Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Թեհրանի մէջ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը արձանագրեց լուրջ յաջողութիւն:
Աշխարհի բազում երկիրներէն Երեւան մեկնած ժողովականները կը վերադառնան բարձր տրամադրութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ամենէն բախտորոշ պահերէն մին է՝ վերջին գիշերուան մութին մէջ ապրած պահերը, ուր մարդկային չարութիւնը եւ աստուածային բարութիւնը պայքարի մէջ էին։ Ահաւո՜ր պահ մըն էր, որ կ՚ապրէր Յիսուս այդ վայրկեանին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին յատուկ կարգ մը սահմանած է մայրացող կանանց օրհնութեան համար:
Սուրբ Կոյս Մարիամի կերպարը վառ արտայայտուած է մեր եկեղեցական տօնացոյցին մէջ, ուր կան Աստուածածնին ընծայուած եօթ տօներ:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակելու Ֆրանսիսքոս Սրբազան Քահանայապետին որոշումը, որ հրապարակուեցաւ Փետրուարի 21-ին, ողջունուեցաւ եւ լայն արձագանգի արժանացաւ ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ համայն քրիստոնեայ հանրութեան կողմէ, որ հայազգի մեծ խորհրդական աստուածաբան Սուրբի սրբակրօն վարքին ու սրբադ&s
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Մեռելոցին առթիւ երէկ հոգեհանգստեան ընդհանուր կարգ տեղի ունեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։ Ընդհանուր հոգեհանգիստին հանդիսապետեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Գալֆաեան Տան մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ լուսանկարչութեան դասընթացք մը, որուն խանդավառ մասնակցութիւն բերին դպրոցի բարձրագոյն երեք դասարաններու աշակերտները։ Լուսանկարչական հիմնարկի վարչայիններէն Թայլան Պաղճը այս առթիւ այցելեց վարժարան եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ արտադրական աշխատանք տարաւ աշակերտներուն հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան Ս. Զատկի տօնակատարութիւններուն ընթացքին տեղեկացուց, թէ Պատրիարքական Աթոռը ինչ կարգադրութիւններ նախատեսած է յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին համար, մինչ համայն աշխարհի հայութիւնը պիտի նշէ 2015-ի տարելիցը։
Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Սուրբ Էմիածնի Մայր Տաճարին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ համայն հայութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Տիրոջ Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեսկ. Աթէշեան հանդիսապետեց Գումգաբուի արարողութիւններուն:
Սուրբ Զատկի աւանդական ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղփառաց Տիեզերական Պատրիարքը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վաղը երեկոյեան մեր երաժշտական աշխարհի արժէքաւոր անուններէն սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Էլմատաղի Նոթրը Տամ Տը Սիոն ֆրանսական լիսէի դահլիճին մէջ։ «Ծովափներէն տպաւորութիւններ» խորագրեալ այս երաժշտահանդէսը նախատեսուած է թատերական շանի ձեւաչափին մէջ, տաւիղի նուագահանդէսով հանդերձ։
ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած քննարկումներու շարքով ձեւաւորուեցաւ ապագայ Հայաստանի ուրուականը:
Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման հեռանկարներուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ:
Երեւանի մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համաժողովին շրջագծով տեղի ունեցան նաեւ շարք մը պարգեւատրումներ։ Այս շրջագծով յատկանշական էր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ծրագրերու գծով տնօրէնուհի Անիթա Անսէրեանի պարգեւատրուիլը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ մասնակցեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկին։ Համերգի ընթացքին ան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 88-րդ համագումարը աւարտին հասաւ Երեւանի մէջ:
Պերճ Սեդրակեան. «Մեր աշխատանքները ուղղուած են հզօր հայրենիքի մը կերտման նպատակին»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մա՛րդ չ՚ուզեր խօսիլ մահուան մասին, բայց ինչպէ՞ս չխօսուի անոր մասին, երբ գրեթէ ամէն օր կը դիմաւորուի մահուան իրողութեան հիտ՝ երբեմն իր մերձաւորին, երբեմն սրտակից բարեկամի մը, եւ երբեմն ալ բոլորովին անծանօթ մէկու մը միջոցով՝ թերթի մը կամ հեռատեսիլի մը լուրին մէջէն։ Անշուշտ մարդուս հակազդեցութիւնը տարբեր կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր մահուան լուրին նկատմամբ, ամէն մահ նոյն ազդեցութեամբ չի տպաւորեր, մերձաւորի մը, հեռաւորի մը կամ բոլորովին անծանօթի մը մահը տարբեր է մարդուս համար։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թեհրան, ուր պիտի հիւրընկալուի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոս իր ամբողջ կեանքով եւ մանաւանդ իր կեանքին վերջին եօթնեակին ցոյց տուաւ, թէ անմահութիւնը միայն «մահէն ազատ ըլլալ»ու հոգեկան գոյավիճակ մը չէ՛։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին իր զանգերու զուարթ ղօղանջով կ՚ազդարարէ տօնական աւետիսը:
Տաղաւարի ցնծութեամբ համակուած աշխարհացրիւ հայութիւնը կը սպասէ իր հայրապետին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամին:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
Անգամ մը եւս մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին։ Դատարկ Սուրբ Գերեզմանէն աւանդուած Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան աւետիսը այս տարի եւս կու գայ պարուրել մեզ, ու զգացնել՝ իր հրաշագործ զօրութիւնը։