատրելու մարդուն, որ ազատութեան շնորհիւ է, որ մարդ իր իրաւունքները կը պաշտպանէ, իր որոշումները կը կայացնէ ու իր կեանքի ուղին կը ճշդէ: Գրողը ըսել կ՚ուզէ, որ մարդ առանց ազատութեան չի՛ կրնար արտայայտել իր միտքերը, դժգոհութիւնները եւ կը դառնայ անզօր եւ չի՛ կրնար հակազդել կատարուած անարդարութիւններուն, բռնութիւններուն եւ չարաշահումներուն։ Հետեւաբար, գոյատեւելու համար գրողը ազատութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, սակայն անոր դիմաց կու գայ ուրիշ մը՝ որ ազատութեան բացասական կողմը մատնանշելով կ՚ըսէ. «Ժողովուրդ մը չի կրնայ ազատութեամբ ղեկավարուիլ: Անոնց անհրաժեշտ է առաջնորդութիւն՝ իրենց իսկ բարօրութեան համար»: Շատեր անշուշտ տարօրինակ կը գտնեն այն գաղափարը, որ ազատութեան վերացումը ժողովուրդի մը բարօրութեան համար ինչպէ՞ս կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Ուրիշ գրող մը՝ Ճորճ Օրուել կը գրէ հետեւեալ հակասական թուացող գաղափարը. «Ազատութիւնը ստրկութիւն է»։ Անշուշտ, այս վերջին արտայայտութիւնը ունի իր քաղաքական բնոյթն ու վերլուծութիւնը. գրողը իր այս խօսքերով հետեւեալը ըսել կ՚ուզէ. մարդ երբ իր ազատ կամքով ապրի ազատօրէն սխալելու հնարաւորութիւնը ունի եւ որովհետեւ մարդ ազատ է՝ ենթակայ է սխալելու եւ հետեւաբար ազատութիւնը ստրկութիւն մըն է սեփական սխալներու, սակայն, երբ մարդ ազատ չէ՝ ստրուկ է, այդ պարագային սեփական որոշումներով սխալներ գործելու այնքան ատակ չէ՝ ինչքան ազատութեան մէջ։ Անշուշտ, այս տեսակէտին որքանով կը համաձայնինք եւ որքանով ոչ՝ քննարկելի է, սակայն, այդ մէկը դուրս կը մնայ մեր հիմնական նպատակէն:
Այսօր պիտի խօսինք ազատութեան բացասական կողմին մասին, որովհետեւ կը նկատենք, որ մանաւանդ վերջին մի քանի տասնամեակին ազատութիւնը իր հիմնական նպատակէն շեղելով որոշ մարդոց սանձարձակութիւնը պաշտպանելու կը ծառայէ. ազատութիւն անուան տակ ի՜նչ ուզես կը կատարուի, ի՜նչ ուզես կ՚ըսուի, կը գրուի եւ այդ բոլորին դիմաց մէկը հաշուետուութիւն տալու մասին չի մտածեր՝ որովհետեւ ազատութիւն բառը կու տայ այդ բոլորը աւելիով շա՜տ աւելի հանգիստ ու ազատ ձեւով ընելու հնարաւորութիւնը: Ազատութիւնը լաւ բան է, սակայն, անսահմանափակ ազատութիւնը զուրկ է բարոյական, հասարակական ու պատասխանատուութեան սահմաններէն, որովհետեւ ազատութիւն եւ սանձարձակութիւն իրարմէ քայլ մը հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին։ Ազատութիւնը լաւ է, սակայն իր ո՛չ իր ազատութեան մէջ. որովհետեւ առանց սահմաններու ազատութիւնը թէ՛ անձը կը վնասէ եւ թէ շրջապատն ու հասարակութիւնը:
Մեր օրերուն ականատես կ՚ըլլանք, թէ ինչպէս ազատութիւնը կը գործածուի որպէս միջոց արդարացնելու որեւէ գործողութիւն կամ խօսք. ազատութիւնը եթէ սանձեր չունենայ դժոխքի դուռի կը վերածուի, որովհետեւ այդ հաշուով մարդ ազատ է վերջապէս ստելու, խաբելու, ատելու, վիրաւորելու, մինչեւ անգամ մարդ սպաննելու՝ որովհետեւ այդ բոլորն ալ ազատութեան սահմանին մէջ կը գտնուին: Ազատութիւն ըսելով մեր օրերուն կարծես կը հասկցուի ընել այն, ինչ որ կ՚ուզենք ընել՝ առանց պատասխանատուութեան ենթարկուելու:
Այդ ազատութեան վատ կողմը մենք ամէն օր կը տեսնենք. մարդիկ իրենց ցանկացածը՝ ճիշդ կամ սխալ կը գրեն ու կ՚արտայայտեն, պատանի երիտասարդներ իրենց ուզածը կ՚ընեն՝ առանց իրենց ծնողներուն հաշուետու ըլլալու: Այսօր մարդ կրնայ համացանցի ճամբով սուտ լուրեր տարածել ու հաւատացէ՛ք մարդ չի՛ կրնար բան ըսել, որովհետեւ վերջապէս ազատ է իր ուզածը ընելու: Օրինակի համար, անցեալին կար խօսքի ազատութեան սկզբունք, կար ազատախօսութիւն, կար քննադատութիւն, որ հակառակ ազատութեան ունէր որոշ սկզբունքներ. բացի սկզբունքներէն՝ այդ բոլորը ունէր նպատակ, սակայն, այսօր այդ բոլորը իրենց արժէքներէն մերկացած միայն մէկ արդարացում կը գտնեն. ազատութիւն:
Ազատութիւնը եւ թոյլտուութիւնը իրարմէ անջատ բաներ են. այսօր մարդիկ ազատութիւնը կ՚օգտագործեն որպէս անցագիր՝ իրենց ցանկացածը ի գործ դնելու, որովհետեւ վերջապէս ազատ են:
Այսօրուան մեր յօդուածը կ՚ուզենք աւարտել Ժան Ժաք Ռուսոյի մէկ խօսքով. «Ազատութիւն չի նշանակեր ընել այն, ինչ որ կ՚ուզես, այլ ազատութիւն կը նշանակէ ուրիշներուն ազատութիւնը չվերցնել»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազատութեան մէջ սահմաններ պէ՞տք է ըլլան, թէ ոչ:
Պատասխան. Այս մէկը լուրջ եւ խոր խնդիր մըն է: Իրականութեան մէջ կարելի չէ ազատութիւնը տեսնել առանց որոշ սահմանափակումներու, որովհետեւ մէկու մը ազատութիւնը պէտք չէ վնասէ ուրիշին իրաւունքները: Անսահման ազատութիւնը կրնայ վերածուիլ վտանգի, ուր համակեցութեան կանոնները կը խախտուին: Հետեւաբար, սահմաններու գոյութիւնը անհրաժեշտ է ո՛չ թէ կաշկանդելու, այս հասարակութեան մէջ կարգ ու համերաշխութիւն պահելու համար: Ճիշդ սահմանները կը պաշտպանեն անհատի ազատութիւնը, մինչեւ հոն՝ ուր այլոց ազատութիւնը չի վնասուիր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան