Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քը եւ ամ­բողջ բնու­թիւ­նը գու­նա­ւոր է, ա­ւե­լի ճիշդ՝ գոյնզ­գո՛յն է. բայց տի­րա­կա­նը սեւն ու ճեր­մա՛կն է, քա­նի որ կեան­քը եւ բնու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու վրայ հաս­տա­տուած ի­րո­ղու­թիւն­ներ են՝ ո­րոնց գո­յա­պահ­պա­նու­մը եւ գո­յա­տե­ւու­մը կա­խում ու­նի այդ հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րուն ներ­դաշ­նա­կու­թե­նէն։ Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­նե՜ր. մու­թը եւ լու­սա­ւո­րը, բա­րին եւ չա­րը, ցե­րե­կը եւ գի­շե­րը, սէ­րը եւ ա­տե­լու­թիւ­նը, յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ ձա­խո­ղու­թիւ­նը, եւ տա­կա­ւին ի՜նչ հա­կադ­րու­թիւն­ներ չե՞ն որ կը տի­րեն մարդ­կա­յին կեան­քին եւ բնու­թեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ, ո­րու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը խոր ցաւ եւ յու­զում պատ­ճա­ռած է մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին, ե­րէկ վեր­յի­շուե­ցաւ իր մա­հուան քա­ռաս­նից լրման առ­թիւ։ Ող­բա­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ ո­գե­կո­չուե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Պէզճեան Մայր վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Թաւ­րի­զի Հայ հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիին մէջ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի, կա­տա­րուե­ցաւ միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­մառ­նա­յին դա­սըն­թաց­քի եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­սու­թիւ­նը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը դէ­պի Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա ձեռ­նար­կած իր ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով Մոն­րէա­լի մէջ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի Ան­թի­լիա­սին վե­րա­դար­ձուե­լու պա­հան­ջով բա­ցուած դա­տին շուրջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած տօնակատարութիւններ՝ բացառիկ հրճուանքով:
Փարիզի քաղաքապետ Իտալկօ եւս մասնակից Երեւանի մէջ ստեղծուած խանդավառութեան:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Թուր­քիա շա­բա­թա­վեր­ջին խոր ցաւ եւ յու­զում ապ­րե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քի մը հե­տե­ւան­քով։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Հաք­քեա­րիի Շեմ­տին­լի գա­ւա­ռա­կէն հա­սած լու­րե­րը սու­գի մատ­նե­ցին եր­կի­րը։ Այս­պէս, ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Շեմ­տին­լիի մէջ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց ոս­տի­կան զօ­րաց պա­հա­կա­կէ­տին վրայ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ հնգօրեայ ծրագրով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին արդէն երրորդ անգամ կը տեսակցին վերջին երկու ամսուան ընթացքին:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի մէջ վերջին շրջաններուն ե­ղած քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րը կը մատ­նեն, որ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գը դրուած է բա­ւա­կան «ու­ժեղ կրակ»ի մը վրայ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մեր ըմբռ­նու­մով, մաս­նա­գի­տու­թիւննե­րը կ­­՚ըլ­լան ար­հես­տա­վարժ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ՝ ինչ­պի­սին են բժշկու­թիւ­նը, երկ­րա­չա­փու­թիւ­նը, ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը եւ այլն։ 21-րդ դա­րու ճար­տա­րա­րուես­տի ա­րագ թա­ւա­լու­մին մէջ սա­կայն, կար­ծես մաս­նա­գի­տու­թիւն­ներ կը բուս­նին քիչ մը ա­մէն տեղ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ, կեան­քի ըն­թաց­քին, բնա­կա­նա­բար կը դի­մա­ւո­րուի զա­նա­զան ան­ձե­րու հետ, այ­սինքն զա­նա­զան բնա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հետ։ Մարդ քա­նի որ կ՚ապ­րի հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կեանք, ու­րեմն պար­տա­ւոր է հան­դուր­ժե­լու այդ տար­բեր բնա­ւո­րու­թեան տէր մար­դոց, ու­զէ կամ չու­զէ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Օ­րերս Գո­հար Գա­լուս­տեա­նի գրած նա­մա­կը կը ցնցէր հայ­րե­նի լրա­տուա­կան դաշ­տը: Գո­հար կը պատ­մէր, իր զա­ւակ­նե­րուն եւ ա­մուս­նոյն վի­րա­ւոր­ման դէպ­քին ու ա­նոնց անմ­խի­թար վի­ճա­կին մա­սին: Հա­լէ­պի «Զուարթ­նոց» ե­կե­ղե­ցիին մօտ ե­ղող Գա­լուս­տեան­նե­րու տու­նը թի­րախ դար­ձած էր ան­ցեալ Ուր­բաթ օր տե­ղի ու­նե­ցած ծանր հրթի­ռա­րձ­ակում­նե­րուն: Ըստ Գո­հա­րին, ըն­տա­նի­քը հրաշ­քով փրկուած էր ու ա­նոր եր­կու ե­րա­խա­նե­րը տան փուլ ե­կած ա­ռաս­տա­ղի սա­լիկ­նե­րուն տակ մնա­լէ ետք հրաշ­քով փրկուած էին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Երեւանի մէջ սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային չորրորդ փառատօնը:
Բացման հանդիսաւոր երեկոյթին յաջող համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Երիտասարդական նուագախումբը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­զա­կի հա­մերգ մը, ո­րու ծրագ­րին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ նաեւ պոլ­սա­հայ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ այս նա­խագ­ծին մաս­նա­կից ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­գա­հան-ե­րա­ժիշտ ու եր­գիչ Տա­նիէլ Տե­քէր, որ ինք­զին­քը կո­չու­մով հայ կը հա­մա­րէ, այս հա­մեր­գին շրջագ­ծով ա­ռա­ջին ան­գամ հան­դէս պի­տի գայ ամ­բող­ջո­վին հա­յե­րէն եր­գա­ցան­կով մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016, Շա­բաթ օր, Սրբոց Թարգ­ման­չաց Վար­դա­պե­տաց յի­շա­տա­կի օրն է։ Մեծ եւ նոյն­քան կա­րե­ւոր տօն մըն է, քա­նի որ երբ կը գրուի այս տո­ղե­րը, եւ այս տո­ղե­րու նման բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­ներ, իւ­րա­քան­չիւր գրիչ որ կը շար­ժի հա­յե­րէն տող մը գրե­լու հա­մար, կը պար­տի այս օ­րուան՝ Հայ նշա­նագ­րե­րու գիւ­տին եւ Թարգ­մա­նիչ վար­դա­պետ­նե­րուն, ո­րոնք իս­կա­պէս «հրա՛շք» մը գոր­ծե­ցին եւ մշա­կոյթ մը ստեղ­ծե­ցին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպիսկոպոս Չիֆթ­ճեան մեկ­ն­­ե­ցաւ Դա­րա­շամբ, Ճուլ­ֆա քա­ղա­քը, հե­տե­ւե­լու Ս. Ստե­փա­նոս վան­­քի տա­ճա­րի վե­րա­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Հար­ցազ­րոյ­ց՝ Ս. Ա.

-Ի՞նչ ի­րա­վի­ճակ կը տի­րէ այժմ Հա­լէ­պի մէջ:
-Հա­լէպ կ­­՚ապ­րի կեն­ցա­ղա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին շատ ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ:
Բնակ­չու­թիւ­նը զրկուած է ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քէ, ջու­րի մա­տա­կա­րա­րու­մէ եւ այլ կեն­ցա­ղա­յին հիմ­նա­կան պա­հանջ­նե­րէ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 8, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Քուէյ­թի նո­րան­շա­նակ դես­պան Նաուաֆ Ապ­տիւ­լա­զիզ Ապ­տուլ­լահ Էլ Է­նէ­զը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց միջ­պե­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցու­մը, ո­րու հա­մար գո­յու­թիւն ու­նին բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը։

Էջեր