Արխիւ
Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան խորհրդանիշը (մասքոթ) ընտրուեցաւ գայլը:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան կարեւոր տեսակցութիւնը:
Նալպանտեան եւ Էյրօ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Էրտողան եւ Օպամա նախընթաց օր հեռաձայնի վրայ զրուցեցին ժամ մը քսանհինգ վայրկեան:
Երկու նախագահները համակարծիք են տարածքաշրջանը ահաբեկչական կազմակերպութիւններէ մաքրագործելու ուղղութեամբ:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 109-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը կ՚ողջունէ տարեդարձ մը եւս՝ արդէն իր գոյութեան երկրորդ հարիւրամեակին մէջ։ Որպէս հայ աշխարհի հնագոյն օրաթերթը, որ կը հրատարակուի անընդհատ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձները կ՚ունենան արտասովոր նշանակութիւն։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Նարեկացի» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսթանպուլահայ համայնքային զանազան հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրոցներու ծնողաց միութեանց անդամուհիներուն հաւաքը։ Սա 2016-2017 շրջանի առաջին հանդիպումն էր նման ձեւաչափով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ, 26 Հոկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի օր կայացած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովի որոշման մասին, նոյն օրը զեկոյց մը հրապարակուած էր Համագումար Ժողովի դիւանի կողմէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս խանդավառ հանդէսով մը նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը։ Գիրերու գիւտի 1611-րդ տարեդարձին առթիւ դպրոցէն ներս կեանքի կոչուեցաւ ծրագիր մը, որուն շնորհիւ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից վարչական շէնքի «Ակումբ»էն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը։ Հոգաբարձութեան հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշի ջանքերով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որու շրջագծով կոկիկ թիւով հետաքրքիրներու համար ներկայացուեցաւ «Արարատ եւ Անի» խորագրեալ ժապաւէնը, որ այս տարի միջազգային փառատօնի մը դափնեկիրներու շարքին մաս կազմած էր։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, նախագահութեամբ՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «Յատուկ թեքստ մը պիտի պատրաստենք յառաջիկայ շրջանին։ Հոգեւորականաց համագումարի զեկոյցն ալ պիտի կցենք այդ մէկուն եւ պետութեան մօտ դիմում պիտի կատարենք։
Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցական ընդհանուր համագումար ժողովը երէկ պատմական նիստ մը գումարելով պաշտօնապէս թափուր հռչակեց գահը:
Որոշուեցաւ դիմել պետութեան՝ խնդրելով արտօնութիւն, որպէսզի նո՛ր, ազգընտիր գահակալի մը ընտրութիւնը կատարուի, ըստ ընկալեալ աւանդական կանոններուն:
Աթոռոյս Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար ժողովը, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ 14 Հոկտեմբեր 2016 թուականի, ՃԼԱ. նիստի որոշմամբ եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի հրաւէրով կայացաւ 26 Հոկտեմբեր 2016 Չորեքշաբթի օր, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, Նորին Սրբազնութեան նախագահութեամբ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մա՛մ, գալ շաբաթ չեմ ուզեր երթալ այս գործունէութեան: Օտար մարդիկ եկան այսօր, անոնք բարձրախօսով ու քամերայով սկսան նկարել ու պատերազմի մասին հարցումներ հարցնել. ես բան մը չըսի, չուզեցի յիշել այդ օրերը, բայց ընկերներս մէկիկ-մէկիկ սկսան պատմել իրենց ապրած պատերազմական դէպքերուն մասին,- դողալով կ՚ըսէ Արան մօր, որու ձեռքը այնքան ամուր կը սեղմէ, որ միայն սարսափահար մէկը այդպէս կ՚ընէ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի շարժանկարային սրահներուն մէջ մեծ պաստառներուն «Կեանք ու կռիւ» շարժանկարը կը ցուցադրուի: Մէկ ամիսէն աւելի է, որ ցուցադրութեան իջած է այս շարժանկարը, եւ տակաւին ցուցադրութիւնը կ՚ընթանայ լեցուն դահլիճներու մէջ, հանդիսատեսին հետաքրքրութիւնը չէ պակսած այս գործին հանդէպ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր ներանձնական կեանքը անհրաժե՛շտ է աղօթքի համար։ Արդարեւ աղօթքը սուրբ հայրերու կողմէ համարուած եւ ընդունուած է «հոգեւոր ներանձնական կեանք»ի առանցք։ Մարդկային կեանքի մէջ՝ ամէն մէկ ճգնութիւն, ամէն մէկ առաքինութիւն ունի վերջնական նպատակ մը՝ որ է Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան հաստատումը, Աստուծոյ հետ միաւորումը. իսկ աղօթքը ուղղակի՛ հոգիի անձնական հանդիպումն է Աստուծոյ հետ։
Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» հանրապետական հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Էռնեսթ Վարդերեսեանի նախաձեռնութեամբ Ալմաթըի մէջ կազմակերպուեցաւ հայկական մշակոյթի երեկոյ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին:
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ 20-ամեայ հայ զինուոր մը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի զինուորներէն Գուրգէն Այվազեան երէկ յետմիջօրէի ժամերուն զոհուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Փարիզի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այցելութիւնը կը կրէ աշխատանքային բնոյթ։
Եկեղեցականաց համագումարով թրքահայութեան առջեւ ուրուագծուած է ընտրութեան հորիզոնը:
Շուրջ ութ տարուան սպասողական պղտոր ժամանակաշրջանէ մը վերջ Գումգաբուի մէջ առնուեցաւ արմատական քայլ մը, որու հիման վրայ Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար գոյացած են անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Միացեալ Նահանգներ ճամբորդութենէն վերադարձին յաչս պատկան իշխանութիւններուն դիմում պիտի ներկայացուի՝ սպասելով Ներքին գործոց նախարարութեան տնօրինութեան:
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարանի աշակերտները հսկողութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհի Նետա Պարսամեանի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարօղլուի, այցելեցին Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ տեղադրուած Կոմիտաս Վարդապետին յուշարձանը։
