Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց «Մարդու իրաւունքներու վիճակը 2014» խորագրեալ իր տարեկան զեկոյցը, ուր երկիր առ երկիր առանձին զեկոյցներով ներկայացուած են մարդկային իրաւունքներու առկայ իրավիճակը։
Պալըքլըի յունական հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Տիմիթրի Քարաեանի կնքեց իր մահկանացուն՝ 90-ամեայ հասակին։ Համայնքէ ներս խնդրայարոյց դէմք մըն էր Քարաեանի, որ 24 տարիէ ի վեր ընտրութիւն չէր կազմակերպեր 1991-էն ի վեր ղեկավարած այդ կառոյցէն ներս։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան զօրակցութեան իրերայաջորդ ծրագրերը:
«Սուրիահայ մշկաոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուած:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախարարները հեռաձայնային տեսակցութեան ընթացքին շօշափեցին Սուրիոյ հիւսիսի վերջին իրադարձութիւնները։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սպիտակ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը՝ Մինսք։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցութիւն կը բերէ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շինիչ պատգամներ:
«Ցուցարարներն ու իրաւապահները կարողացան ձեւաւորել փոխադարձ վստահութիւն»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան նշանակուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ առաջնորդ, ազատուելով Արթիկի թեմակալ առաջնորդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնի պաշտօններէն։
Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զանազան ծրագրերով միշտ կը խրախուսէ համայնքին նոր սերունդը:
Կրթաթոշակառու բազմատասնեակ համալսարանականները շաբաթավերջին հիւրընկալուեցան տարեվերջի առթիւ կազմակերպուած անմիջական հաւաքոյթով մը:
Կեդրոնականի 2014-2015 տարեշրջանի հունձքը ոգեւոր ապրումներով հրաժեշտ առաւ վարժարանէն:
Գումգաբուի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած շրջանաւարտութեան հանդէսը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Երեւանի մէջ Մատենադարանի մօտ ի պահ դրուած արժէքները նոր կեանք կը գտնեն վերականգնման բաժնի յամառ նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ:
Օտար մասնագէտներու մասնակցութեամբ տարուած աշխատանքներու արդիւնքին այս պահուն գրեթէ չկան ձեռագրեր, որոնք կարիք ունին հրատապ նորոգութեան:
Շուտով պիտի սկսի Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 12-րդ շարժանկարի փառատօնը։ Այս առթիւ Երեւանի մէջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։ «Ոսկէ ծիրան»ի միջազգային կապերու բաժնի ղեկավար Տաթեւիկ Մանուկեան այս առթիւ յայտնեց, թէ փառատօնը այս տարի յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ հայ շարժարուեստի վարպետներուն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Զ
Եթէ Հայ Եկեղեցին պիտի գործէ որպէս մէկ մարմին՝ ապա եկեղեցապատկան կալուածներու պարագային իրաւունքներ հետապնդելու ժամանակ պէտք չէ անտեսուի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մի՛շտ կը խօսի մեզի հետ, բայց քիչեր կ՚անդրադառնան այդ աստուածային խօսքին եւ քիչեր կը լսեն զԱյն։ Երանի՜ այն «քիչ»երուն՝ որ կ՚անդրադառնան Աստուծոյ խօսքին ու կը լսեն զայն։
Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտները, որոնք նախընթաց օր ստացած էին իրենց վկայականները, երէկ իրիկուն խրախճանքով մը նշեցին իրենց ուսումնական կեանքի յաջող աւարտը։
Էսաեան վարժարանի երբեմնի տնօրէնուհի Հերմինէ Գալուստեան, որ ուսուցչական պաշտօն վարած է նաեւ Կալաթասարայի վարժարանին մէջ, երէկ ոգեկոչուեցաւ իր խումբ մը սաներու այցելութեամբ։
Վագըֆներու ընդհանուր խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Տքթ. Թորոս Ալճանի ատենապետութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութեանց համայնքներէ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժողովը։
Հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեան, որ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբին հետ ձեռնարկած է «Լոյս ի լուսոյ» կոչուած համերգաշարի մը, Անիի աւերակներուն եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համերգներէն վերջ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի վախճանման կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հռոմի Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Ե
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը սկսած է խօսիլ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին եւ յղումներ ընել Լոզանի դաշնագրին:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը չէ, որ կը բացայայտեմ: Հաւանաբար այս տողերը շատերուն տափակ «հնութիւններ» թուին կամ ըլլան: Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, թէ կ՚ապրինք 21-րդ դար, որ տակաւին իր քառորդին չհասած՝ արդէն մեզի ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ եւ կամ ճանչցնել՝ տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը եւ նոյնիսկ՝ պատերազմն ու կոտորածը:


