Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած Պրիւք­սէ­լի վեր­ջին զգա­յա­ցունց յար­ձակ­ման ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հրա­պա­րա­կեց շատ կա­րե­ւոր տուեալ­ներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ այ­սօր Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­իլ Ճա­նե­լի­ծէ եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դու­արդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, ուր Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս առ­թիւ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Հունգարիայէն եւ Քուէյթէն պատուիրակութիւններ հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը մտահոգութիւն յայտնեց ծայրայեղական ուժերու թշնամանք սերմանելու ջանքերուն շուրջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս զգայացունց իրերայաջորդ իրադարձութիւններ, որոնք հանրային կարծիքին մօտ ծնունդ կու տան հարցականներու։
Տ. Արիս Արքեպիսկոպոս Շիրվանեան հրաժարեցաւ։
Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան Տնօրէն ժողովին կողմէ նշանակուեցաւ՝ դիւանապետ ու միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Պէ­յօղ­լուի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն Օք­սէն Խա­չա­նեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի են­թար­կուի վի­րա­հա­տու­թեան։ Ըստ իր ըն­տա­նի­քին կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Օք­սէն Խա­չա­նեան վեր­ջին օ­րե­րուն ան­ցած է բժշկա­կան հեր­թա­կան քննու­թե­նէ՝ Շիշ­լիի «Էթ­ֆալ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցած է իր դար­մա­նու­մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ տօ­նե­ցին Ս. Զատ­կի մօ­տա­լուտ գա­լուս­տը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րը լիու­լի ապ­րե­ցան Ս. Զատ­կի շրջա­նի ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։ Դպրո­ցի ա­ւան­դա­պահ ըն­տա­նիք­նե­րը այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պե­ցին փա­ռա­տօն մը, որ ու­նէր ճոխ յայ­տա­գիր։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թավ­րա­յի։ Թա­ղա­կան­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քեր­վան­ճեան։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Յ. ՀԵԼ­ՎԱ­ՃԵԱՆ

Ծնած եմ տխուր եւ ան­բախտ տա­րի մը, Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, զրկե­լով մայրս Աս­տուա­ծած­նի նուի­րուած պա­տա­րա­գէն: Ե­թէ աղ­ջիկ ծնէի, ան­պայ­ման Մա­րիամ ա­նու­նը պի­տի ստա­նա­յի: Ծնած թուա­կանս կը զու­գա­դի­պէր Աս­տուա­ծած­նայ տօ­նին.- 17 Օ­գոս­տոս, 1958:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ ա­ռիթ ու­նե­ցած է Ե­րե­ւա­նի մէջ Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տան գրա­սե­նեա­կի բա­ցու­մին ա­ռի­թով անդ­րա­դառ­նա­լու «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» հիմ­նադ­րա­մին եւ ա­նոր ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ծրագ­րե­րուն: «Ո­ւի­քի­մե­տիա Հա­յաս­տա­ն» գի­տակր­թա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը հիմ­նուած է 2013 թուա­կա­նին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով խթա­նել ուի­քի նա­խա­գի­ծե­րու տա­րա­ծումն ու զար­գա­ցու­մը՝ հա­յաշ­խար­հի մէջ եւ ընդ­հա­նրաց­նել ա­զատ գի­տե­լի­քի գա­ղա­փա­րը։ Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ զա­նա­զան նա­խա­գի­ծեր, ո­րոնց­մէ յա­ռա­ջա­տարն է «Ո­ւի­քի­փե­տիա Հա­յաս­տա­ն­»ը:

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, փի­լիպ­պե­ցի­նե­րուն ուղ­ղուած իր նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ. «Մենք, սա­կայն, եր­կին­քի քա­ղա­քա­ցի­ներ ենք եւ հոն­կէ՛ կը սպա­սենք որ գայ մեր Փրկի­չը՝ Տէր Յի­սուս Քրիս­տոս, որ մեր մահ­կա­նա­ցու մար­մին­նե­րը պի­տի կեր­պա­րա­նա­փո­խէ եւ իր մար­մի­նին պէս փա­ռա­ւոր դարձ­նէ իր զօ­րու­թեամ­բը, ո­րով կրնայ ա­մէն ինչ իր իշ­խա­նու­թեան են­թար­կել» (ՓԻ­ԼԻՊ. Գ 20-21)։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​«Վեր­ջա­բան»ով մը սկսինք. մեր այ­սօ­րուան խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։
«Վեր­ջա­բան»ը, ի­րա­կա­նին, Պետ­րոս Դու­րեա­նին մէկ քա­ռեա­կին վեր­նա­գիրն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մէն ներս Նի­սի տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կուի։ Թէեւ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի վեր­ջին ջան­քե­րուն շնոր­հիւ կան յոյ­սի նշոյլ­ներ, սա­կայն գործնա­կան ար­դիւն­քը կը բա­ցա­կա­յի։ Առ­կայ վի­ճա­կին մէջ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ»ի սիւ­նակ­նե­րուն յայտ­նուե­ցաւ Նի­սէն Նու­պար Սե­րով­բեա­նի յօ­դուա­ծը, զոր կ՚ար­տատ­պենք յա­պա­ւում­նե­րով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

​Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լսումներ՝ նոր ընտրական օրէնսգրքին կապակցութեամբ:
Նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան անդրադարձաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկներուն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ պե­տա­կան բարձր պար­գեւ­ներ յանձ­նեց «Փիւ­նիկ» մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րու զար­գաց­ման հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր մարմ­նի եւ հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, նաեւ շարք մը ան­հատ բա­րե­րար­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հաք­քեա­րիի եւ Մար­տի­նի մէջ պատ­ճառ դար­ձաւ անվ­տան­գու­թեան հինգ պաշ­տօ­նեա­նե­րու նա­հա­տակ­ման։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա։ Այս առ­թիւ ան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րէ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէյ­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Պրիւքսէլի մէջ երէկ պատահած երեք սաստիկ պայթումներուն հետեւանքով 34 հոգի մահացաւ, 187 վիրաւոր:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կապ հաստատեց Ֆիլիփ թագաւորին հետ: Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ ցաւակցեցաւ Պելժիոյ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016

Christian Dior նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է նոր կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէ­նը, որ նուի­րուած է La Rose des Ventes զար­դե­րու հա­ւա­քա­ծո­յի նոր շար­քի թո­ղարկ­ման:

Էջեր