Արխիւ
Ուքրայնոյ Մելիթոփոլ քաղաքին մէջ ծագած հրաձգութեան մը հետեւանքով զոհուեցան հայ մը եւ վրացի մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զոհերու անուններն են՝ Սարգիս Պաղտասարեան եւ Զուրապ Օնանիզի։
Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Արքայազն ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկ աւարտեց դէպի Երեւան պաշտօնական այցելութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Ռուսաստանի կազի ընկերութեան «Կազփրոմ»ի վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլեր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Իրաքէ ներս Մուսուլի գործողութիւններուն առընչութեամբ ու շեշտեց, որ եթէ Թուրքիոյ դէմ սպառնալիք մը յառաջանայ, ապա երկիրը իր բոլոր հնարաւորութիւնները շարժման պիտի անցընէ, ներառեալ ցամաքային գործողութեան մը վարկածը։ Ան որպէս օրինակ ցոյց տուաւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ առնուած քայլերը։
Միջնորդները համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան այցելելէ վերջ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի բայձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ:
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն երկխօսութեան 5-րդ ժողովը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց աստուածաբանական բնոյթով նիւթերու արծարծման՝ Սուրբ Հոգւոյ բխման շուրջ:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր պիտի ունենայ իր պատուոյ աստղը՝ Հոլիվուտի «Փառքի ծառուղի»ին մէջ։
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը, առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով, թէ՛ կըրտ-սեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ շաբաթ համերգով մը հանդէս պիտի գայ Պէյրութի մէջ։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է «Համազգային»ի Լիբանանի մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ամէն շարժում, որ տեղափոխութիւն կ՚ենթադրէ ունի իր ճամբան, ծովու ձուկը, ցամաքային ճամբորդութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ օդայինը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն Վեր. Յ. Մսըրլեանի խօսած քարոզը՝ Ֆրէզնոյի Հայ Պանդխտաց Ժողովական եկեղեցին՝ 5 Յուլիս, 1953 թուականին։
Ուրբաթ, Հոկտեմբերի 28-ին, Կլենտէյլի մէջ, Գալիֆորնիա, տեղի պիտի ունենայ Զեփիւռ Ճերահեանի անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը, Հայկական արուեստներու ցուցասրահին մէջ։ Զեփիւռ Ճերահեանի սոյն ցուցահանդէսը նուիրուած է գաղթականական տագնապին, գաղթականներու ոդիսականին, յատկապէս՝ Սուրիոյ տագնապի լոյսին տակ։
Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք առնուեցաւ հսկողութեան տակ՝ ահաբեկչութեան հարցաքննութեան շրջագծով։ Նոյնպէս ձերբակալուեցաւ նաեւ համաքաղաքապետ Ֆըրաթ Անլը։
Արդարադատութեան նախարար Պե-քիր Պոզտաղ ներկայիս կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այս ուղեւորութեան հիմ-նական նպատակն է ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ԱՄՆ-ի կողմէ Թուրքիոյ արտայանձնման ապահովուիլը։ Ծանօթ է, որ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ յաչս Ուաշինկթընի Անգարա ահազանգ կը հնչեցնէ եւ յամառօրէն կը պահանջէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումը։
Ազգային մեծ ժողովը երէկ ընդունեց որոշում մը, որու հիման վրայ Յուլիսի 15-ը հռչակուեցաւ պաշտօնական արձակուրդ։ Խորհրդարանէն ներս երէկ հաւանութեան արժանացած նախագծով՝ 15 Յուլիսը յետ այսու պիտի նշուի որպէս ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր։
Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ 2018-ի Եւրոպայի ֆութսալի ախոյենութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր յառաջիկայ տարուան Յունուարի 31-ին համերգով մը հանդէս պիտի գայ Սպանիոյ մայրաքաղաքը՝ Մատրիտի մէջ։
Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդունած է Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էւա Վրայլան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ բարձր արարողակարգով հիւրընկալեց Մալթայի Ինքնիշխան Մարտական Ուխտի Արքայազն ու Մեծ Վարպետ Ֆրա Մեթիու Ֆեսթինկը, որ պետական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։
Բակօ Սահակեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Ըստ Իկոր Փոփովի, Ստեփանակերտի ղեկավարութեան հետ շօշափուեցան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները: