Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Գ
Ճանաչման եւ հատուցման որոնումներուն զուգընթաց յառաջ տարուիլը՝ խնդիրը ակամայ կրնայ դարձնել Թուրքիա-Հայաստան օրակարգի բաղադրիչը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր պատշած շուքով ու մեծ երկիւղածութեամբ կը վերյիշէ Սուրբ Սահակն ու Սուրբ Մեսրոպը՝ հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը:
Տօնացոյցի մէջ նախատեսուած ձեւով՝ Հոգեգալուստին յաջորդած երեսուներեքերորդ օրուան կը զուգադիպի անոնց ոգեկոչումը, միշտ Հինգշաբթի:
Դաշնակահար Տիգրան Համասեան եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը նախընթաց իրիկուն պատմական համերգ մը սարքեցին Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ զանգակատան ներքոյ։ Համերգի ներկաներուն կարգին գտնուած է նաեւ տաղանդաւոր գրիչ մը Եքթա Քոփան, որ իր տպաւորութիւնները այսօր հրապարակած էր «Րատիքալ» օրաթերթին մէջ։
Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անտարբերութիւնը ընդհանրապէս, արգելք մըն է կեանքին բնական ընթացքին՝ որ կը դժուարացնէ անոր արդիւնաւորութեան պայմանները։ Ամէն մարզի մէջ ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ անտարբերութիւնը։
Վենետիկի մէջ այսօր պիտի ներկայացուի Մեծ եղեռնի վերաբերեալ բեմադրութիւն մը՝ «Արեւելեան կողմնաշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ» խորագրով։
Ելեկտրականութեան սակագինի շուրջ ցոյցը կը շարունակուի Երեւանի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, թէ Հայաստան կը շարունակէ իր ուղին դէպի ժողովրդավարութիւն:
Խորհրդարանի 25-րդ շրջանի աշխատանքները սկսած կը համարուի:
Սելինա Տողան, Մարգար Էսաեան եւ Կարապետ Փայլան եւս կատարեցին իրենց երդումը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Բ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը քար լռութիւն պահելով անտարբերութենէ աւելի կու տայ վերապահութեան, նոյնիսկ անհանգստութեան մը ազդանշանը:
Կարսեցի գրող Իսա Եըլմազ վերլուծեց Կարսի պատմական յուշարձաններու այժմու կացութիւնը։ Ան նշեց, թէ քաղաքը իր պատմական միջավայրով անգտանելի գանձ մըն է շարժարուեստի ու գրականութեան տեսակէտէ, սակայն դժբախտաբար անոնք բարձիթողի վիճակի մէջ կը գտնուին այժմ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը կազմակերպէ հրապարակային դասախօսութիւն մը՝ հանրութեան ներկայացնելու համար Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումները։ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը նոր հորիզոններու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց» ձեռնարկին ժամանակ հրապարակային դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ ականաւոր պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ։
Արցախի մէջ գտնուող Գանձասարի վանքին կից պիտի կառուցուի մատենադարան մը, պետական պիւտճէով։ Շինութիւնը, ուր պիտի պահպանուին հին հայկական ձեռագիրներն ու մատեանները, 2004 թուականին կառուցուած էր որպէս հոգեւոր դպրատուն։
Քրիս Պոհչալեան իր գործերով կը գրաւէ գրասէրներու ուշադրութիւնը:
Մեծ եղեռնի մասին պատմող այս վէպը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:
Սփիւռքահայ յայտնի երաժիշտ ու երգիչ Յարութ Փամպուքճեան, որ յայտնի է Ձախ Յարութ անունով ալ, իր ծննդեան 65-ամեակին առթիւ, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտական արուեստը ներկայացնելու իմաստով ունեցած նշանակալից աւանդին համար պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի յուշամետայլով։
Խաղաղ ցուցարարները Երեւանի մէջ ենթարկուեցան ոստիկանութեան բռնութեան:
«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները կը պահանջեն, որ զեղչուի ելեկտրականութեան սակագինը:
Յունիս 7-ի երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքին ձեւաւորուած խորհրդարանը այսօր կը ձեռնարկէ իր աշխատանքներուն։ 550 երեսփոխաններ, որոնց կարգին նաեւ երեք հայ երեսփոխաններ, երդման արարողութեամբ պիտի սկսին իրենց աշխատանքին։ Անոնց առաջին գործը պիտի ըլլայ ընտրել խորհրդարանի նախագահը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Պուլկարիոյ Հայոց Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Վառնայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան, Վեհափառ Հայրապետի յանձնարարութեամբ։
Ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան զոհերը վերջերս սրբադասուած էին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ եւ այս շրջագծով պատրաստուած էր նաեւ սրբանկար մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, նահատակաց այս սրբապատկերը զետեղուած էր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, որպէսզի հաւատացեալները բերեն իրենց խոնարհումը եւ աղօթքը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ նշանաւոր լուսանկարիչներուն դրուագները ժամանակի ընթացքին արդարանալով իսկապէս անմահացուցած են համաշխարհային բազում յայտնի դէմքերը:
Երեւանի մէջ Վահան Քոչարի ջանքերով բացուած ցուցահանդէսը եզակի պատուհան մըն է նշանաւորներու կերպարը նորովի ընկալելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Լաֆոնթէնի առակները ծանօթ են շատերուն։ Անոնցմէ մէկուն մէջ կը պատմուի մահամերձ ագարակապանի մը պատմութիւնը։
