Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցականաց համագումար-ժողովը այս Չորեքշաբթի պաշտօնի պիտի կոչէ տեղապահ մը՝ փոթորկալից իրադարձութիւններէ վերջ:
Եթէ մեր համայնքը պատուով, բաց ճակատով դուրս գայ այս պատասխանատու փուլէն, ապա լուրջ պատնէշ մը յաղթահարած պիտի ըլլայ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղը վերջերս ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպեց՝ լիբանանահայ հանգուցեալ յօրինող Պօղոս Ճելալեանի համար։ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն համար իր նպաստը բերած էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
Եաշար Տողուի յիշատակին կազմակերպուած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքի ծիրէն ներս, Իսթանպուլի մէջ շաբաթավերջին արծաթէ մետայլ մը նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Նարեկ Սիրունեան։ 45-րդ անգամ կազմակերպուած այս միջազգային մրցաշարքին մէջ ան պայքար մղեց 65 քիլօկրամի դասաւորման մէջ։
Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան անդամ շարք մը երկիրներու միջեւ խոր տարակարծութեան մթնոլորտ:
Գերմանիոյ իշխանութիւնները կը մտածեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ետ կանչել իրենց զինուորները:
Լեռնային Ղարաբաղի մարդու իրաւանց պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան վերջերս յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ պլոքըր Ալեքսանտր Լափշինի հարցին շուրջ։ Այս վերջինը թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ Իսրայէլի քաղաքացի է։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Պետրոս Տէր-Մաթոսեան վերջերս արժանացած է պատուաբեր մրցանակի մը։ Այսպէս, պատմաբան Տոց. Պետրոս Տէր-Մաթոսեանի կողմէ հեղինակուած գիրք մը վերջերս արժանացած է պարգեւի մը՝ որպէս լաւագոյն գործ։
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս երէկ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Օրուան տեւողութեան ան բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, նաեւ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս ամսավերջին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Հայաստան եւ Արցախ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Պէտք է փորձենք շարունակել բանակցութիւններու համար համապատասխան պայմաններ ստեղծելու գործընթացը»:
Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի երէկուան կարեւոր ժողովը:
Էրտողանի եւ Փութինի Մոսկուայի տեսակցութեան ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային հարցեր:
Երէկ երեկոյեան «Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի Հարպիյէի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը՝ ի պատիւ փորձառու ճարտարապետ Նշան Եաղուպեանի։ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը հանդիսացաւ պատեհ առիթ մը՝ արժեւորելու համար երէց սերունդի հեղինակաւոր վարպետներէն Նշան Եաղուպեանի վաստակը։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Քինօ քոնկ» կարճաժամկէտ ժապաւէններու խմբակին կողմէ կազմակերպուած էր երեկոյթ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան զանազան կարճաժամկէտ գործեր։
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին նախատեսուած ժողովներուն վրայ, որոնք պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին պիտի ունենան անկիւնադարձային նշանակութիւն։ Երկուշաբթի նախատեսուած է Կրօնական ժողովի նիստը, իսկ Չորեքշաբթի Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցականաց համագումար, որ պիտի ընտրէ պատրիարքական տեղապահը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վերջին իրադարձութիւններուն:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Իրողութիւն է, որ արուեստագէտները որքան վաւերական ըլլան, այնքան դժուար կ՚ըլլայ անոնց հետ ապրիլը, որովհետեւ արուեստագէտը ի՛ր օրէնքով, բնազդով ապրող էակ մըն է, որ շատ յաճախ բախումներ կ՚ունենայ իր շրջապատին, նոյնիսկ ինքն իրեն հետ: Սակայն յաճախ իսկական եւ մնայուն սէրն է, որ կիները կը կապէ այդպիսի արուեստագէտներու, այս պարագային՝ երաժիշտ-երգիչներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պերճաշուք կեանք մը ապրելու յոյսով իր հայրենի տունը լքո՛ղ եւ անկէ հեռացող երիտասարդի մը պատմութիւնն է ասիկա։ Մէկը, որ իր ունեցածէն աւելին կը փափաքի ունենալ, մէկը՝ որ անյագ է եւ չի՛ բաւարարուիր իր ունեցածով, միշտ աւելիին կը ձգտի, բայց ի վերջոյ յուսախաբ՝ կը վերադառնայ դարձեալ իր հայրենի տունը. ահաւասիկ պատմութիւն մը, որ յաճախ կը կրկնուի մարդկային կեանքին մէջ՝ տարբեր տեսարաններով, տարբեր ձեւերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակին համար յաճախ կ՚ըսուի, թէ անոր ամենէն յատկանշական առաւելութիւնն է իր բանականութիւնը՝ նկատմամբ բոլոր միւս ապրող էակներուն։ Ան ունի նաեւ «կամք» մը, որ կը գործածէ իր բանականութեանը շնորհիւ, եւ այս ալ կարեւոր առաւելութիւն մըն է ուրիշ էակներու բաղդատմամբ։
Թիֆլիզի «Ռետիսըն պլու»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի զոհերու յիշատակին նուիրուած երեկոյ:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ այսօր ստորագրուած հրամանագրի մը հիման վրայ՝ Մոսկուայի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Վարդան Տողանեան։
Ըստ «Ռէօյթըրզ»ի, Հայաստան 2018-էն սկսեալ պիտի ակնկալէ տնտեսական աճ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը նախատեսէ կանոնաւոր կառուցուածքային բարեփոխումներ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին շփումներ կ՚ունենան Պաքուի մէջ, ուր կը տեսակցին Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։