Արխիւ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ժա­մա­նակ գոր­ծըն­թա­ցը կը կո­չուէր՝ 5+1 ձե­ւա­չափ. 5-ը՝ ԱՄՆ-ը, Ռու­սաս­տա­նը, Թուր­քիան, Ատր­պէյ­ճա­նը, Հա­յաս­տա­նը, գու­մա­րած Մինս­քեան խմբա­կի խորհր­դա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ղե­կա­վարն էր ի­տա­լա­ցի դիւ­ա­նա­գէտ՝ Մար­լէն Ռա­ֆա­յէլ, եւ այս շրջա­նակ­նե­րուն մէջ տա­րուած բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան: Այդ շրջա­նի Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար դի­ւա­նա­գէտ՝ Հիք­մէթ Չե­թին այ­ցե­լեց Մոս­կուա, հան­դի­պե­ցաւ ռուս բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ եւ կա­րե­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ ձեռք բե­րուե­ցան:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց գա­նա­տա­հայ ուխ­տա­ւոր­ներ։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գա­նա­տա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Աբ­գար Եպսկ. Յո­վա­կի­մեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ուխ­տա­ւոր­նե­րը կ՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան՝ ան­կա­խու­թեան 25-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ եր­կու ար­ժէ­քա­ւոր ա­նուն­ներ՝ Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճու եւ Կա­րօ Ա­կօ­շեան։ Մօտ օ­րէն Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը պի­տի նշէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ ե­րեք յո­բե­լեան­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը այս շա­բա­վեր­ջին ժա­մադ­րուած են Սա­մա­թիոյ մէջ, ուր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2016-2017 շրջա­նի ա­ռա­ջին մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը։ Սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու թա­ղի Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­մի­րը, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար Հեր­ման Կիւր­ճեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­սակ­ցե­ցաւ Նար­լը­գա­բուի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վազ­գէն Վար­դա­նօղ­լուի եւ իր ըն­կեր­նե­րուն հետ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Լին­տա Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տած է իր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը։ Ան Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան բա­րե­համ­բաւ գեր­դաս­տա­նի մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րէն մին է։ Նա­խակր­թու­թիւ­նը ստա­ցած է Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­պա յա­ճա­խած՝ Սեն Մի­շել ֆրան­սա­կան լի­կէո­նը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քը՝ որ կ՚ապ­րինք, նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու եւ վեր­ջա­պէս ան­գութ մա­հուան դէմ պայ­քա՛ր մըն է։ Այս ի­մաս­տով կեան­քը մա­հուան պատ­րաս­տու­թեան մէջ եր­կունք մըն է։ Եւ թե­րեւս շատ տա­րօ­րի­նակ պի­տի թուի, բայց կեան­քը կ՚ապ­րի մարդ՝ մեռ­նե­լու հա­մար։ Ու­րեմն կեան­քը եր­կո՛ւնք մըն է…։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը ներ­կա­յիս ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տու­թեամբ հա­մա­կած է հա­մայն հա­յու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րը կը ջեր­մաց­նեն ան­կո­ղինս, կ­­՚արթնց­նեն զիս: «Ար­դեօք ժա­մը քա­նի՞ է», կը մտա­ծեմ ու ժա­մա­ցոյ­ցիս նա­յե­լով կը ցատ­կեմ տե­ղէս: Ար­դէն ժա­մը տասն է, ինչ­պէ՞ս քնա­ցած եմ այս­քան: Մայրս ալ, ինչ­պէս միշտ, չ­­՚արթնց­ներ. բայց ո­րո­շած եմ ե­կե­ղե­ցի եր­թալ: Օ­րը Ուր­բաթ է, Զօ­րա­վար Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Սուրբ Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի, ուր ընդ­հան­րա­պէս կը հա­մախմ­բուին սու­րիա­հա­յե­րը: Պէտք է ել­լեմ ու պատ­րաս­տուիմ, ար­դէն ու­շա­ցած եմ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

-Այս քսան­հինգ տա­րուան ըն­թաց­քին ի՞նչ քայ­լե­րու կրնար դի­մել Հա­յաս­տան, Հա­յաս­տան-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նոր ծիր մը բա­նա­լու, եւ փո­խա­րէ­նը ի՞նչ կրնար ը­նել Թուր­քիան՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ վեր­ջին յի­սուն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին թրքա­հա­յե­րը այս­քան ի­րա­ւունք չեն ստա­ցած, որ­քան Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ա­ռաջ­նոր­դած ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան իշ­խա­նու­թեան գա­լէն ի վեր:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, որ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կը գտնուի Նիւ Եոր­քի մէջ, տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան Ճօ Պայ­տը­նը հիւ­րըն­կա­լեց իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ տօնակատարութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Մենք չենք փոխած մեր ազատութիւնը պաշտպանելու վճռականութիւնը»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի յոբելեանին առթիւ տեսակցութիւն՝ «Ազգ»ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանի հետ:
«Մարդկանց կը թուի, որ իրենք եթէ պատերազմի հերոս են, ուրեմն կրնան նաեւ ղեկավարել։ Այս մտայնութիւնը տակաւին չէ փոխուած»:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի գլխա­ւոր յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին է ա­նոր «միու­թիւ­նը»ը։ Ուս­տի «միու­թիւն» ը­սե­լով կը հասկ­նանք այն՝ թէ ու­նի մէ՛կ գլխա­ւոր նպա­տակ՝ որ ա­նոր գրե­թէ իւ­րա­քան­չիւր է­ջին վրայ կը տես­նուի սկիզ­բէն մին­չեւ վեր­ջը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016

ԳԵՐՅ. Հ. ՅՈՎ­ՍԷՓ Ծ. Վ. ԹՈ­ՓԱ­ԼԵԱՆ

Ար­հի. Գերպծ. Տ. Յով­հան­նէս Ար­քեպս. Չո­լա­քեա­նի յա­ւեր­ժա­կան եր­թին ա­ռի­թով (1919-2016)

Կա՛ց, Գե­րա­պայ­ծառ Տէր,
կա՛ց, Ար­հիա­պա­տիւ Հայր...:
Ո՛չ իսկ լուր մը տուիր Քու մեկ­նու­միդ...:

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

30 Ապ­րիլ 1911 թուա­կիր Հայ Մա­մու­լի մէջ կը հան­դի­պինք հե­տաքրք­րա­կան հա­տուած­նե­րու՝ ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նենք մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն՝ բաղ­դա­տե­լու եզր մը՝ ան­ցեա­լի դէպ­քե­րը եւ ներ­կան։ Ուս­տի, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, ներ­կան լաւ հասկ­նա­լու հա­մար, պէտք է ա­տեն ա­տեն նա­յիլ ան­ցեա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան նախ­կին բազ­մա­մեայ վի­ճա­կա­ւոր Ար­հիա­պա­տիւ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին մա­հը մեծ ցաւ ստեղ­ծած է պոլ­սա­հայ կեան­քէն ներս։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ իր հօ­տը հովուած Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ կը վեր­յի­շուի իր մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով եւ իր հա­րուստ կեն­սագ­րու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին առ­թիւ զրու­ցե­ցինք յայտ­նի լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր, վեր­լու­ծա­բան եւ «Ա­նի» ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Թա­թուլ Յա­կո­բեա­նի հետ։ Ստո­րեւ մը ներ­կա­յաց­նենք այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն:
Էրտողան. «Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը ու կը շարունակէ աշխատիլ՝ այդ երկրէն ներս թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղծման նպատակով։ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը քաջալերէ այն ուժերը, որոնք Իրաքի մէջ կը ձգտին ահաբեկիչներէն ազատագրել Մուսուլ քաղաքը»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հանրապետական մաղթանք՝ Երեւանի մէջ:
«Միայն հզօր պետութիւնով մը կրնանք սատարել սփիւռքի հայապահպանման ջանքերուն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Էջեր